Փորթանթինօ 100,000 Տոլարի Աջակցութիւն Կ՛ապահովէ ՀՄԸՄ-ին

Աշխարհ, Սփիւռք

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակէն Չորեքշաբթի, 15 Սեպտեմբերին տեղեկացանք, որ Փորթանթինօ ՀՄԸՄ-ին համար 100,000 տոլարի աջակցութիւն մը ապահոված է նահանգային օրէնսդիր մարմինին կողմէ վաւերացուած նահանգային ամավարկին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Գումարը պիտի յատկացուի Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ մարզական ծրագիրներուն եւ յատկապէս՝  ՀՄԸՄ-ի «Հրաշք» մարզական բաժանմունքին, որուն նպատակն է շրջանի յատուկ կարիքներ ունեցող հայ մարզիկներու ընդգրկումը ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան մէջ։

Փորթանթինօ յոյժ կարեւոր համարեց 2018-ին հաստատուած ՀՄԸՄ-ի «Հրաշք» մարզական բաժանմունքին գործունէութիւնը եւ անոր զօրակցութիւնը։

ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեան վարչութեան անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Փորթանթինոյին, ՀՄԸՄ-ին եւ յատկապէս ՀՄԸՄ-ի «Հրաշք» մարզական բաժանմունքին նեցուկ կանգնելուն համար։

Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան յիշեցուց, որ Հայ Դատի յանձնախումբին առաջնահերթութիւններէն մէկն է պետական աջակցութիւններու ապահովումը հայկական կազմակերպութիւններուն եւ ծրագիրներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով ծերակուտականին եւ շնորհաւորելով ՀՄԸՄ-ը, այս առատաձեռն նպաստը ստանալուն առիթով։

Նշենք, որ Փորթանթինօ շարունակաբար նեցուկ կանգնած է ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան եւ մասնակցած է անոր Նաւասարդեան մարզախաղերուն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի «Հրաշք» մարզական բաժանմունքին ի նպաստ ջանքերուն։ Ան նաեւ յատուկ կարիքներ ունեցողներու շահերուն ջատագով է։