Տարեդարձներ Եւ Աւելին – Բ. Հայաստան Աշխարհներ (Ս. Մահսէրէճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հայաստան աշխարհ» եզրրեուն շուրջ բազմաթիւ երգեր հիւսուած են. բոլոր բանաստեղծներն ու երգիչները ի մտի ունեցած են ՄԷԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, սակայն մեր հայրենիքի այսօրուան՝ անկախութէնէն 30 տարի ետք պարզուող իրականութեան համաձայն, քաղաքական բեմը կը ցուցահանէ բազմաթիւ աշխարհներ, որոնք իրողապէս կը թուին ըլլալ իրարմէ անջատ, աւելին՝ նաեւ անհաղորդ, անոնց միջեւ կամուրջներու ստեղծումը, միասնութեան մը հետամտութիւնը վերածուած է «անկարելի առաքելութեան»:

Նախորդ սիւնակով մեր ներկայացուցած խորապատկերին դիմաց, ի՞նչ վիճակ կը պարզէ Հայաստան-Արցախը:

***

Սկսինք իշխանութեան աշխարհէն: Այս բեմին վրայ, կան արդէն իսկ մէկ տարեկան աղէտը աւելի՛ եւս խորացնող, ծանրացնող նշաններ, իրականութիւններ: Ո՛չ մէկ շօշափելի քայլ կամ նախաձեռնութիւն՝ Արցախէն մեր ունեցած կորուստներուն վերադարձին մասին, ո՛չ մէկ գործնական քայլ՝ Հայաստանի հողերէն ներս ազերիներու հաստատումը շրջելու, թափանցողները վանելու մասին: Գերիներն իսկ դրուած են յետին դարակ (իսկ խորհրդարանի նախագահը «շինծու» կը սեպէ Ատրպէյճանի մէջ անոնց տանջահար բանտարկութեան մասին փաստացի տեղեկութիւնները, յետոյ ալ անոր գրասենեակը չքմեղանքի ձախաւեր փորձ կ’ընէ): Իշխանութիւնը կը յոխորտայ, որ այս բոլորին լուծում գտնելու համար, «բանակցութիւնները կը շարունակուին», սակայն շօշափելի արդիւնք չ’երեւիր: Աւելի՛ն, իշխանութիւնը՝ վարչապետ, խորհրդարանականներ եւ ապահովութեան սպասարկութիւններկը թուին լծուած ըլլալ ազերիական «վարկածները» փաստելու առաքելութեան մը, եւ այս ընթացքով, կրնանք հասնիլ հոն, թէ «զաւթող» ու «հողերու թալանչի»ն մենք՝ հայերս ենք եղած: Հայաստանի իշխանութիւններուն «խաղաղասիրական» կեցուածքներուն եւ Թուրքիայէն «դրական նշաններ» տեսնելու անոնց ունակութեան դիմաց, Ատրպէյճան քիչ-քիչ յառաջ կը տանի «Զանգեզուրի անցքը» իրականացնելու ծրագիրը, Թուրքիա «դրական նոր նշաններ» կը սպասէ Հայաստանէն, այսինքն, կը սպասէ, որ հայկական պատմական հողեր իբրեւ ազերիական ճանչնալու կողքին, Հայաստան վերջնականապէս հրաժարի Արցախէն, մոռնայ Ցեղասպանութիանն ու Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւեալ հողերը, ճամբաները վերաբացուին… թուրք-ազերիական ծրագիրներուն համապատասխանաբար: (Անմիջապէս արձանագրենք, որ նման ծրագիրներու անմասն չեն Մինսքի խումբի անդամները…)

Իշխանութեան աշխարհին մէջ, Հայաստան-Արցախ կապերն ալ այլանդակ պատկերացումով կը ներկայանան: Արցախէն Ատրպէյճանի գրաւած-նուէր ստացած՝ աւելի քան ութ հազար քառ. քլմ. տարածքին մէջ, հայկական հետքերու ոչնչացումը կը շարունակուի անարգել ու անաղմուկ, շրջանին ԻՒՐԱՑՈՒՄԸ կը նուիրականացուի առանց ընդդիմութեան, մնացեալ տարածքին ուղղութեամբ ալ սպառնալիքները կը մնան առկախ: Արցախէն արդէն սկսած են հնչել արտագաղթի, տուն-հող ծախելով հեռանալու ահազանգեր (ընդդիմադիր երեսփոխան մը կը հաւաստէր, որ նման կալուածներու գնորդը… Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած խմբակն է: Արդեօք վաղը ազերիներուն սուղի ծախելո՞ւ հեռանկարով…): Անտարբերութեան ակնոցը կը գործածուի նաեւ այն իրականութեան դիմաց, երբ թրքական եւ ազերիական բանակները միացեալ ռազմափորձ կը կատարեն Լաչինի անցքին եւ Սիւնիքի սահմաններւն մօտ: Ո՞ր աչքը, եթէ ո՛չ՝ շիլն ու կոյրը, ասոնց մէջ կրնայ «դրական նշան» տեսնել, մոռնալ՝ որ 44-օրեայ պատերազմի նախօրեակին ալ նման ռազմափորձեր կատարուեցան Նախիջեւանի մէջ: Նման իրականութիւններ տեսնողը՝ իշխանութեան կողմէ կ’ամբաստանուի «խուճապ տարածելու» եւ պատերազմ հետապնդելու մեղադրանքով:

Իշխանութեան աշխարհին մէջ, կան նաեւ տնտեսական եւ ընկերային բարեփոխութիւններու… խաբկանքներ, գոնէ ինքնախաբէութեան մակարդակին վրայ: Չկարծուի՛, որ բարեփոխութեան նշանները բոլորովին կ’արհամարհենք, սակայն երբ 2020 ահաւոր տարուան անկումներէն ետք, որոշ բնականոնացումը կը ներկայացուի իբրեւ մե՜ծ իրագործում, ոստում, մինչդեռ ժողովուրդը ամէն օր իր գրպանին, օրապահիկին վրայ նոր ճնշումներ կը տեսնէ, ջուրի սակի բարձրացման «աւետիս» կը լսէ…

Այս աշխարհին մէջ է որ իշխանութիւնը ստեղծած է իր սայլը յառաջ տանելու գործընթաց մը. այս տրամաբանութեամբ է որ կը սարքուին յառաջիկայ ընտրութիւնները, նպատակ ունենալով իշխանութեան ենթահողին ընդարձակումը (հետեւաբար, ընդունին կամ ոչ՝ կործանարար վարքագիծին ջուր բերողներու «բանակը»): Այս սայլին նստած է որ կառավարութիւնը անշեղ կերպով (եւ անշեղ քաջալերանքներով) կը շարունակէ իր ներքին ու արտաքին գործերը: Կ’ատեսուին ընդդիմադիրներու կողմէ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԿԵՐՊՈՎ ներկայացուող՝ տրամաբանական բոլոր առաջարկները (ի վերջոյ, քուէներու մեծամասնութիւնը ունի իշխանութիւնը, եւ կը գործէ «մենք ամէն բան գիտենք, դուք բանէ չէք հասկնար» մօտեցումով, իսկ լաւագոյն պարագային, «ձեր առաջարկը գրաւոր բերէք, կը քննենք»ի բարեմտութեամբ…), Սիւնիքի պաշտպաններ, հազար ու մէկ պատրուակով կամ մեղադրանքով, կը հեռացուին իրենց դիրքերէն (եւ չարխօսիկութի՞ւն կ’ըլլայ, եթէ ըսուի, որ նման քայլեր կ’անուին… Ատրպէյճանին «անցք» մը տալու առ ի պատրաստութիւն):

***

Խորհրդարանական ընդդիմադրութիւնը ունի ի՛ր աշխարհը, որ շատ աւելի իրական է, իրապաշտ, եւ սակայն, առաւելաբար կը մնայ անհաղորդ՝ իշխանական աշխարհին (եւ այլոց) հետ:

Ընդդիմադիր ճակատները խորհրդարան մտան՝ հիմնական քանի մը նպատակով: Բացայայտել իշխանութեան (որ ուղղակի շարունակութիւնն է նախորդ 3 տարիներու անատակներու խմբակին) ձախաւերութիւնները, քաղաքական, զինուորական, տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ գործած սխալները, երկիրը յաւելեալ կործանումի տանող անոր ընթացքը, ապա նաեւ՝ զայն հեռացնել երկրի ղեկէն. սակայն փաստօրէն, այս ճիգը ցարդ չէ հասած սպասուած արդիւնքին: Ընդդիմադիրները, որքան ալ որ աղաղակող փաստերով բանան նահանջներու, պարտուողականութեան ու կորուստներու ցուցափեղկերը, իշխանութիւնը կը շարունակէ «ժողովուրդը զիս ընտրած է», «երկաթէ մանտաթ ունիմ» եւ նման մտածումներով դէպի ետ վազքը (եւ գաղտնիք չէ թէ ինչպիսի՜ հովանաւորներ ունի դուրսերէն): ժողովուրդը, նոյնինքն իշխանութեան համակիրները, տակաւի՜ն հաւատացողները՝ չեն հարցներ, թէ արդեօք իրենց շնորհած քուէո՞վ է որ իշխանութիւնը ձեռնածալ կը մնայ թուրք-ազերիական բոլոր ոտնձգութիւններուն, նոյնինքն արտաքին գործոց նախարարութեան որակումով՝ թշնամական, խաղաղութեան քայլերը խափանելու արարքներուն դիմաց…: Այդ ո՞ր քուէարկողն էր, որ այս իշխանութեան «մանտաթ տուաւ» Սիւնիքէն, Գեղարքունիքէն, Տաւուշէն (վաղն ալ չես գիտեր՝ ո՞ր շրջաններէն) հողեր նուիրելու Ատրպէյճանին: Եթէ վաղը Ալիեւը յայտարարէ, թէ որոշած է «Ատրպէյճանի պատկանող Երեւանն ու Վանաձորը, Գիւմրին» ունենալ, այս իշխանութեան նահանջի ընթացքը ո՞ւր պիտի հասնի, այդ ո՞ր սահմանագիծն է, որ ի վերջոյ մեզ պիտի հարկադրէ մեր հողերը զինու ուժով պաշտպանելու, պաշտպանութեան նախարարին համար կա՞յ կարմիր գիծ մը, որ զինք մղէ «ազերիական թշնամանքին բիրտ կերպով հակադարձեցէք» հրահանգը իրականացնելու…

Ընդդիմութիւնը կը մեղադրուի՝ իբրեւ թէ բաւարար չափով չէ սասկացուցած պայքարը, թէ՝ մտած-ինկած է իշխանութեան լարած խաղին մէջ (ո՞վ չի գիտեր, թէ սա անխուսափելի էր), կը բաւականանայ խորհրդարանական-օրինականութեան սահմաններով ընդունուած խաղերով: երեւոյթին, հանրութիւնն ալ կ’անտեսէ ընդդիմադիրներու բոլոր փաստարկները, օրէնքէ դուրս քայլերու չդիմելու անոր իրաւացի ընթացքը, կը մնայ պատանդը «հին»երու դէմ իշխանութեան քարոզչութեան, ՈՐ ՀԻՄՆԱԿԱՆԻՆ ՄԷՋ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐԱԾ Է ՈՐՈՇ ԱՆՁԵՐ, ԱՆՀԱՏԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՂԷՏԸ: Տակաւին չի տեսնուիր այն պարզ իրականութիւնը, որ այս կամ այն անհատը՝ արդար կամ անարդար, չափազանցեալ պատճառաբանութիւննհերով մեղադրելը, ինքնին, ուշադրութիւնները կը շեղէ, կը բթացնէ, որ տեսանելիի դաշտէն դուրս կը հանէ ԱՄԲՈՂՉԱԿԱՆ ԱՂԷՏԸ: Չի տեսնուիր, որ Արցախի մեծ մասին կորուստէն եւ մնացեալի վտանգի տակ դրուելէն ետք, նոյնինքն Հայաստան կանգնած է «Դամոկլեան սուրերու» շարանի մը տակ, հետեւաբար, հայութեան, ՀԱՅ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԸԵԱՆ (եւ ո՛չ միայն ժողովուրդի այս կամ այն հատուածին, անհատներու, իշխանութեան ու ընդդիմադրութեան) դիմաց կայ երկընտրանք մը՝ շարունակել հետեւիլ ու հաւատալ իշխանութեան կորստաբեր ուղիին, կամ վերականգնել ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ ուրոյն ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ 30-ամեայ երթը, որ խորքին մէջ բացուած է Սարդարապատներէն շատ առաջ, կտրած է Արցախեան պայքարի բազում յաղթական հանգրուանները, ի վերջոյ ընկղմելու համար 44-օրեայ ձախաւեր պատերազմի տղմուտին մէջ: Կ’անտեսուի այն իրականութիւնը, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դիմաց, չկան Փաշինեաններ, Միրզոյեաններ, Պապիկեաններ, Սիմոնեաններ, Սաղաթէլեաններ, Քոչարեաններ (գոնէ երկու հատ), Սարգսեաններ (քանի մը հատ), Օհանեաններ, Ծառուկեաններ եւ շատ ու շատ ուրիշներ, այլ կան Հայաստանն ու Արցախը, որոնք պէտք է վերցնել քարտէսէն ու աշխարհէն…

***

Իշխանութեան եւ խորհրդարանական ընդդիմադրութեան աշխարհներէն զատ, կան նաեւ այլ աշխարհներ, որոնց ակնարկենք աւելի հպանցիկ:

Կան խորհրդարանական ընտրութիւններէն պարտեալ դուրս եկող երկու մեծ խմբաւորումներ (մեծ՝ խմբակներու թիւով). կան իշխանութեան համակիրներու, յարողներու խումբ մը, եւ իշխանութեան հակադրուողներու փաղանգ մը: Եւ ահա, յետ-ընտրութիւններու փուլին, իշխանութիւնը գործնապէս աշխատանքի անցած է, իրեն համակիրները ներգրաւելու համար իր աշխարհին մէջ, անոնց դերեր վերապահելով այս կամ այն՝ վճռորոշ հարցերու քննարկման մէջ (44-օրեայ պատերազմի քննութիւն եւ այլն): Գաղտնիք չէ, որ այս կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն մեծ մասը ծնունդ առաւ 20 Յունիսի ընտրութիւններու նախընթաց ամիսներուն. Անոնք հրապարակ եկան իբրեւ թէ իշխանութեան քննադատներ եւ ընդդիմախօսներ, սակայն խորքին մէջ անոնց հիմնական նպատակն էր, եւ է՛, իշխանութեան ջաղացքին ջուր լեցնելը: Եւ զարմանալի՞ է, որ այդ խմբաւորումներէն մէկուն ղեկավարը կը յայտարարէ, թէ իրենց դերը՝ խորհուրդներ տալն է իշխանութեան, եւ եթէ իշխանութիւնը ընտրէ օգտուիլ անոնցմէ, լաւ կ’ըլլայ:

Ասոնց դիմաց, կան ընդդիմադիրներուն տեսակէտները բաժնեկցողներ, որոնք կը տեսնեն իշխանութեան աղէտաբեր վարքագիծը, ստուգապէս հայրենասէր են, եւ ո՛չ՝ համաշխարհայնացումի «բարիքներուն» հաւատացողներ (նախկին համայնավարներուն տարբերակը), անոնց պահանջները ընդհանուր գիծերու մէջ համահունչ են խորհրդարանական ընդդիմադրութեան պահանջներուն, եւ սակայն, տեղ մը, անոնց ենթա-աշխարհը անհրաժեշտ չափով չի ներդաշնակուիր ընդդիմադրութեան աշխարհին հետ. անդին, իշխանութեան համակիր «ընդդիմադիրները» արդէն իսկ կը գործեն գրեթէ առանց դիմակի (դմակներէն օգտուելու ակնկալիքով):

***

Որպէսզի աւելի ամբողջական դարձնենք Հայաստանի ներքին աշխարհներուն ընդհանուր պատկերը, չենք կրնար անտեսել ընդարձակ այլ աշխարհ մը, որ կը կոչուի յիշեալներուն միջեւ տարածուող զանգուածը: Վերջին ընտրութիւնները բաւական լաւ ձեւով պարզեցին այս իրականութիւնը: Քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 50 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐԸ հեռու մնաց քուէատուփերէն (իրական եւ շինծու պատճառներուն թւումը մեզ ուրիշ տեղ կը տանի, սակայն հիմնական պատճառները ծանօթ են բոլորիս):

Այս աշխարհին մէջ, կայ անորոշութեան գործօն մը. անորոշութիւն՝ որ կը ծնի իշխանութեան նկատմամբ յուսախաբութենէ, վստահութեան կորուստէ, «Հայաստանի մէջ ապագայ կայ»ի անոր յոխորտանքին հակափաստարկերուն իրազեկումէն (բնականաբար ուրախալի է, որ տագնապահար Սուրիայէն եւ Լիբանանէն մեծ թիւով հայեր կը նախընտրեն Հայաստան ներգաղթել, սակայն երբ հաստատ է, որ այս տարեսկիզբէն ի վեր, Հայաստանէն արտագաղթողներուն թիւը հասած է 80-90 հազարի…): Այս զանգուածը արդար ակնկալութիւններ ունի թէ՛ իշխանութենէն (որ փաստած է իր սնանկութիւնն ու անկարողութիւնը), եւ մանաւանդ՝ ընդդիմադիրներէն:

Եւ ճիշդ այս կէտն է որ կը շեշտադրէ ընդդիմադրութեան դերակատարութիւնը՝ մեր հայրենիքի պահպանման, ապահովութեան, վերականգնումին (բոլոր գետիններուն վրայ) եւ մեր ԲՈԼՈՐ ԱՐԴԱՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԸԵՐՈՒՆ ՀԵՏԱՊՆԴՄԱՆ իմաստով: Անմիջականօրէն պէտք է ընդգծել, որ անոր ուսերուն կ’իյնայ յիշեալ բոլոր աշխարհները իրարու կամրջելու, միացնելու պարտականութիւնը, առանց անտեսելու արտաքին ոլորտի յարաբերութեանց ու կապերու վերականգնումին հրամայականը: Սա քննարկելի առանձին հարց է, կը կարօտի առանձին սիւնակի մը (յաջորդիւ):