Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ Կեդրոնի Հիմնարկէք

Սփիւռք

Համայնքին մօտաւորապէս տասնամեակի մը ջանքերուն արգասիքը հանդիսացող՝ Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Կեդրոնի հիմնարկէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 4 Դեկտեմբերին, մասնակցութեամբ համայնքային գործիչներու, տեղական քաղաքական գործիչներու եւ համակիրներու։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Յիշեցնենք, որ 2013ին, համայնքին եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փօլ Քորեցի, Էրիք Կարսեթիի (ներկայիս՝ քաղաքապետ) եւ Փօլ Գրիգորեանի եւ այլոց աջակցութեամբ՝ քաղաքապետական խորհուրդը (միաձայնութեամբ) նախնական հաւանութիւն տուած էր քաղաքին կողմէ չօգտագործուող կառոյցներէն՝ հրշէջներու թիւ 83 կայանը (5000 քառակուսի ոտք), 30 տարիով Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ մշակութային հիմնարկութեան յանձնելու որոշումին, որ վերջնականացաւ կողմերուն միջեւ 2 Դեկտեմբերին ստորագրուած համաձայնութեամբ։

Երկարատեւ այս արշաւին իրականացման նպաստած անձնաւորութիւններուն մեծ մասը ներկայ էին 4 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած հիմնարկէքի արարողութեան, որ վերածուեցաւ տօնակատարութեան մը, որովհետեւ անոր շնորհիւ, համայնքը պիտի ունենայ իր գործունէութիւնը յառաջ տանելու եւ տարբեր ձեւի հաւաքներ իրականացնելու համար անհրաժեշտ տարածք մը։

Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Կարսեթիի կողքին, արարողութեան ներկայ էին նաեւ այս նախաձեռնութիւնը ջատագոված քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Քորեց եւ Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ճեսի Կապրիէլ, Լոս Անճելըս գաւառի կալաուածներու արժէւորող Ճեֆ Փրենկ եւ Լոս Անճելըսի ընդհանուր սպասարկութիւններու բաժանմունքի վարիչ Թոնի Ռոյսթըր եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Հենրի Սթըրն։

Սքաթ Էյպրըմզ ամերիկեան դրօշակը կը յանձնէ Կարօ Քամարեանին

Քոնկրեսական Պրետ Շըրմընը ներկայացուց անոր շրջանային գրասենեակի վարիչ Սթաք Էյպրըմզ, որ այս առիթով Հայ կեդրոնին յանձնեց Քոնկրեսին վրայ ծածանած ամերիկեան դրօշակ մը։ Դրօշակը ստանձնած Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ մշակութային հիմնարկութեան ատենապետ Կարօ Քամարեան շնորհակալութիւն յայտնելով՝ վստահեցուց, որ դրօշակը կեդրոնին վրայ պիտի սկսի ծածանիլ, երբ շինարարական աշխատանքները ընթացք առնեն եւ դրօշակի ձող մը հաստատուի։

Հիմնարկէքի արարողութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտներուն առաջնորդութեամբ տեղի ունեցած դրօշակի արարողութեամբ։

Արարողութեան հանդիսավարն էր Քորեցի գրասենեկի հանրային ապահովութեան եւ յատուկ առաքելութիւններու վարիչ Կրեկ Մարթայեան, որ կեդրոնին օրհնութեան աղօթքը կատարելու հրաւիրեց այդ օր քաղաքէն դուրս գտնուող Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը ներկայացնող Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւր հովիւ Ռազմիկ Ծ. վրդ. Խաչատուրեանը։ 

Ճեֆ Փրենկ

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւն բերին նաեւ ՀՄԸՄի, Համազգայինի, ՀՕՄի եւ ՀԵԴի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեան եւ Սրբոց Նահատակաց Մարի Գապայեան նախակրթարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան, Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի վարիչ Վեհիկ Գաբրիէլեան, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Վահէ Պէնլեան եւ վեթերաններու համայնքի ղեկավար Խաչիկ Երէցեան։

Նախաձեռնութիւնը ողջունող եւ համայնքը շնորահաւորող խօսք արտասանեց ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Քարմէն Օհանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս աշխատանքին նեցուկ կանգնած քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն։

Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ մշակութային հիմնարկութեան ատենապետ Աւետիք Իզմիրլեան շեշտեց, թէ կազմակերպութիւնը միշտ իր առաջնահերթ գործերէն մէկը նկատած է Հայ կեդրոններու հաստատումը եւ անոնց գործունէութեան սահուն ընթացքի ապահովումը, որպէսզի ապագայ հայ սերունդները իրենց աշխատանքը աւելի հեզասահօրէն իրականացնեն։

Ճեսի Կապրիէ

Քամարեան եւս շեշտեց, թէ Հայ կեդրոնը կենսական դերակատարութիւն պիտի ունենայ հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան մէջ եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Լոս Անճելըս քաղաքի զանազան բաժանմունքներու աշխատակազմերուն, որոնք մեծապէս նպաստեցին այս նպատակի իրականացման։

Աւարտին, բահերով օժտուած ղեկավարներուն մասնակցութեամբ՝ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական հիմնարկէքը, մինչ ամբողջ արարղութեան հետեւեցան շրջանի լրատուամիջողները։

Արարողութեան աւարտին, «Ֆերահեան»ի մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին, Ճորճ Քալփճեան նորոգութեան ծախսերուն համար 5000 տոլար նուիրեց։  

Ներկաներէն մաս մը