Դի­ւա­նա­գի­տա­կան Սայ­թա­քո՞ւմ… Կա՞մ Երկ­դի­մի Քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն. «Ազատ Օր»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած 50 եւ ա­ւե­լի դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, ո­րոնց կար­գին՝ նաեւ յոյն դես­պան Ն. ­Փի­փե­րի­կո­սի, բե­մադ­րո­ւած այ­ցե­լու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ բռնագ­րաւո­ւած ­Վա­րան­դա եւ ­Շու­շի քա­ղաք­նե­րը, դժգո­հու­թեան եւ բո­ղո­քի բուռն ա­լիք բարձ­րա­ցուց յու­նա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ։ Ար­ցա­խի գրա­ւեալ հո­ղե­րուն վրայ ­Յու­նաս­տա­նի դի­ւա­նա­գէ­տի ներ­կա­յու­թիւ­նը խստօ­րէն դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ յու­նա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն կող­մէ, ո­րուն հա­մար ա­նոնք բա­ցատ­րու­թիւն­ներ պա­հան­ջե­ցին երկ­րի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի կող­մէ։
Ան­մի­ջա­կան ե­ղաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը, որ նա­մակ յղեց յոյն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին, նշե­լով յու­նա­հա­յու­թեան հիաս­թա­փու­թիւ­նը՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի գրա­ւո­ւած հո­ղե­րուն վրայ յու­նա­կան ներ­կա­յու­թեան հա­մար։
­Մե­զի հա­մար ան­հասկ­նա­լի կը դառ­նայ յու­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան այս քայ­լը։ ­Զայն վե­րագ­րել դի­ւա­նա­գի­տա­կան սայ­թա­քու­մի՞, կա՞մ մտա­ծել թէ ան­ցեալ ­Սեպ­տեմ­բե­րին յոյն դես­պա­նի ան­ձին հան­դէպ Ա­լիե­ւի կո­պիտ վե­րա­բեր­մուն­քը դիւ­րաւ մոռ­ցո­ւե­ցաւ, ի խնդիր դի­ւա­նա­գի­տա­կան …եւ այլ կա­պե­րու ամ­րապն­դու­մին։
Իս­կա­պէս զար­մանք կը պատ­ճա­ռէ ­Յու­նաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, երբ ար­ցա­խեան 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն հել­լէն նա­խա­րա­րը Ե­րե­ւան իր այ­ցե­լու­թեամբ, հա­յան­պաստ յստակ կե­ցո­ւածք որ­դեգ­րեց, դա­տա­պար­տե­լով թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան եւ ա­նոնց վարձ­կան­նե­րու ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ­Ղա­րա­բա­ղի վրայ։
Այն ա­տեն էր, որ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ կարգ մը շրջա­նակ­ներ փու­թա­ցին դա­տա­պար­տել ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի հա­յա­մէտ դիր­քը եւ պա­հան­ջել նա­խա­րա­րէն չէ­զոք (ի­մա՝ ա­զե­րիա­մէտ) կե­ցո­ւածք պա­հել։
­Մի՞­թէ այդ շրջա­նակ­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ յու­նա­կան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ար­տօ­նու­թիւն տո­ւաւ իր դես­պա­նին «բա­րի վա­րուց» կե­ցո­ւածք ցու­ցա­բե­րել, մաս­նակ­ցե­լով ե­րե­ւու­թա­պէս «ծա­նօ­թաց­ման պարզ այ­ցե­լու­թեան» մը։
Յս­տակ է, որ ­Յու­նաս­տան չկա­րո­ղա­ցաւ խո­րա­պէս ընբռ­նել Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի խում­բի հա­մա­նա­խա­գա­հող եր­կիր­նե­րու՝ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու, ­Ռու­սիոյ եւ Ֆ­րան­սա­յի, ինչ­պէս նաեւ այլ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մեր­ժո­ղա­կան կե­ցո­ւած­քը՝ չըն­դա­ռա­ջե­լու ­Պա­քո­ւի կող­մէ սար­քո­ւած բե­մադ­րու­թեան։ ­Յու­նաս­տան նոյ­նիսկ օ­րի­նակ չա­ռաւ ­Կիպ­րո­սի մեր­ժո­ղա­կան կե­ցո­ւած­քէն, այս­պէս տեղ տա­լով Ատր­պէյ­ճա­նի նենգ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան՝ «օ­րի­նա­կաց­նե­լու» իր ներ­խու­ժու­մը ար­ցա­խեան տա­րածք­նե­րուն վրայ։
­Միայն ­Կիպ­րո­սի օ­րի­նա­կը բա­ւա­րար ազ­դակ մըն էր, որ­պէս­զի յու­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տա­կան գե­րա­տես­չու­թիւ­նը դէմ կանգ­նէր ատր­պէյ­ճա­նա­կան ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն, մեր­ժե­լով իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Այս պա­րա­գա­յին, յոյն-թրքա­կան հա­կա­մար­տու­թեան մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դիր­քո­րո­շու­մը ի նպաստ ­Թուր­քիոյ, ­Յու­նաս­տա­նի հա­մար զսպա­նակ չդար­ձաւ թուրք եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տա­կան խա­ղե­րուն դի­մաց։
­Բա­րե­կամ ­Յու­նաս­տա­նի դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը մեծ սայ­թա­քում մը ու­նե­ցաւ, նոյ­նիսկ ե­թէ տե­ղի տո­ւաւ զա­նա­զան «ճնշում­նե­րու»։ ­Հոս, ա­մէ­նէն զար­մա­նա­լին այն է, թէ երբ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ յու­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը իր ներ­կա­յու­թեամբ՝ կա­մայ թէ ա­կա­մայ, «կը հաս­տա­տէր» ատր­պէյ­ճա­նա­կան գրա­ւու­մի «օ­րի­նա­կա­նու­թիւն»ը, նոյն պա­հուն ­Հա­յաս­տա­նի բարձր ար­հես­տա­գի­տու­թեան նա­խա­րա­րը տե­սակ­ցու­թիւն կ­՚ու­նե­նար Ե­րե­ւա­նի մէջ յոյն դես­պա­նին հետ, միաս­նա­բար քննար­կե­լու հա­մար ռազ­մա­կան ար­դի մի­ջոց­նե­րու ար­տադ­րու­թեան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը…։
­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը ար­դա­րօ­րէն յստակ պա­տաս­խան եւ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ կը պա­հան­ջէ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն։ ­Հոս, հար­ցա­կա­նի տակ չի դրո­ւիր ­Յու­նաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­պեր ու­նե­նա­լու մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քը։
Երբ հար­ցը կը հաս­նի ա­զա­տու­թեան, ազ­գե­րու ինք­նո­րոշ­ման եւ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տու­թեան ջա­տա­գով ­Յու­նաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­յու­թեան հայ­կա­կան Ար­ցա­խի՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ գրա­ւեալ հո­ղե­րուն վրայ, այն պա­րա­գա­յին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­մէն ի­րա­ւունք ու­նի կար­գի հրա­ւի­րե­լու մեր ա­ւան­դա­կան դաշ­նա­կի­ցը։

Յ.Գ. ­Հա­յաս­տա­նի նախ­կին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­րա Այ­վա­զեա­նի եւ փոխ­նա­խա­րար­նե­րու հրա­ժա­րա­կա­նէն ետք, հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ան­տէր ըլ­լալ։ Ատր­պէյ­ճա­նա­կան ոտնձ­գու­թեան դէմ, անգ­լուխ մնա­ցած ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գե­րա­տես­չու­թիւ­նը մին­չեւ հի­մա ոչ մէկ յայ­տա­րա­րու­թիւն ը­րաւ, ոչ մէկ դի­մում կա­տա­րեց Ե.Ա.Հ.Կ.-ին կամ այլ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րուն։ ­Հա­կա­ռակ իր ընտ­րա­կան «յաղ­թա­նա­կին», ներ­կայ վար­չա­խում­բի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան սնան­կու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ տկա­րաց­նել ­Հա­յաս­տա­նի դիր­քը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս։
­Կը սպա­սենք, որ մեր դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն դի­մեն Ա­լիե­ւի սար­քած «խեղ­կա­տա­կու­թեան» մաս­նակ­ցող եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րուն՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­տի­ւին ու հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան դէմ ե­ղած ոտնձ­գու­թեան հա­մար։