Երեւանի եւ Գորիսի Մէջ Պիտի Գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ Գրասենեակներու Խորհրդաժողով

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի կազմակերպմամբ՝  Երեւանի եւ Գորիսի մէջ պիտի գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողով։

Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցի Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէ եւ գրասենեակներէ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէ մօտ 50 ներկայացուցիչ։

Խորհրդաժողովի օրակարգը կը վերաբերի Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքի բոլոր ոլորտներուն՝ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Արցախի հիմնախնդրի հայանպաստ լուծման հասնելու ուղղութիւններէն մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, հատուցումներ, Թուրքիա-Ազրպէյճանի հակահայ գործունէութեան հակազդեցութիւն եւ այլն։ Պիտի քննարկուին նախորդ շրջանի աշխատանքները եւ յառաջիկայ ընելիքները։ Ըստ անհրաժեշտութեան՝ պիտի կատարուին մարտավարական ճշգրտումներ։

Նոյեմբեր 29-ին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ խորհրդաժողովի պաշտօնական բացումը։ Նոյեմբեր 30-էն խորհրդաժողովը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ Գորիսի մէջ։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակ
26 Նոյեմբեր, 2021թ․