Հայաստանի Հանդէպ Քայլերը Ազրպէյճանի Հետ Համակարգուած Պիտի Իրականացնենք. Չաւուշօղլու

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած  է, թէ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանին եղած է խաղաղութեան առաջարկ, որ դեռ անպատասխան է։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով Hurriyet-ը։

Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, թէ Թուրքիան Հայաստանի հետ քայլերը պիտի իրականացնէ Ազրպէյճանի հետ համակարգուած։ «Մենք կ՝ուզենք, որ տարածաշրջանը արդէն խաղաղ ու կայուն ըլլայ։ Ազրպէյճանը խաղաղութեան առաջարկ ըրած է Հայաստանին, որուն Հայաստանը դեռ չէ պատասխանած»,– ըսած է Չաւուշօղլուն։