Փայլանը Յայտարարած է, Որ Պատրաստ է Պատասխանատւութիւն Ստանձնելու Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար

Աշխարհ, Հայաստան

Քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութենէն (ԺԴԿ-HDP) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ մամուլի ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր շրջափուլի մեկնարկին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայալոչելով T24.com.tr-ը։

Անոր կարծիքով՝ քաղաքական կամքի եւ ցանկութեան առկայութեան պարագային Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ աւելի արագ տեղի ունենալ, քան կ՝ակնկալուի։

Փայլանը յայտարարած է, որ այդ գործընթացին մէջ ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ազրպէյճանի քաղաքական գործիչները պէտք է պատասխանատւութիւն ստանձնեն։ Շեշտած է, որ ինքը՝ իբրեւ Թուրքիոյ պատգամաւոր, նոյնպէս պատրաստ է ստանձնելու ցանկացած պատասխանատւութիւն։

Պատգամաւորը խիստ կարեւոր եւ պատմական որակած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Հայաստանի ԱԳՆ-ի յայտարարութիւնները։ Ան ընդգծած է յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհային քարտէզի վրայ աշխատելու կարեւորութիւնը։

Փայլանը նշած է, որ երկու ժողովուրդներու եւ երկու պետութիւններու միջեւ առկայ նախապաշարմունքները շատ դիւրութեամբ կրնան վերանալ, քանի որ երկու ժողովուրդները ապրած են միասին հարիւրաւոր տարիներ։

Անոր գնահատմամբ՝ կարեւոր քայլ է այն, որ ե՛ւ Հայաստանի օդանաւային ընկերութիւնը, ե՛ւ Թուրքիոյ օդանաւային ընկերութիւնները ուղիղ չուերթներ պիտի սկսին իրականացնել։

«Կը կարծեմ, որ անոր պէտք է անպայման յաջորդէ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը։ Ատոր համար ալ անհրաժեշտ է, որ անպայման բացուի սահմանը»,- ընդգծած է Փայլանը եւ աւելցուցած, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պէտք է հաստատուին, փոխադարձ դեսպանութիւններ բացուին եւ դեսպաններ նշանակուին։