Շուէտի Խորհրդարանին Մէջ Ոգեկոչուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ապրիլ 23-ին Շուէտի խորհրդարանին մէջ՝ Ռիգստակ, Շուէտ–Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբին հետ համատեղ Հայաստանի դեսպանութիւնը կազմակերպեց Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ներկայ էին Շուէտի խորհրդարանի ներկայացուցիչներ, մշակութային գործիչներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Այս մասին կը յայտնեն դեսպանութենէն։

Ներկաները 1 րոպէ լռութեամբ յարգած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։

Հնչած է հայկական երաժշտութիւն եւ ցուցադրուած է «Փրկութեան քարտեզը» վաւերագրական ֆիլմը։

Ելոյթներով հանդէս եկած են դեսպան Աննա Աղաճանեանը, Ռիգստակի պատգամաւորներ Պիորն Սիոտերը եւ Արին Կարապետը՝ անդրադառնալով ապագայ ոճրագործութիւններու կանխարգիլման մեր համատեղ պատասխանատուութեան։

Դեսպան Աղաճանեանը իր խօսքին մէջ ընդգծած է Հայաստանի յանձնառութիւնը ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ կանխարգիլման միջազգային օրակարգին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման համար հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման։

Ձեռնարկի ծիրէն ներս յարգանքի տուրք մատուցուած է նաեւ Շուէտէն եւ Հիւսիսային Եւրոպայի այլ երկիրներէ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ ժողովուրդին աջակցութիւն ցուցաբերած միսիոներներու յիշատակին՝ ընդգծելով, որ անոնց մարդասիրական գործունէութեան ժառանգութիւնը մինչ օրս կը շարունակէ ներշնչել մեզ։