Նեմրութ Լերան Սրբավայրի Լուսանկարը Տեղ Գտած է 2021թ․ Պատմական Լաւագոյն Լուսանկարներու Շարքին

Աշխարհ, Էրկիր

Այժմեան Թուրքիոյ Ատըեաման նահանգին մէջ գտնուող Նեմրութ լերան վրայ Կոմմագենէի Անտիոքոս Ա Երուանդունի թագաւորի (ՔԱ 69 – 34) կառուցած դամբարանաբլուր-սրբավայրին մէջ ձմրան ընթացքին նկարուած լուսանկարը տեղ գտած է տարուան լաւագոյն 40 պատմական լուսանկարներու շարքին մէջ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Նկարին հեղինակը քիւրտ լուսանկարիչ Մեհմէտ Մասում Սիւերն է։ Ան «Տարուան պատմական լուսանար 2021» միջազգային մրցոյթին մասնակցած է 26 լուսանկարներով, որոնք նկարուած են Տիարպեքիրի, Ուրֆայի, Ատըեամանի, Վանի եւ Հասանքէյֆի մէջ։

Միջազգային մրցոյթի ժիւրիին ուշադրութիւնը, սակայն, գրաած է Նեմրութ լերան վրայ 2015-ին նկարուած լուսանկարը, որն ալ անցած է եզրափակիչ։