Երեսուն Տարի Վերջ Յոյսերու Վերանկախացումէն եւ Տարի Մը Վերջ Յոյսեր Փլուզած Պարտութենէն. (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Երբեմն պարտուիլ: Տիրապետուիլ երբեք:

Ալֆրէտ տը Վինեի, ֆրանսացի բանաստեղծ, ԺԹ․ դար

            Թագաժահրի պարտադիր ներկայութեան հետ հաշտուեցանք: Ժամանակին հետ քայլ պահելով, թութակաբար կրկնեցինք «Քովիտ», «կորանավիրուս»: Այլեւս լրատուամիջոցներու ամէն օր հաղորդած մահերու թիւերը դարձած են բնական: Չենք ցնցուիր: Կը լսենք, այդքա՛ն: Գտնուինք Հայաստան, թէ՝ այլ երկինքներու տակ:

2020 թուականի հայ-ատրպէյճանական պատերազմն ալ, իր զոհերով եւ այլ կորուստներով, կը դիտենք որպէս ի միջի այլոց իրադարձութիւն մը, կարծէք հազարաւոր մահերը, հաշմանդամները, Արցախի 75%ի կորուստը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներէն ներս անարգել կրկնուող թուրք-ազերի ոտնձգութիւնները եւ զինուորներու հատիկ հատիկ մահերը (սպանութիւնները) ճանապարհային վթարներու արժէքով կը յիշուին, եւ կեանքը կը շարունակուի:

            Պատերազմ կորսնցուցինք, պարտուեցանք: Նախայարձակին գործած չարիքը եւ անոր հետեւանքով մեր կորուստները կարծէք արձանագրած ենք նպարավաճառի շահ-վնասի տոմարին մէջ: Դեռ կորուստներ պիտի ունենանք «գրաւոր թէ բանաւոր պայմանաւորուածութիւններու» հետեւանքով, այսինքն՝ պիտի ընդունինք յաղթականի տիքթաթներու գործադրութեամբ՝ տիրապետուիլ:

            Ո՛չ միայն տիրապետուիլ:

            Հայաստանի «Իրաւունք» թերթի 14/12/2021 համարի կայքի էջին վրայ գտնուող Գէորգ Գէորգեանի յօդուածի խորագիրն էր. «Ազդակ Անկարայից, Դուք, հայերդ, 1915 թուականի թրքական սուրի վրայ մնացած միսի մնացորդներ էք, ձեզ վերջնականապէս պէտք է ոչնչացնել: Ռեճէպ Էրտողան»:

            Թշնամիին միտումը յստակ է: Պղտորութիւն են մեր թափահարումները, միամտութիւնները, սիրողականի քաղաքական խաղերը: Պարզ չէ՞, որ թշնամին կը հետապնդէ մեր պարտութենէն եւ տիրապետութենէն անդին նայող նպատակ: Առանց աչքի կապանքներու կարդալ Էրտողանի խօսքը, որ մեր պարտութեան վերջակէտը ըլլալու կոչուած է: Մեր վերջակէտը:

            Ինչ որ ալ ըլլան այսօրուն եւ վաղուան իրաւ-կեղծ խոստումները եւ մեր դիմագրաւած դառն իրականութիւնները, անոնք հանգրուանային են:

            Մանրիկ փառասիրութիւնները մոռնալով, կրկին եւ կրկին պէտք է կարդալ ֆրանսացի բանաստեղծին խիտ խօսքը: Ան մտածելու եւ հասկնալու պէտք է մղէ հայ քաղաքական գործիչները, բոլոր հայերը, անոնք ուր ալ գտնուին, որ պարտութենէն ետք տիրապետուիլ վերջնական փլուզում է:

            Այսօ՛ր, մեր 3+10 միլիոնը Ալֆրէտ տը Վինեի բանաստեղծին խօսքին անսալով ոտքի պիտի կանգնի, կը կանգնի՞, եւ ըսէ. «Երբեմն պարտուիլ: Տիրապետուիլ երբեք»: Կամ ընդունիլ Էրտողանի սուրին վճիռը: 3+10 միլիոնը դատարկուա՞ծ է իր ինքնութեան հպարտութենէն, հռոմէացիներու վիրթուսէն, խեղդուա՞ծ է համաշխարհայնացման եւ սպառողական քաղաքակրթութեան երջանկութեան տիղմին մէջ:

            Ճիշդ է, որ իրականութիւնը ցոյց տուաւ, որ առանձին ենք, իրաւ դաշնակից չունինք:

            Պատմութենէն չսորվեցանք, որ ոչ ոք մեզի համար մէկ փամփուշտ պիտի արձակէ: Այս պատճառով ալ յուսախաբութիւնները գումարեցինք, անգամ մը նայեցանք ետ կամ առաջ, ուրիշ անգամ ձախ կամ աջ: Եւ տեւաբար գտնուեցանք ժամանակակից գրող Փաոլօ  Քոէլհոյի նկարագրած կացութեան մէջ. «Աւելի քան անօթութիւնը, ծարաւը, գործազրկութիւնը, սիրոյ տառապանքը, պարտութեան յուսահատութիւնը, բոլորէն յոռեգոյնը, զգալ է՝ որ ոչ ոք, աշխարհի մէջ բացարձակապէս ոչ ոք, մեզմով կը հետաքրքրուի»:

            Բայց ինչո՞ւ կ’ուզենք որ մեզմով հետաքրքրուին, երբ մենք կը հետաքրքրուինք միայն մեր եսերով, փառասիրութիւններով, ընչաքաղցութեամբ, միշտ եզակի, անոնցմէ վեր բարձրանալով չենք լսած եւ չենք լսեր մեր ճակատագրի մեկնաբան բանաստեղծին խօսքը, պատգամը. «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: Թէեւ, բարձրախօսներու առջեւ կրկնած ենք եւ կը կրկնենք այդ պատգամը՝ ուրիշներու համար, իսկ մենք կը շարունակենք մեր աթոռամարտերը եւ աքլորակռիւները: Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:

            Եւ չենք փորձած, յաջողելու համար չենք փորձած, 3+10 միլիոնը ՄԷԿի վերածել, թաղայինէ եւ համայնքայինէ բարձրանալ ԱԶԳի, չենք ունեցած վեհութիւն՝ իրաւ արժէքներու գնահատումով ազգի առաջնորդութիւն ստեղծելու, տրուած ենք զիրար խծբծելու խաղին, եւ որքան պզտիկ եղած ենք, այնքան աւելի սիրած ենք այդ խծբծանքի խաղը, հուսկ հասնելու համար անհաշտելի մերժումներու: Հետեւանքը այն եղած է, որ նաւապետը ծով նետած ենք եւ մի ոմն նաւազ կանգնեցուցած ղեկին առջեւ: Միշտ՝ ներսը եւ դուրսը:

            Այսօր թրքական նուագով թարանթելլա պիտի պարենք:

            Ո՞ր հրաշքով, Ս. Հոգիի ո՞ր միջամտութեամբ, Թուրքիան հարիւր ութսուն աստիճանի դիմաշրջում կ’ունենայ այսօր եւ Հայաստանի հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններու աւետաբեր աղաւնի կը դառնայ: Թուրքիան միշտ ժխտած է հայկական ցեղասպանութեան իրականութիւնը: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ մշակելէ առաջ, տարրական ողջմտութիւնը պիտի թելադրէր, որ մենք մեզի հարց տայինք, թէ ի՞նչ կը թաքցնէ այս դիմաշրջումը: Եւ ինչո՞ւ առանց նուազագոյն ապահովութեան, առանց անթացուպի, կը մտնենք խաղի մը մէջ, որուն օրէնքները մենք չենք մշակած, որոնց ալֆան եւ օմեկան մեզի ծանօթ չեն: Անոնք թրքական ուղղակի կամ անուղղակի տիքթաթներ են: Թեր կամ դէմ ըլլալէ առաջ, պէտք է գիտնանք թէ ո՞ւր կ’երթանք, աւելի ճիշդ՝ ո՞ւր կ’ուզեն տանիլ մեր պարտուած-ընկճուած ղեկավարութիւնը, եւ անոր խարխափումներուն յանձնուած հետեւող ժողովուրդը:

            Թուրք-ազերի միացեալ ճակատը այնքա՜ն տկարացուցած է Հայաստանը, որ հիմա դիւանագիտական յարաբերութիւններ ստեղծելով, ճանապարհները բանալով, տնտեսական բարելաւման յոյս ներշնչելով, ժողովուրդին պիտի մոռցնել տայ կորուստներու դառնութիւնը, զայն առաջնորդելով մեր դարու յատուկ լաւ ապրելու իրաւունքի եւ յոյսի ճամբաներով, որպէսզի Արեւելահայաստան կոչուած հողակտորն ալ մտնէ համաթրքական  առեւտրատնտեսական խաղին մէջ, ուր Հայաստանը ժամանակ մը մանր դերակատար պիտի ըլլայ, ամբողջովին կուլ երթալէ առաջ:

            Հայաստան քանի մը անգամ խօսուեցաւ եւ գրուեցաւ վիլայէթ ըլլալու վտանգի մասին: Ինչպէ՞ս կ’իրականանայ այդ ընթացքը: Թուրք-ազերի աքցանին մէջ բռնուած, տնտեսական եւ հաղորդակցական յարաբերութիւններու զարգացումը, փոքր քայլերով ներխուժման հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ, թուրքեր եւ ազերիներ պիտի գան Հայաստան, համրանքի ճնշումը, գումարուած անմիջականօրէն տեսանելի եւ «ցանկալի» տնտեսական ճնշման վրայ, նոր կացութիւն պիտի ստեղծէ: Հետեւանքնե՞րը՝ ինչ կը վերաբերի ազգի, հայրենիքի, պետութեան: Կամաւոր կոյրերը չեն տեսներ պարզուող իրականութիւնները:

            Ճիշդ է: Պարտուելով յաղթել միամիտներուն խօսող բաժակաճառ է:

            Մեր ժողովուրդը, ներսը եւ դուրսը, վերականգնում իրականացնելու յանդգնութեամբ եւ յանձնառութեամբ, պէտք է ըսէ, որ իշխանութիւնները, ղեկավարութիւնները, էսթէպլիշմընթները պարտուեցան, բայց ո՛չ ժողովուրդը ինք: Այս կ’ըլլայ ճահճացումէ դուրս գալու միտող յեղափոխութեամբ:

            Պարտութիւնը վերջնական կ’ըլլայ, եթէ զանգուածները մնան ընդարմացման վիճակի մէջ:

            Զանգուածներու վերականգնումի յեղափոխութեան առաջնորդող խօսքը պիտի ըսէ հոգեհարազատ մտաւորականութիւնը, որ թութակաբան չէ, որ չէ բանտուած հին կամ նոր էսթէպլիշմընթներու ցանցին մէջ:

Այսօր պահն է խփելու մեխի գլխուն, փոխանակ մեխի գլխուն ինչպէ՞ս, ե՞րբ, խփելու վերլուծումներ ընելով զանգուած քնացնելու:

Մեր ժողովուրդը իր ճակատագրին տիրութիւն ընելով, պիտի ըսէ՞ որ ինք չէ պարտուած եւ նուիրուի ճշմարիտ ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ եւ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ստեղծելու:

            Ողջախոհութիւնը կ’ըսէ, որ ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ եւ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ստեղծելու եւ վերականգնում իրականացնելու անկարող եւ անատակ եղած են էսթէպլիշմընթները, ուրիշներ այդ պիտի չընեն մեր փոխարէն:

            Ո՛չ թէ ափարաչիքները, դիւանակալները, կրկին եւ կրկին պէտք է ըսել, որ պէտք է լսել հոգեհարազատ մտաւորականութիւնը, որ ազգի գոյատեւման երաշխաւորն է, պատգամողը: Իսկ արժանաւորները լսել եւ անոնց հետեւիլ՝ յեղափոխութեան, վերականգնումի եւ պարտութիւնը մերժելու հերոսութեան սկիզբն է:

Որպէս հիմնական սկզբունք պէտք է յայտարարել, որ իշխանութիւնները պարտուած են, ո՛չ ժողովուրդը, եւ մտնել գոյապայքարի ասպարէզ:

            Ի հարկին՝ ընել tabula rasa, բանիւ եւ գործով, որպէսզի տոկանք եւ մեծնանք: