Վերասրել Հաւաքական Զգայնութիւնը («Ազդակ»)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքները նոր մեկնարկ չապահովեցին երկրի արտաքին եւ ներքին ճգնաժամերու հանգուցալուծման: Հայ քաղաքական միտքը երկու ուղղութեամբ հիմնական առաջադրանքներ ձեւակերպած էր  ներքին համերաշխութեան  եւ արտաքին առումով` արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման:

Բաժանարար եւ սպառնալից հռետորաբանութեամբ եւ քայլերով յատկանշուած ներհասարակական դաշտը յառաջացուցած եւ պատերազմ պարտուած, տարածքներ զիջած  եւ պարտուողական յայտարարութիւն ստորագրած պատասխանատու ուժը վերարտադրուած է:

Եղելոյթը, ըստ էութեան, շատ աւելի խոր քննարկումի կը կարօտի: Ընդհանրացումը, թէ` անցեալի վերադարձի մերժումով կը պայմանաւորուի գործող իշխանութեան հանդէպ մեծամասնական ընտրազանգուածի կեդրոնացումը, կը թուի, որ միակ պատճառը չէ այս արդիւնքներու գրանցման:

Պատերազմի արդիւնքները ընդունելու ժողովրդային տրամադրութիւններու ալիքի երեւոյթը պէտք է իր բացատրութիւնները գտնէ: Ի՞նչ հանգամանքներու կուտակումն էր, որ մեր հաւաքական զգայնութիւնը բթացուց` ի դէմս նոր ցեղասպանական արարքներ փորձած թուրքեւազրպէյճանական ռազմական գործողութիւններուն:

Աւելի խոր ուսումնասիրութեան կը կարօտի այն, որ պարտութենէն ետք զանգուածային տեսք չստացաւ  համաժողովրդային ցասումը եւ ատով իսկ չյաջողեցաւ իրականացնել իշխանափոխութիւնը:

Տակաւին  ըմբռնելի չէ սահմանային ոտնձգութիւններուն դիմաց ժողովրդային ծառացումի բացակայութիւնը:

Իրականութիւններու հետ հաշտեցումի ընթացքը, նման արհաւիրքներու մէջ բնականոն պայմաններով կեանքը շարունակելը իր հարցականները ունի դեռ:

Չենք կրնար համաշխարհայնացումին, անկէ բխող հետեւանքներուն կամ միայն ոչ կառավարական զանազան կազմակերպութիւններու տարած աշխատանքներուն արդիւնք սեպել եւ կարգախօսային պատճառահետեւանքային տեսութեամբ բացատրել ազգային հաւաքական զգայնութեան չէզոքացումի երեւոյթը:

88-ի շարժման, 90-ականներու ազատամարտին, ապրիլեան պատերազմին եւ այս բոլորին դիմաց 44-օրեայ պատերազմին նկատմամբ համաժողովրդային արձագանգումները, հակազդեցութիւնները, բայց մանաւանդ արդիւնքները ընդունելու-չընդունելու իրականութիւնները տրամագծօրէն հակոտնեայ են:

Մինչեւ գնահատական չստանան այս բոլորի պատճառահետեւանքային կապերը, հայ քաղաքական միտքին համար անորոշ պիտի մնան վերջին ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններէն ետք արձանագրուած արդիւնքները:

Գուցէ համալիր են պատճառները` կրթական, մշակութային, քաղաքական, ընկերաբանական, արժեհամակարգային: Եւ խնդիրը այնքան պարզ չէ, ընդունելու համար միայն աշխարհաքաղաքական տարողութեան մէջ գերտէրութիւններու համաձայնութիւններով պարտադրուած իրողութիւններու դէմ անզօրութեան զգացումը:

Բուն խնդիրը այդ բոլորին հանգիստ ընկալումն է եւ այդ հանգստութիւնը երկարաձգելու ժողովրդային դրսեւորումը:

Այո՛. զգալի է հասարակական որոշ խաւի մտածողութիւնը: Խաղաղութիւն, ապաշրջափակում, անվտանգ ծառայութիւն, բաց սահմաններ, ազատ առեւտուր, կենսամակարդակի բարձրացում եւ ածանցեալ նախատեսումներ: Այս բոլորը  կ՛արագացնեն ազգային զգայնութեան թուլացման գործընթացը:

Պետական եւ հասարակական կեանքը պիտի շարունակուի անկասկած. այս բոլորին առընթեր գնահատական պէտք է ստանայ համալիր դրուածքով` ժողովուրդի ազգային դիմադրողականութեան եւ զգայնութեան  հաւաքական հոգեկերտուածքի ձեւախեղման պատճառահետեւանքային հոլովոյթը:

Այդ զգայնութեան վերասրումն է միայն, որ կրնայ կանխարգիլել հետագայ յանձնուողականութիւնն ու նոր մեկնարկ ապահովել պետականութեան վերականգնման եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին: