Խաչվերացի Տօնը Գոքինիոյ Մէջ – Կէլիպոլի Սուրբ Սպասներ Եկեղեցի Վերադարձան

Սփիւռք

«Ազատ Օր»

Կի­րա­կի՝ 12 ­Սեպ­տեմ­բեր 2021-ին, փա­ռա­ւոր կեր­պով տօ­նա­կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Վե­րաց­ման Ս. ­Խա­չի տա­ղա­ւար տօ­նը։ ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. պա­տա­րա­գին նա­խա­գա­հեց ու քա­րո­զեց, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեան։ Իսկ Ս. պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, խմբա­վա­րու­թեամբ դպրա­պետ պրն. ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նի եւ սպա­սար­կու­թեամբ սար­կա­ւագ­ներ ­Կա­րա­պետ ­Քէօ­սէեա­նի ու ­Պետ­րոս ­Կա­րա­պե­տեա­նի։

Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր քա­րո­զի սկիզ­բին նախ օ­րո­ւան տօ­նի պատ­մա­կա­նը կա­տա­րեց։ Ա­պա յայտ­նեց, թէ Ս. ­Խա­չը նա­խա­պէս պա­տի­ժի ու մա­հո­ւան խորհր­դա­նիշ էր։ Ան մար­դոց ահ ու սար­սա­փի կը մատ­նէր։ Ք­րիս­տո­սի խա­չե­լու­թե­նէն ու յա­րու­թե­նէն ետք սա­կայն, Ս. ­Խա­չը դար­ձաւ կեան­քի ու փրկու­թեան խորհր­դա­նիշ։ Եւ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը, որ­պէս ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեա­ներ ու Ս. ­Խա­չի հե­տե­ւորդ­ներ, մաս­նա­կից դար­ձաւ ­Պար­սիկ­նե­րու կող­մէ գե­րե­վա­րո­ւած Ս. ­Խա­չը ա­զա­տագ­րե­լու եւ ­Պարս­կաս­տա­նէն վերս­տին Ե­րու­սա­ղէմ վե­րա­դարձ­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան։ Ա­ւար­տին Սր­բա­զան ­Հայ­րը խրա­խու­սեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հաս­տատ կեր­պով Ս. ­Խա­չին հե­տե­ւե­լու, ո­րով­հե­տեւ ան չա­րէն ու չա­րի­քէն պահ­պա­նո­ւե­լու միակ վա­հանն է։

***

Ս. պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րո­ւե­ցաւ փո­խան Եր­կու­շաբ­թիի տա­ղա­ւար տօ­նի ­Մե­ռե­լո­ցի հո­գե­հան­գիս­տը։ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը յա­տուկ կեր­պով հո­գե­հան­գիստ խնդրեց ­Կէ­լի­պոլ­ցի­նե­րու ննջե­ցեալ­նե­րու հո­գի­նե­րուն հա­մար։ Ա­պա հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը թա­փօ­րով ուղ­ղո­ւե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կի խաչ­քա­րին առ­ջեւ, ուր եր­գո­ւե­ցաւ «­Խա­չի ­Քո Ք­րիս­տոս» շա­րա­կա­նը։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը սոյն թա­փօ­րը նման­ցուց Ս. ­Խա­չի Ե­րու­սա­ղէմ վե­րա­դար­ձի թա­փօ­րին, որ­մէ ետք օրհ­նեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը։ Ետ­քը ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց մար­մի­նը բաժ­նեց ռէ­հա­նը։

­Սուրբ եւ բժշկա­րար սպաս­նե­րու յանձ­նու­մը ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, նա­խօ­րօք դա­սա­ւոր­ման հա­մա­ձայն «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ ծխա­կան­նե­րէն Ե­զե­կիէ­լեան ըն­տա­նիք­ներ, ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ սրահ ուր Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նին եւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին յանձ­նե­ցին ի­րենց մեծ հօր կող­մէ ժա­ռան­գած, ­Կէ­լի­պո­լէն կարգ մը ե­կե­ղե­ցա­կան թան­կար­ժէք սպաս­ներ։ ­Յա­րու­թիւն եւ Եզ­նիկ Ե­զե­կիէ­լեան եղ­բայր­նե­րը, 1922-ի Իզ­մի­րի ա­ղէ­տէն ա­ւեի ա­ռաջ, ­Կէ­լի­պո­լէն բռնի կը գաղ­թեն ու կը հաս­տա­տո­ւին ­Գո­քի­նիա։

­Կո­րուս­տէ փրկե­լու նպա­տա­կով, ա­նոնք ի­րենց հետ կը բե­րեն այդ սպաս­նե­րը եւ ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին ի­րենց մօտ կը պա­հեն զա­նոնք որ­պէս ­Կէ­լի­պո­լի պատ­մու­թե­նէն մէկ մաս­նիկ եւ յի­շա­տակ։ ­Յետ մա­հու, այդ պատ­մա­կան սպաս­նե­րը կը ժա­ռան­գեն Ե­զե­կիէ­լեան եղ­բայր­նե­րու հա­րա­զատ­նե­րը։

Եւ վեր­ջերս ա­նոնք փա­փա­քե­ցան պատ­մա­կան ի­րե­րը յանձ­նել «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին, որ­պէս­զի զե­տե­ղո­ւին սրա­հին մէջ գտնո­ւող ­Կէ­լի­պոլ­ցի­նե­րու յա­տուկ ու պատ­մա­կան ցու­ցա­բեղ­կին մէջ։

­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեան գնա­հա­տեց Ե­զե­կիէ­լեան ըն­տա­նիք­նե­րու կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։ Իսկ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, յա­նուն «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ա­նոնց։ Ա­պա սպաս­նե­րը զե­տե­ղո­ւե­ցան սրա­հէն ներս գտնո­ւող ­Կէ­լի­պոլ­ցի­նե­րու ցու­ցա­բեղ­կին մէջ։

ԹՂԹԱԿԻՑ