Անթոյն Սլաք. Ո՞վ Է Չարը… (Ս. Մահսէրէճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մարդս երբեմն կը ստիպուի «չարանալ», երբ բազում չարիքներ կը կուտակուին իր դիմաց եւ կը ներկայանան իբրեւ բարիք:

… Ազերի բանակայիններ կը շարունակեն մնալ Հայաստանի հողին վրայ: Ազրպէյճանի դատարանները փաղանգ-փաղանգ հայ գերիներ բանտարկութեան կը դատապարտեն, նոր սպառնալիքներու ցանկեր կը կազմուին եւ… Հայաստանի իշխանութիւնները (հրաժարեա՞լ, իրողակա՞ն, վերադառնալու պատրաստուո՞ղ` ի՜նչ կարեւոր է որակումը) «Զաքարիայի լռութիւնը» կը պահպանեն ընդդէմ անծածկոյթ թշնամիին, սակայն մեծ փութկոտութիւն կը ցուցաբերեն` քաղաքական հակառակորդներ հետապնդելու, վարկաբեկելու եւ անոնց դէմ պողպատ գործածելու սպառնալիքներ տեղացնելով:

Ընտրութիւններէն առաջ բաւական հնչեղ էին Ազրպէյճանի` Թուրքիոյ գործակատարին հանդէպ բարի կամեցողութեան արտայայտութիւնները: «Կառուցողական քայլի դէմ կառուցողական քայլ կ՛առնենք» քարոզչութեամբ գունազարդուեցաւ, 15 գերիի վերադարձին դիմաց (կրկնենք, անվիճելիօրէն դրական իրագործում), ականապատուած տարածուն դաշտերու քարտէսներու փոխանցումը: Ալիեւի ժպիտը ականջներուն հասաւ: Զուգահեռաբար, յանկերգի վերածուած էին ու յանկերգ ալ կը մնան «ճամբաները պիտի բանանք», «դրամ պիտի հոսի», «լաւ պիտի ապրինք»-ները, մինչդեռ կարգ մը իրապաշտներ կը յուշեն, որ վրացական Պաթումը քանի մը տարուան մէջ վերածուած է թրքական քաղաքի (չենք մոռցած, որ հոն թուրքեր եղած են վաղուց, սակայն գերիշխանութեան իրողական կորուստը տարբեր բան է):

Չերկարենք. անմիջական եւ աւելի հեռաւոր ապագայի մասին ահազանգերը այնքա՛ն կրկնուեցան ու կը կրկնուին, որ կարծէք թէ մոռացութեան տոպրակը նետուած են անմիջական անցեալի ԻՐԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒՀԱՍՆԵՐԸ` Արցախի մէջ հողերու եւ կեանքերու կորուստը, Հայաստանի ուղղուած սպառնալիքներուն իրականացման մեկնարկը եւ այլն:  Բացի իշխանութիւններէն, ազերիական (եւ թրքական) իրական քայլերուն մէջ ոեւէ մէկը կառուցողական միտում կամ կամք չի տեսներ, իսկ անոնք, որոնք խանդավառ են ընտրութեանց անմիջական արդիւնքներով, կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, իրենք զիրենք կը խաբեն (ինքնախաբէութիւնը եօթը մահացու մեղքերէն մէկը չէ, ու եթէ Աստուած ներէ, ազգն ու պատմութիւնը չեն կրնար ներել…):

Այս բոլոր «բարիքներ»-ն ու «կառուցողական քայլեր»-ը աչքի առջեւ շարելով` այսօր կ՛ուզեմ «չարանալ» եւ ընթերցողիս հետ բաժնեկցիլ «կառուցողական տրամադրութիւն» արտայայտող հին երգ մը (մասնաւորաբար` անոր կրկներգի տեղերը), որ մինչեւ 60-ական եւ կանուխ 70-ական տարիներ կը հնչէր Երեւանէն (երգողները վկայած են, որ եղածը պարտադրանք էր. իսկ այսօրուան «եղբայրութիւն»-ը պարտադրողը ո՞վ է…): Խորագիրն է «Երգ բարեկամութեան», որուն յղացքն ու տրամաբանութիւնը ո՛չ անցեալին, ո՛չ ալ այսօր երկար մեկնաբանութեան կը կարօտին (ասոր տարբերակներն էին Ստալինը գովաբանող երգերը, որոնց հնչումները դադրեցան կցուած երգէն տարիներ առաջ, երբ չարաշուք բռնապետը պատմութեան աղբանոցը նետուեցաւ):

Կարդացէ՛ք ու յիշեցէ՛ք` առանց ինծի պէս… չարանալու: