Գիտակից Եւ Դեռ Հայրենատէր Ժողովուրդը Անկախութեան Տարեդարձին Դիմաց. (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

…Ու պէ՜տք է քայլե՜լ ու քայլե՜լ յամառ՝
Ապրելու հսկայ տենչը բեռ արած
Քայլել անիմաստ մի կեանքի համար,
Մարել ու վառել աստղերը մարած,
Որ տիեզերքի զառանցանքը մառ
Չցնդի՜ երբեք ու մնայ երազ…

Եղիշէ Չարենց

            Ժողովուրդի մը համար հայրենիքի անկախութիւնը ինքնահաստատման առաջնահերթութիւն է, պայման՝ մնալու պատմութեան բեմին վրայ, որպէսզի չիյնայ քաղաքական եւ բարոյական ստրկութեան մէջ, չդատապարտուելու համար անհայրենիք գնչուի վիճակին:

Եւ պէտք է քայլել, քայլել յամառ, ապրելու հսկայ տենչը բեռ արած… ինչպէս կ’ըսէ ազգի եւ հայրենիքի էականութեան գիտակցութիւնը եւ ապրումը ունեցող բանաստեղծը, որ այդ գիտակցութեան համար իր կեանքով վճարեց:

Բեռը՝ հայրենիք, ազատութիւն, անկախութիւն, արժանապատուութիւն

            Հայոց պատմութիւնը վէպն է այդ բազմերես ստրկացման դէմ պայքարին, որուն համար մարդիկ գիտցած են ճակատ յարդարել, որպէսզի ազգ եւ հայրենիք պահուին: Գիտակցութիւն, որ երբ պակսի եւ կորսուի, Հայաստան բնակող ընկերոջ մը խօսքով, կը փոխարինուի, «ուտուշ-խմուշ»ով, կորսնցուցածին համար տօն եւ սեղան կը սարքուի Սեւանի կամ Միջերկրականի ափին, Լոս եւ Հոնոլուլու…

            Քանի մը օրէն Հայաստան պիտի յիշէ իր վերանկախացման 30րդ տարեդարձը:

            Առաջադրուած է անկախութեան գունագեղ տօն սարքել: Այդպէս յայտարարուած է, «գունագեղ» տօնակատարութիւն, ի՞նչ ըսելու համար: Ի՞նչ բանի գունագեղ… «Ըսել»-ը պիտի ըլլա՞յ թափանցիկ եւ անշպար հաշուետուութիւն, որպէսզի ազգը իրատեսութեամբ նայի իր հայրենիքին եւ ի՛ր ներկային, կարենալ դիմագրաւելու համար իր ապագան:

            Կը մտածեմ, որ աւելի քան երեք տարիներէ ի վեր ամբոխահաճութեան (պոպուլիզմ) ուռկանին մէջ ցանցուած եւ ազգային-քաղաքական թմբիրի մատնուած ժողովուրդը դարձած է անկամ, զայն անցեալի եւ անմիջականի մէջ բանտարկած են, անոր սրսկելով եսասիրութիւն եւ քինախնդրութիւն, որպէսզի խափանուին անոր ողջախոհութիւնը եւ իրատեսութիւնը:

Գունագեղ տօնակատարութեան համար հրաշալի կադրեր են Եռաբլուրի ամբոխահաճութեան եւ սիրողականութեան (պոպուլիզմի եւ ամաթէօրիզմի) նոխազ դարձած եւ զոհուած երիտասարդներու ծաղկազարդուած եւ եռագոյնով դրօշազարդուած գերեզմանները: Հազարաւոր հայրերու, մայրերու, այրիներու եւ որդիներու սուգը անսահմանօրէն ներշնչող կրնայ ըլլալ ամբոխավարական ճառի համար:

            Զուարթացնող կադր կ’ըլլան նաեւ վերնախաւի, էլիտայի, փարիզեան, յունական, կիպրական, սոչիական, թպիլիսիական, լոսական, իջեւանական եւ եղէգնաձորական արձակուրդային նկարները, տեսերիզները (վիտէօ), գնուած եւ բերուած թանկարժէք շորերը: Անոնք կը վկայեն, որ Հայաստան չէ պարտուած, հետեւաբար անխաթար մնացած է Հայաստանի քաղաքացիին հպարտութիւնը, քանի որ արձակուրդի կրնայ երթալ եւ պերճանքի համար դրամ ծախսել:

            Դեռ կրնայ ըլլալ, որ սգաւոր հայրերուն, մայրերուն, այրիներուն եւ զաւակներուն, այս առիթով բաժնուին արձակուրդի պարգեւավճարներ, որպէսզի անոնք ալ անմասն չմնան անկախութեան եւ յաղթանակի բարիքներէն:

            Համագումար՝ շաու-հանդէս. գինովութեան եւ թմբիրի:

            Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ առիթով հաշուետուութիւն պիտի ըլլա՞յի՞նչ շահած ենք, ի՞նչ կորսնցուցած, ի՞նչ պիտի կորսնցնենք, ի՞նչ շահելու համար:

            Տարբեր առիթներով ըսած եւ գրած եմ, որ մեր ազգային հպարտութիւնը վերականգած էր մասամբ, նուազագոյն չափով, քանի որ, հազար տարի տեւաբար հող կորսնցնելէ ետք, առաջին անգամն ըլլալով, դադրած էինք հող կորսնցնելէ եւ կորսուածէն բեկորներ վերադարձուցած: Այսօր կը գտնուինք կրկնուող դառն պատմութեան առջեւ եւ կը շարունակենք հող կորսնցնել: Երկրի վարչապետը, որպէս գերագոյն հրամանատար,- պարտուած,- կը խօսի թշնամիին պատկանող հողերու մասին, բայց ոչ մէկ բառ կ’ըսէ թշնամիին կողմէ բռնագրաւուած եւ իւրացուած հայու հայրենիք հողերու մասին:

            Թշնամին երբ ըսէ, թէ այս կամ այն հողամասը Հայաստան չէ եւ այդ իրեն կը պատկանի, չես գիտեր ո՞ր գաղտնի պայմանաւորուածութեան վրայ հիմնուելով, իշխանութիւնը պիտի զիջի եւ հող յանձնէ. ի՞նչ բան փրկելու համար. Հայաստա՞նը, թէ՞  ինքզինք, իր դիրքերը:

            Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը թուի մոռցած ըլլալ իր ամբոխավարական «յուզիչ» յայտարարութիւնը, որ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ»: Ո՞ւր է այդ «Հայաստան Ղարաբաղը»

            Արդ, գրաւոր ու բանաւոր պայմանաւորուածութիւններու  բանակցութիւններու առանցքին կայ հիմնական պահանջ մը. Հայաստան եւ Ազրպէյճան կ’ընդունին երկու երկիրներու հողային ամբողջականութիւնը», որ կը նշանակէ՝ Արցախը Ազրպէյճան է եւ վերջ, եւ հետեւելով տրամաբանութեան, Ստեփանակերտն ալ Ազրպէյճան է եւ վերջ:

            Եթէ Հայաստանի սահմանային շրջանի ճանապարհներու այս կամ այն հատուածը Էյվազլի է, Ստեփանակերտն ալ Խանքենտի է, Սեւանն ալ՝ Կէօքչայ… Վէճերը հարթուած կ’ըլլան:

Ի՞նչ կը մնայ Հայաստանէն զանազան ճանաչումներու եւ զիջումներու աւարտէն ետք:

            Հարցում. անկախութիւն՝ ո՞ր տարածքներու համար:

            Երեւակայեցէ՛ք, որ պարտուած Ֆրանսայի պետութեան ղեկավար մարաջախտ Ֆիլիփ Փեթէն տօնէր իր երկրի (կորսուած) անկախութեան օրը…

            Այս պահուս չեմ մտածեր Հանրապետութեան հրապարակի բեմահարթակէն հնչելիք սին յոյսերու, կորսուած պարտութիւնը շոյելիք եւ որպէս յաջողութիւն ներկայացնելու ճապկումներու մասին:

            Ամբոխահաճութիւնը (պոպուլիզմ) միշտ կրնայ ջահեր վառել, թշնամի թիրախներու վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել, զանոնք որպէս անվնաս եւ բարիք ներկայացնել, բթացնելով հպարտ քաղաքացիներու դատողութիւնը:

            Կը մտածեմ այն ժողովուրդին մասին, որ գլխիկոր պիտի գայ եւ պիտի լսէ ճառ՝ հողային զիջումներու գնով ստեղծուելիք  կոմունիկացիաներու մասին: Պիտի լսէ բարօրութեան եւ տնտեսական աճի մասին շլացնող խօսքեր: Բայց ոչ ոք պիտի անդրադառնայ, որ այլեւս անկախութիւնը պիտի վերածուի սոսկ տեսութեան՝ գիրքերու մէջ յիշուելու համար: Այս բոլորը՝ բարձրախօսներու աւետելիք անկախութեան, իմա՛ զիջումներու տօնէն եւ ստացուելիք նոր բարիքներու լոյսին տակ:

Յաճախ կը մտածեմ նաեւ, որ ժողովուրդը, վաղ թէ ուշ, իր ընդոծին ողջախոհութեամբ, պիտի անդրադառնայ, որ չարաշահուած է իր հայրենասիրական եւ արդարութեան ցանկութիւնը, ինք պիտի վերցնէ իր վստահութիւնը այն իշխանութենէն, որ իր յոյսերու թեւերուն վրայ տիրացած էր իշխանութեան:

            Բայց ուշացումը կրնայ ըլլալ վերջնական աղէտ:

            Փակագիծ մը, հեռատեսիլային հաղորդման մը թելադրութեամբ.

Ցեղասպանութեան թանգարանի նախկին տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, հեռատեսիլային հարցազրոյցի մը ընթացքին, բացորոշ կերպով յայտարարեց եւ փաստերով ներկայացուց, որ Հայաստան կը գտնուի մեծ դաւադրութեան մը ցանցին մէջ, գոյութիւն ունի Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութեան պարտադիր ծրագիր: Այսինքն, ինչպէս ընդունուած է ըսել, Հայաստանի մէջ կա՞յ  5-րդ Զօրասիւն մը (Cinquième Colonne): Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ 5-րդ Զօրասիւն: Կը թարգմանեմ անոր ֆրանսերէն սահմանումը. «Ան ընդհանրապէս կը գործածուի ցոյց տալու համար երկրի մը մէջ անտես թշնամի մը,- դաւաճաններ, լրտեսներ, թաքնուած քանդողներ»: Աւելի պարզ. Հայաստանի մէջ կա՞ն թշնամիին հետ գործակցողներ եւ երկրին դէմ դաւադրողներ: Հայկ Դեմոյեան ահազանգ հնչեցուց: Պէտք է յիշել, որ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները կարգ մը (չ)բարեկագրումներ ըրին ըստ «Իսթամպուլեան կոնվենցիա»-ի, որուն մասին այլեւս չի խօսուիր:

            Հակառակ տիրող մթնոլորտին եւ ամբոխահաճութեան (պոպուլիզմ) տիրապետութեան, պէտք է հաւատալ ժողովուրդի հայրենատիրական առողջ բնազդին եւ ողջախոհութեան: Հայրենատիրութիւնը զգացական հայրենասիրութենէ տարբեր որակ է:

            Պէտք չէ մոռնալ, որ այսօրուան ժողովուրդը շարունակութիւնն է անհաւասար կռիւի դաշտին վրայ Սարդարապատ կերտած մարդոց:

            Հայ ժողովուրդը պիտի անդրադառնայ, որ ներկայ իշխանութեան երեք տարիները բաւ եղան, որ ինչ որ կառուցուած էր Արցախեան Ազատագրական պոռթկումով, Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդի յաղթանակներով ձեռք բերուած եւ ամրացած Հայաստանի եւ Արցախի անկախութիւնները փուլ գան:

            Եւ պատմութեան առջեւ ժողովուրդը իր խօսքը պիտի ըսէ: Եթէ չըսէ ան ինքզինք պիտի դատապարտէ օտարման, այլացման:

            Ի հարկէ կայ պատմութեան խօսքը եւ վճիռը: Բայց կայ նաեւ հայ գրողի եւ բանաստեղծի սրտառուչ եւ յայտնատեսական  տեսիլքը, որ գիտակցական աստեղային պահու մը կ’իւրացուի ազգին կողմէ:

            Կը հաւատամ, որ դեռ պիտի կարենանք սթափիլ, դեռ պիտի հնչէ ժամը, բաբախելու համար բանաստեղծի սրտի զարկերուն հետ.

…Ու պէ՜տք է քայլե՜լ ու քայլե՜լ յամառ՝
Ապրելու հսկայ տենչը բեռ արած,
Քայլել անիմաստ մի կեանքի համար,
Մարել ու վառել աստղերը մարած,
Որ տիեզերքի զառանցանքը մառ
Չցնդի՜ երբեք ու մնայ երազ… (Եղիշէ Չարենց )

            Արժանապատուութեան տէր հայու եւ ազգի ապրելու հսկայ տենչը…