Անկախութեան Հռչակագիրին Ճշդած Սահմանները (Անկախութեան Վերականգնման 30-Ամեակի Առիթով). «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնի նշումը ներկայ պայմաններուն մէջ տարակուսանքներու տեղի կու տայ: Անկախութեան ո՞ր խորհուրդը այժմէական կը հնչէ, աւելի ճիշդը` կ՛ահազանգէ գալիք վտանգներուն մասին:

Իրադրութիւններու առարկայական դիտարկումը մեր առջեւ կը բանայ ո՛չ միայն արցախեան տարածքներու կորուստ, այլ նաեւ  պետական սահմաններէն ասդին նոր ոտնձգութիւններ, գերեվարումներ, թշնամիի սանձարձակ գործողութիւններու նոր սպառնալիքներ:

Պատերազմ պարտուած եւ պարտադրուած պայմաններով հրադադար ստորագրած հայկական կողմը չունի գերիշխանութիւն բանակցութիւններ վարելու կամ նոր բանակցութիւններու սկսելու: Պարտադրուած բանակցութիւններ կրնան շարունակուիլ, եւ այս անգամ վտանգը Անգարայէն կը հնչէ` ներառելով նաեւ Պաքուի մօտեցումները:

Սահմանադրութեան հիմք կազմող Անկախութեան հռչակագիրին կարգ մը բաժինները կը զգուշացնեն հայկական կողմը հետզհետէ տեսանելի դարձող նոր պարտադրանքներու ընդառաջ երթալէ:

Անկախութիւն հռչակելու նախաբանային հիմնաւորումին մէջ կը նշուի «Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը` արտայայտելով Հայաստանի ժողովրդի միասնական կամքը, գիտակցելով իր պատասխանատուութիւնը հայ ժողովրդի ճակատագրի առջեւ համայն հայութեան իղձերի իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման գործում…»:

Օրախնդիրի վերածուած են` տարածաշրջանի խաղաղութիւնը, հաղորդակցային ապաշրջափակումը, սահմաններու բացումը, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը:

Այս բոլորը ընկալելի գործընթացներ են, եթէ տեղի չունենան ի հաշիւ համայն հայութեան իղձերու իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման հռչակագրային դրոյթներուն:

Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք Երեւանը կ՛երթայ (կամ կը տանին) Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի մեկնարկման համար հանդիպում խնդրելու Թուրքիոյ վարիչէն:

Պաշտօնապէս յայտարարուած էր, որ հայկական կողմը 44-օրեայ պատերազմ մղեց ո՛չ միայն Պաքուին, այլ նաեւ ըստ էութեան Թուրքիոյ դէմ: Պատերազմ հրահրողը, Ազրպէյճանը հովանաւորողը, զայն սպառազինողը, սպայակոյտ պատերազմի դաշտ գործուղողը Անգարան էր: Երեւանը միջազգային դատ կը բանայ Ազրպէյճանի դէմ ըստ էութեան ամբաստանութիւնները ուղղելով Թուրքիոյ` ռազմական յանցագործութիւններ գործադրած եւ ցեղապաշտական դրսեւորումներ ունեցած ըլլալու մեղադրանքով: Զուգահեռ Հայաստանի վարչապետը Թիֆլիսի ճամբով հանդիպում կ՛առաջարկէ Թուրքիոյ նախագահին:

Մինչ նոյն Թուրքիան Շուշիի հռչակագիրով թուրքեւազրպէյճանական միացեալ հայեցակարգ յայտարարելով կը վերաշեշտէ իր նախապայմանային քաղաքականութիւնը: Պատմական վէճերու հարթում, որ համազօր է Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջէն հրաժարումին, տարածքներու ամբողջականութեան կամ ներկայ սահմաններու փոխճանաչում եւ հանդիպման առաջարկի բացայայտումին առիթով հնչած նոր նախապայմանը` Զանգեզուրի միջանցքի տրամադրում:

Նախապայմաններու դիմաց հանդիպման առաջարկ: Մինչ սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացին համար ընդունուած խորհրդային քարտէսը հիմք համարել, երբ Ազրպէյճանը կը յայտարարէ, որ ինքը իրաւաժառանգորդը չէ խորհրդային Ազրպէյճանին, իսկ Հայաստանը անկախութեան հռչակագիրի նախաբանով իսկ ամրագրած է «զարգացնելով 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները, խնդիր դնելով ժողովրդավարական, իրաւական հասարակարգի ստեղծումը», ինչ որ համազօր է առաջին հանրապետութեան իրաւաժառանգորդի հանգամանքի ստանձնման: Հետեւաբար խորհրդային քարտէսագծումի հիման վրայ սահմանազատման գործընթացի սկսիլը  միակողմանի շահ կ՛ենթադրէ:

Տարածքներու զիջման այս երեւոյթին վրայ կ՛աւելնայ նաեւ Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածը, որ տարածքներու փոփոխութիւնը կը պայմանաւորէ հանրաքուէով: Այսպէս` 205-րդ յօդուածի առաջին կէտը կ՛արձանագրէ. «Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի փոփոխութեանը վերաբերող հարցերը լուծւում են հանրաքուէների միջոցով»: Ուրեմն, նոյնիսկ եթէ խորհրդային քարտէսագծումն է հիմքը նոր սահմանազատման, ապա Սահմանադրութիւնը պարտադիր կը դարձնէ հանրաքուէն:

Միամտութիւն է հաւատալ, որ Անգարան առանց նախապայմաններու կը ձեռնարկէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման: «Պատմական վէճերու հարթում»-ի միակողմանի հրամայականը Ցեղասպանութեան միջազգային պահանջէ հրաժարում է: Դարձեալ դիմենք Անկախութեան հռչակագիրին, այնտեղ տեսնելու համար 11-րդ կէտը. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականին օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»:

Այս պայմաններուն մէջ ուրեմն Թուրքիոյ նախապայմաններուն ընդառաջելը պարզապէս Անկախութեան հռչակագիրին դէմ ընթանալն է: Իսկ հռչակագիրը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ անկախ հանրապետութիւն պահելու գաղափարախօսական ուղենիշները: Անոնց շրջանցումը աւելին է, քան սահմանադրական կէտերու խախտումը: Անոնց շրջանցումը զիջում է անկախութենէն եւ գերիշխանութենէն:

Անկախութեան 30-ամեակը ամէնէն շատ այս վտանգներուն մասին կ՛ահազանգէ: