Պատերազմ Եւ… Խաղաղութի՞ւն. «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

«Բոլոր պատերազմողներէն` ամենահզօրը այս երկուքն են. ժամանակ եւ համբերութիւն»

Լէօ Թոլսթոյ (1828-1910) – «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» (1869)

Ռուս վիպագիր Լէօ Թոլսթոյի պատմութիւն կերտած գործը՝ «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» (լոյս տեսած 1869-ին) կը յատկանշուի յատկապէս վիպագրին բծախնդիր մօտեցումներով։ Նիւթը, ըստ էութեան, ցարական Ռուսիոյ վրայ Ֆրանսայի 1805-ի յարձակումն է։ Թոլսթոյ մանրամասնօրէն ուսումնասիրած է այդ օրերու պատմութիւնը, կատարած է պրպտումներ, հարցազրոյցներ։ Ան գիշեր ու ցերեկ գիրքեր թերթատելով, զանազան օգտաշատ տեղեկութիւններ քաղելով եւ ուսումնասիրութիւններ կատարելով, հարցադրումի տակ առած է այդ օրերու ռուսական բանակի կառոյցն ու գործելաձեւը, յատկապէս օգտագործելով յիշեալ պատերազմէն տասնամեակներ ետք պայթած՝ Խրիմի պատերազմի օրերուն իր ապրած փորձառութիւնը։
Այս դասական գործը, հակառակ իր անունին, կը նկատուի գրական գանձ մը՝ համաշխարհային գրականութեան չափանիշներով։ Թոլսթոյ այդ վիթխարի գործին մէջ բուռն կերպով կը քննադատէ այն վիճակը, թէ ինչպէ՞ս կարելի է երեւակայութիւն ներարկել իրական դէպքերու ընթացքին մէջ եւ աղաւաղել իրողութիւնն ու ճիշդ տեղեկութիւնը։
…44-օրեայ պատերազմին պայթումէն ասդին, թաւալած է տարի մը եւ դեռ հայ զինուորներու դիակներ կը «պեղուին» Արցախի մէջ: Անշուշտ չեն մոռցուած Պաքուի մէջ ցայսօր բանտարկուած գերիները, արցախեան շէներու կորուստն ու մնացածին հասած աւերումները:
Սեպտեմբեր 2020: Եւ ահաւասիկ տարի մը ետք, Սեպտեմբեր 2021։ Սեպտեմբեր 2020-ին պատերազմ, իսկ տարի մը ետք խաղաղութի՞ւն, երբ 44 օրերու ոճրային պատերազմին եւ այլ մուրհակներ կը մնան բաց…:
Տարի մը առաջ, պաշտպանութեան նախարարութեան «Յաղթելու ենք»-ի պլըֆիզմն էր՝ օրական դրութեամբ ներկայացուած ստախօսութիւնները, որոնց օրին հաւատացինք ամբողջ սրտով, որովհետեւ օրակարգի վրայ չունէինք պարտութեան հարցը: Տարի մը ետք, այս անգամ խաղաղութեան յանկերգն է, որ կը կրկնուի հետեւողական ձեւով, Երեւանէն մինչեւ Ուաշինկթընի Հ․Հ․ դեսպանատուն (յանձին նորանշանակ դեսպան Լիլիթ Մակունցի), վաղն ալ հաւանաբար Մ․Ա․Կ․-ի բեմահարթակէն։
«Թարք»-ի, Քի Ուէսթի եւ ցիւրիխեան փրոթոքոլային ճամբու քարտէսներէն ետք, հիմա ալ Թիֆլիսի ճամբով փորձ կը կատարուի խաղաղութեան մասին խօսելու։
Փաստօրէն, հայկական կողմը, առանց որեւէ պայմանի, անցեալի կարմիր էջերուն համար հաշիւ, ճանաչում եւ հատուցում պահանջելու, մէկ անգամէն կը սաւառնի դէպի խաղաղութիւն։ Այս յանկերգը կը լսուի մէկէ աւելի կողմերէ եւ ստացած է «սթերէօֆոնիք» (stereophonic) բնոյթ։
Խղճի ամենայն հանդարտութեամբ, եւ առանց նկատելու, թէ որքան մեծ կաֆ մը կ’ընէ, Ուաշինկթընի Հ․Հ․ դեսպան տիկին Մակունցը կը շեշտէ, թէ «Այս է որ կ՛ուզենք․- խաղաղութիւն։ Մենք երբեք չենք սկսած յարձակիլ որեւէ երկրի վրայ եւ չենք ալ ծրագրեր» (ճիշդ է, սակայն մնացեա՞լը…)։ Ան կը շեշտէ, թէ ժողովրդավարական օրէնքները կիրարկող Հայաստանը վերականգնումի ընթացքին մէջ է, թէ՛ հոգեպէս եւ թէ՛ տնտեսապէս (իսկ աչք ունեցող ընթերցողը գիտէ, թէ սա ինչպիսի՞ ժողովրդավարութիւն է, երբ ոստիկանները, վերերէն հնչած հրամաններու հետեւելով, օր աւուր անտեղի եւ բիրտ միջամտութիւններ կը կատարեն ընդդիմադիրներու դէմ, ապրուստի տարրական պայմաններու ստեղծման պահանջ ներկայացնողներու դէմ, չեն խնայեր մինչեւ իսկ… որդեկորոյս ծնողներու կամ պատերազմէն փրկուածներու: Իսկ տնտեսութեան բարելաւման մասին բացուած է պլըֆի նոր շրջան մը, աչքերը յառելով… Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն գալիք բարիքներուն):
Զարմանալին այն է, թէ Հայաստան առանց պայմանի խաղաղութիւն կը հայցէ (փաստօրէն կը մուրայ), մինչդեռ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը կատարող երկրին ղեկավարը՝ «սուլթան» Էրտողան քանիցս նախապայմաններ  դրած է, թէ՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին բացումով, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ դժուարութիւններու յաղթահարումով (պարզ հայերէնով՝ Արցախէն եւ Սիւնիքի որոշ շրջաններէ վերջնականապէս ձեռք լուալով), տակաւին՝ պատմական անցեալի հարցերէն անդին անցնելով (դարձեալ խօսինք պարզ հայերէնով եւ տեսնենք, որ Էրտողան, ինչպէս՝ իր նախորդները, կը ցանկան Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անկէ բխող մեր պահանջերուն էջին անհատոյց փակումը), կարելի պիտի ըլլայ ընդառաջել Վրաստանի վարչապետ Ղարիպաշվիլիի ճամբով ներկայացուած՝ բանակցութեան (հետեւաբար նաեւ հաշտեցման) առաջարկին։
Անգամ մը եւս մութ ձեռքեր գործի լծուած են անարդար համերաշխութիւն, խաղաղութիւն, հաշտութիւն պարտադրելու Հայաստանին ու Արցախին։  Հայորդիին համար, ժամանակն է անգամ մը եւս միակամ հաւաքուելու եւ դէմ կանգնելու այս դաւադրութեան։  «Թագաւորներ (խմբ․- նաեւ նախագահներ, վարչապետներ, սուլթաններ) պատմութեան ստրուկներն են», կը նշէ Թոլսթոյ, նոյնինքն «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» տիտանեան գործին մէջ։ Ժողովուրդն է երկրին տէրն ու տիրականը: Եւ այս իրականութիւններուն իրազեկ դարձող՝ մեր գիտակից ժողովուրդն է որ պիտի որոշէ յառաջիկայ արդարատենջ քայլերը, ազգային շահերը ամէն բանէ վեր դասելով։ Մեր ժողովուրդը շատ ժամանակ չունի, համբերութիւնն ալ անսպառ չէ…