«Մենք Ապրելու Ենք» Խորագրով Հանդիպում-զրոյցներու Շարք Արցախի Մէջ

Հայաստան

Ստեփանակերտի «Եւրոպա» հիւրանոցը սկսած է հանդիպում-զրոյցներու շարք՝ «Մենք ապրելու ենք» խորագրով, որուն նպատակը պատերազմէն մէկ տարի անց,  վերյիշելով ու վերապրելով պատերազմի ամէն մէկ օրը, իրադարձութիւնը, հարցադրումներու եւ մտորումներու միջոցով մեզի վերագտնելն է: Հոկտեմբեր 4-ի երեկոյի հիւրերն էին երգչուհի Շուշան Պետրոսեանը, երաժիշտներ Տիգրան Սուչեանը եւ Ժաննա Քոչարեանը, producer Արմէն Գրիգորեանը, քաղաքագէտ Լիլիթ Թումանեանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ապառաժ»-ը։

Արժէ նշել, որ Տիգրան Սուչեանը կրցած է իր շուրջը հաւաքել արցախցի տաղանդաւոր փոքրիկ երաժիշտներ, որոնց մեծ մասին հետ ծանօթացած է Երեւանի մէջ, ստեղծած է «Արցախիկներ» խումբը եւ արդէն ունեցած՝ շարք մը համերգներ:

Զրոյցին ընթացքին բարձրացուեցան շարք մը հարցեր, հնչեցին մտքեր մշակոյթի, կրթութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման, անցեալէն դասեր չքաղելու, ղարաբաղցի-հայաստանցի տարբերակման մասին: Անդրադառնալով այդ խնդիրներուն՝ Լիլիթ Թումանեան իր խօսքին մէջ նշեց.

«Մենք առաջին անգամ չենք այսպիսի իրավիճակի մէջ, երբ կը կորսնցնենք Շուշին եւ, կարծես, ապագային ալ կրկին այդպէս պիտի ըլլայ: Հարցը այն է՝ արդեօք կը փոխուի՞ մեր վերաբերմունքը: Եթէ այդ երեւոյթները կը կրկնուին, ուրեմն մենք չենք փոխուիր եւ ճիշդ հետեւութիւններ չենք ըներ: Կարեւոր հարցերու շուրջ ազգը պէտք է միատեսակ պատասխաններ ունենայ: Մենք չունինք Արցախի ապագային մասին պատկերացում: 1985-ին մտաւորականները կը խօսէին, քննարկումներ կ՝ընէին փոքր խումբերու մէջ այդ հարցին շուրջ եւ, աւարտին եկան մէկ գաղափարի, որ տարաւ Արցախի ազատագրման: Բայց հիմա մենք չունինք այդ համաձայնութիւնը: Քանի դեռ մենք կարեւոր հարցերու շուրջ միատեսակ չենք մտածեր, մեր մօտ ոչինչ կ՝իրականացուի: Եթէ մենք բոլորս նոյն բանը ցանկանանք ու ձգտինք, մենք ի վիճակի կ՝ըլլանք ետ բերելու մեր կորսնցուցածը եւ աւելի կրնանք հզօրանալ»:

Խօսելով պատերազմին ընթացքին կրած պարտութեան մէջ մշակոյթի դերին մասին՝ ան նշեց, որ մենք ինքնութեան որոնման մէջ ենք: «Մշակոյթը ինքնութեան ձեւաւորման կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկն է: Իմ երազած Միացեալ Հայաստանի մէջ կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարը պաշտպանութեան նախարարին հաւասազօր անձ պէտք է ըլլայ, քանի որ եթէ չունիս մշակութային եւ կրթական հենք, շատ դիւրին է քեզի ցաք ու ցրիւ տալ: Մենք պիտի սորվինք մեր պատմութիւնը, մեր սխալները, բայց պէտք է հասկնանք, թէ որն է մեր հանրային շահը, որն է այն նպատակը, որ մենք բոլորս հաւասարաչափ ու միաժամանակ կ՝ուզենք, եւ ինչպէս կրնանք ատոր հասնիլ»,- ըսաւ ան:

Արմէն Գրիգորեան, իր խոսքը սկսաւ Լէոնիդ Ազգադեանի «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» արտայայտութեամբ եւ շեշտեց, որ այդպիսի հանդիպումները շատ կարեւոր են իրար ճանչնալու համար: Անոր խօսքով՝ մենք կ՝ապրինք երկրի մը մէջ, բայց երկու հանրապետութեան մէջ, եւ տարբերակումները հայերու մէջ անընդունելի են, ու պէտք է ամէն ինչ ընել զանոնք վերացնելու համար:

Արցախի մէջ Շուշան Պետրոսեանի առաջին մենահամերգը կայացած է Սպայի տան բացման արարողութեան ժամանակ եւ իր ամբողջ ասպարէզին ընթացքին ան հաւատարիմ մնացած է արցախցի հանդիսատեսին: Տարիներ շարունակ բազմաթիւ համերգներ ունեցած է Արցախի զօրամասերուն մէջ, ոգեշնչած հայ զինուորն ու արցախցին: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ դարեր շարունակ մեր պարտութիւններուն մեջ նոյնինքն Արցախը եղած է մեր արժանապատւութեան վերականգման գրաւականը, եւ մենք պէտք է ասիկա պահենք ու արժեւորենք մեր մէջ:

Երեկոյին ընթացքին ան երգեց արդէն իսկ սիրուած երգերը՝ «Հայրենիք», «Արցախ», «Հայաստան» եւ այլն: Քննարկումները ընդմիջուեցան նաեւ Տիգրան Սուչեանի եւ Ժաննա Քոչարեանի  կատարումներով:

Կը նախատեսուի նմանատիպ երեկոներ կազմակերպել Մարտունիի, Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Աղաւնոյի մէջ:

Սիրանուշ Սարգսեան

Լուսանկարները՝ Տաթեւ Զարգարեանի