Պէտք է Ահազանգենք, որ Ցեղասպանութեան Վտանգը Չէ Վերացած, Թուրքիան Կը Մնայ Ցեղասպան Երկիր. Աշոտ Մելքոնեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Աշխարհին պէտք է ահազանգենք, որ ցեղասպանութեան վտանգը չէ վերացած, Թուրքիան կը մնայ ցեղասպան երկիր, ժխտողական քաղաքականութեամբ կրկին կը դառնայ իրաւայաջորդը Օսմանեան կայսրութեան՝ ցեղասպանութիւն իրականացնելու առումով, որուն ականատեսը եղանք արցախեան վերջին պատերազմին ընթացքին։ Ըստ Yerkir.am-ի՝ այս մասին յայտնեց ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, «Հայոց Ցեղասպանութեան մշակութային եւ նիւթական հետեւանքներու յաղթահարման մեթոտաբանութիւնն ու գործիքակազմը» հաւաքական մենագրութեան շնորհանդէսին ժամանակ։

Ան նշեց, որ երկար ժամանակ Հայոց Ցեղասպանութեան, հետեւանքներու վերացման, հատուցման մասին խօսիլը դիտարկուած է իբրեւ վտանգաւոր խնդիր, կա՛մ շրջանցուած է, կա՛մ մեղմ ու հանգիստ պահանջներ ներկայացուած են: Այսօր թրքական կողմը ոչ միայն չ՝ընդունիր Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, այլեւ անամօթաբար հայերը կը մեղադրէ ցեղասպանութեան մէջ։

Պատմաբանի դիտարկումով՝ թրքական կողմէն եկած այս մեղադրանքներուն մէջ կայ լուրջ տողատակ․ այսպէս Թուրքիան ամէն կերպով կը փորձէ տարածքային խնդիրները լռեցնել եւ հանել օրակարգէն:

«Թուրքիան շատ լաւ կը հասկնայ, թէ ինչ բարդութիւններու առջեւ կրնայ կանգնիլ յատկապէս՝ տարածքային հատուցումներու մասով: Շատերը հռետորական հարց կու տան՝ եթէ հանկարծ վաղը Թուրքիան պատրաստակամութիւն յայտնէ՝ վերադարձնելու հայկական հողերը, արդեօ՞ք մենք ունինք տարբերակ՝ խնդրի լուծման օրակարգ առաջարկելու։ Մենք մեր հայեցակարգային մօտեցումը պէտք է ունենանք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրին մէջ եւ անոր հետեւանքները վերացնելու առումով յղացական մօտեցումները մեզի համար կենսական են»,- ըսաւ ան։