Արցախեան 44-օրեայ Պատերազմի Նահատակներու Հոգեհանգիստ՝ Անթիլիասի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ Կիրակի, 26 Սեպտեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար հերոսաբար զոհուած, իրենց արիւնը թափած քաջարի հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, կաթողիկոսարանի Cilicia TV լրատուակայանը, դիմելով Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ փափաքեցաւ իմանալ անոր մտածումները Արցախեան պատերազմին տարելիցին առիթով։ «Այսօր մեր ժողովուրդի զաւակները կը յիշեն Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը՝ իր մարդկային, հողային ու նիւթական ահաւոր վնասներով եւ հոգեկան յուզումնախառն զգազումներով։ Այս տխուր առիթով մեր նայուածքներն ու մտածումները կ՛ուղղենք առաջին հերթին նահատակներու ծնողներուն՝ ըսելով. «Ձեր զաւակները իրենց արիւնը թափեցին հայրենիքի անվտանգութեան ու անկախութեան համար։ Ան որ այս սրբազան նպատակին համար ինքզինք կը զոհէ՝ նահատակ է եւ դուք հպարտ պէտք է ըլլաք, որ ձեր զաւակը մեր ազգին ու հայրենիքին համար դարձած է նահատակ»։ Այսօր, երբ կը յիշենք մեր նահատակները, նաեւ պէտք է լսենք երկինքէն երկիր մեզի հասնող անոնց պատգամը՝ հաւատքով ու նուիրումով պաշտպան կանգնեցէ՛ք հայրենիքին, թշնամիին դիմաց մնացէ՛ք ամուր, անզիջող՝ հաւատքով ու կամքով կռանուած։ Ա՛յս գիտակցութեամբ մեր նահատակները կռուեցան ու զոհուեցան», ըսաւ Արամ Ա.՝ աւելցնելով. «Ժողովուրդ մը իր նահատակներով կը մեծնայ, կը հզօրանայ ու կը յաւերժանայ։ Ա՛յս կը յիշեցնէ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը»։