Լա Հէյի Ատեանի Որոշումը Եւ Երեւանէն Հնչող Ձայներ… («Հայրենիք»)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հայաստան-Արցախի դիմագրաւած ծանօթ տագնապներուն եւ անոնց դիմագրաւումին ուղղութեամբ առնուած քայլերուն հետեւող հայը պատճառներ ունի շուարումի մատնուելու: Ան մէկ կողմէ որոշ գոհունակութիւն կ’ապրի, իմանալով, որ ի վերջոյ, Ատրպէյճանի թշնամական եւ աղէտալի արարքներուն դէմ Հայաստանի որդեգրած հակաքայլերը սկսած են շօշափելի արդիւնք ցոյց տալ, սակայն միւս կողմէ, Երեւանի իշխանաւորներուն կարգ մը արտայայտութիւնները ի յայտ կը բերեն, որ նոյն այդ իշխանաւորները կ’ապրին տարբեր բեւեռներու մէջ, բանիւ եւ գործով կը հակասեն իրենք զիրենք, եւ բացայայտ ձախաւերութիւններուն համար… իրենցմէ դուրս յանցաւորներ կը փնտռեն:

Փաստօրէն, ինչպէ՞ս կարելի է հաշտեցնել մէկ կողմէ՝ Լա Հէյի (Հոլանտա) Միջազգային Ատեանին (Մ.Ա.Կ.ի միջազգային դատարանը) ուղղութեամբ որդեգրուած քայլերն ու Ատրպէյճանը ամբաստանեալի աթոռին նստեցնելու արդար ճիգերը, իսկ միւս կողմէ, Ատրպէյճանի կողմէ գերի բռնուած հայ զինուորներն ու պատանդները վարկաբեկելու իրականութիւնը…

Անկախ անկէ, թէ որքա՞ն լուրջ եւ գործնական արդիւնք կրնայ տալ, մինչեւ ո՞ւր կրնայ հասնիլ Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի բողոքը՝ կը կարօտի երկար քննարկումի եւ բազմապիսի մեկնաբանութիւններու: Անմիջականօրէն, չենք կրնար անտեսել, որ Հայաստանի ներկայացուցիչներն ու մարդկային իրաւանց յանձնախումբերու ճամբով գործող հայորդիներ հետեւողական ձեւով գործի լծուեցան եւ պատրաստեցին հաստափոր թղթածրար մը, բացատրելու եւ բացայայտելու համար, որ Պաքու որքա՛ն դաժան եւ անմարդկային, մշակութակործան կացութիւն ստեղծած է ռազմաճակատներէն շատ հեռու, մինչեւ իսկ ընկերային, մշակութային եւ կրթական գետիններու վրայ: Բողոքի թղթածրարը ամբողջացուած էր  քանի մը ամիս առաջ, պաշտօնապէս մեղադրելով  Ալիեւի իշխանութիւնը, ի շարս շատ բաներու՝ ցեղային խտրականութեան վերացման միջազգային համաձայնագիրը չյարգելու եւ չկիրարկելու յանցանքով:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններով, Լա Հէյի դատարանին ներկայացուեցան բազմաթիւ փաստարկումներ, ապացոյցեր եւ տեսանիւթեր, որոնք ընկերային ցանցերու վրայ սփռուած ու տարածուած էին նոյնինքն ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ, այսինքն՝ գործուած աւերին ու ոճիրին խոստովանութիւնը եկած էր ազերիներէն:

Արձանագրենք «մանր մանրամասնութիւն» մը: Ատրպէյճանի բանակը, նոյեմբերեան զինադուլէն ետք, Դեկտեմբեր 2020-ին Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերուն մօտ հայ զինուորներ գերեվարած էր  եւ պարզ էր, թէ այդ երկու գիւղերը եւ շրջապատող տարածքը ներառուած չէին  այն տարածքներուն մէջ, որոնցմէ հայկական զօրքերը պէտք էր հեռանային:

Սեպտեմբեր 16-ին, Մ.Ա.Կ.-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին ներկայացուեցաւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան դէմ Հայաստանի այս բողոքը, որուն պատասխանը շատ չուշացաւ եւ եկաւ քանի մը օր առաջ:

Եթէ լրջօրէն գործադրուին Լա Հէյի պարտադրած օրէնքները, յստակ է, թէ արցախեան պատերազմի ընթացքին կամ անոր պատճառով գերութեան մէջ յայտնուած անձերու անվտանգութիւնը պէտք է պաշտպանէ Պաքուն, յարգելով միջազգային օրէնքն կանոնները:

Աւելի քան տարիէ մը ի վեր աղաղակող փաստ է, որ քանդումներ ու սրբապղծումներ կը շարունակուին հայկական բռնագրաւեալ հողերուն վրայ: Եկեղեցիներ քանդուած են կամ այլափոխուած, կոթողներ քարուքանդ եղած են, սակայն միջազգային դատարանը կը բաւականանայ յստակօրէն շեշտելով, թէ Ատրպէյճան պէտք է ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումները` կանխելու եւ պատժելու վայրագութեան եւ պղծման բոլոր գործողութիւնները, որոնք կատարուած են հայկական մշակութային ժառանգութեան՝ եկեղեցիներու եւ պաշտամունքի այլ վայրերու, յուշարձաններու, բնութեան վայրերու, գերեզմաններու եւ այլ կոթողներու հանդէպ: Բացայայտ է, որ հողի գրաւման եւ այդ հողին վրայ արձանագրուած մարդկային եւ նիւթական հսկայական կորուստներուն բաժինը առայժմ անտեսուած է: Այսուհանդերձ, պահ մը կարելի է եղածը յառաջդիմութիւն համարել եւ ակնկալել, որ ԲՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐն ալ նկատի առնուին, մանաւանդ տեղ մը սկսի անոր իրագործումը:

Պաքուի մէջ պատերազմական աւարի պուրակի մասին յատուկ մատնանշում չկայ: Հայաստանի բողոքին ներկայացումէն ետք, ըսուեցաւ, որ անիկա փակուած է, սակայն Լա Հէյի դատարանը յստակօրէն կոչ կ՛ուղղէ Պաքուի, որ միջոցներ ձեռնարկէ հայերու նկատմամբ ցեղային ատելութեան տարածումը կանխելու, ի հարկին գործի լծելով պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներն ու բարձր պաշտօն վարող անձնաւորութիւնները:

Եթէ Լա Հէյի դատարանին որոշումը, մինչեւ իսկ իր մասնակի ( հողի, մարդկային եւ նիւթական կորուստը, պատերազմին ահաբեկիչներու մասնակցութիւնն ու պատերազմական բազմաթիւ ոճիրներ չեն ընդգրկուած) եւ առաւելաբար զգացական երեւոյթ ունեցող արտայայտութեամբ որոշ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ, անդին, նոյնինքն Երեւանի մէջ, կառավարութեան ղեկին նստողին ու  Հ.Հ. Ազգային Ժողովէն ներս իշխանական խմբակի ներկայացուցիչներուն հրապարակային արտայայտութիւնները առնուազն խոտոր կը համեմատին այս գիծին. մասնաւորաբար գերիներու առնչութեամբ կատարուած անտեղի եւ անյարիր յայտարարութիւնները  մտահոգութիւն կը պատճառեն, յատկապէս զայրացնելով գերիներուն ընտանեկան պարագաներն ու առ հասարակ հայորդին: Յերիւրանք կամ զրպարտութիւն չեն այն, որ ազերիական յարձակումներուն դէմ չկրակելու, բազմաթիւ կարեւոր դիրքերէ նահանջելու եւ զանոնք բանաւոր համաձայնութեամբ ազերիներուն յանձնելու հրահանգ տուած եւ նման «հերոսութիւններով» յոխորտացող վարչապետը կը սկսի խօսիլ գերիները դատի կանչելու, դասալիքները պատժելու ոճով: Իսկ խորհրդարանի նախագահը, առանց բառերը ծամծմելու կը յայտարարէ, որ գերիներու հարցը փակուած կը նկատէ, յետոյ ալ կը փորձէ արդարացումներ եւ հիմնաւորումներ փնտռել նման կեցուածքի համար…: Այս իմաստակները չե՞ն անդրադառնար, որ այս մտածողութիւնը կը հակադրուի Լա ՀԷյի մէջ առնուած մանր դրական քայլերուն եւ կը բթացնէ զանոնք:

Նման բաներու գիտակցումը, գիտե՛նք, կը կարօտի քաղաքական հասունութեան, շրջահայեացութեան, բայց մանաւանդ Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու ունակութեան: Նման հեռանկարներ կարելի չէ հետապնդել եւ իրականացնել լոկ… «սահմանազատում», «ապաշրջափակում» եւ «փոխընտրանքային ճամբաներ» հետապնդելով: