Հետեւելով Հայաստանի Մամուլի Մէջ Արտայայտուած Միտքերուն (Մարք Յարութիւնեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ի հարկէ դեռ կանուխ է նախատեսութիւններ ընելու՝ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի արտահերթ ընտրութենէն ետք ներկայացող այն բազմաթիւ խճճուած եւ հանրային կարծիքը շուարումի մատնող հարցերուն գծով:

Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեան յայտարարութենէն ի վեր ականատես եւ ականջալուր եղանք «վարչապետի համար 1»-ով ընտրութեան ներկայացող բազմաթիւ եւ նորանուն կուսակցութիւններու: Եթէ Հայաստանի կեանքին եւ ընտրութեան հետեւողը չգիտնար, որ ան փոքրիկ երկիր մըն է եւ լաւատեսութեամբ երեք միլիոն բնակիչ ունի, պիտի խորհէր, որ ընտրութիւնը կը վերաբերէր Պրազիլի տարածութեամբ եւ Հնդկաստանի բնակչութեամբ երկրի մը:

Այսօր Հայաստանեան թերթի մը մէջ կարդացի պարզ եւ բիրտ բանաձեւում մը. «Ձայն փոշիացնող կուսակցութիւններ», թերեւս պէտք է աւելցնել նաեւ՝ «ժողովրդավարութիւնը չարաշահող եւ խանգարող կուսակցութիւններ»: Արդարեւ, ազգային-քաղաքական իրատեսութիւնը, տարրական ողջախոհութիւնը, պիտի թելադրէին հասկնալ, թէ ինչո՞ւ պահանջուած էր ընտրութիւն եւ ինչո՞ւ ան տեղի կ’ունենար: Եթէ այս հարցումներուն պատասխանած ըլլային շուրջ քսան «ձայն փոշիացնող կուսակցութիւնները», որոնք գարնան առաջին արեւէն եւ անձրեւէն ծլած ծաղիկի նման էին, եւ դատապարտուած էին ունենալու անոնց կեանքի տեւողութիւնը, այդքան չէին բազմանար: Պահը լուրջ էր: Հայրենիքի հարց ունէինք եւ ոչ աթոռ-աթոռակի:

Եթէ սունկի պէս բուսած եւ քանի մը անձերու շուրջ յայտարարուած խարիսխ չունեցող կուսակցութիւնները չպղտորէին հրապարակը, իսկական քաղաքական վիճարկում տեղի կ’ունենար, փոխան հաճոյակատարական հեռատեսիլային զրոյց-կլոր սեղաններու, երբ մարդիկ իրենց ուղեղները կը քերէին տարբեր կամ խելօք բան ըսելու համար:

Ի՞նչ բերին ձայներու գրեթէ զերոյական տոկոսները ինքնագոհ-ինքնակոչ մարգարէներու, նախախնամականի պարեգօտ հագած անձերու, որոնք մոռցած էին օրուան հրատապ գերխնդիրը, որուն համար իբրեւ թէ հրապարակ իջած էին. Հայրենիքը փակուղի առաջնորդած իշխանութեան մերժումը: Հիմա հաշուեկշիռ պէտք է ընել եւ համեստանալ:

Մեր ժողովուրդը սովորութիւն ունի իր մեռած մտաւորականները,- գրող եւ արուեստագէտ, քաղաքական ազնիւ գործիչ,- պանծացնելու, բայց չի տեսներ եւ չի լսեր զանոնք երբ ողջ են, երբ իրենց հետ են: Երբ անոնք կը խօսին եւ կը գրեն անմիջական ներկային մէջ, չեն լսուիր: Այս մասին մտածեցի այսօր, երբ կարդացի, 124 մտաւորականներու ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԴԱՇԻՆՔին ի նպաստ կոչին մասնակից հայրենի գրող Գուրգէն Խանջեանի խօսքերը, տարածուած Télégramm-ով: Կ’արտագրեմ հատուածներ.

. «… Ես հիմա աշխատում եմ չմտածել այդ ուղղութեամբ (ընտրութեան հետեւանքներու), որովհետեւ արդէն անիմաստ է: Փաստօրէն, չգիտեմ, գուցէ խախտումներ եղել են, թէ չեն եղել, բայց փաստը մնում է փաստ, որ ժողովուրդը գտաւ իր առաջնորդին նորից, նորից գրկախառնուեցին եւ այդպէս գրկախառն՝ Հայաստանը չգիտեմ, թէ ուր կը տանեն: Յամենայն դէպս, լաւ Հայաստան ես չեմ սպասում:… Ներդաշնակուեցին իրար հետ:  Խելացի մասը, ի հարկէ, չէ, ով դէմ քուէարկեց, իսկապէս հեռուն տեսնող՝ խելացի մարդիկ էին: Բայց իրեն ներդաշնակ մարդիկ, իրեն նման մարդիկ… դրանց վրայ յենուելով, թէ ինչ կը կարողանան կառուցել, թէ ինքն առհասարակ կառուցելու միտք ունի եւ ընդունակ է, ես չգիտեմ, արդէն կ’երեւայ… Չնայած՝ ի՞նչ պիտի երեւայ, տեսանք, էլի, 3 տարուայ մէջ: Մի խօսքով, ոչ մի լաւ բան չեմ սպասում»:…

. «… դեռեւս 30 տարի առաջ մենք աւելի նորմալ էինք, շատ աւելի հայրենասէր, շատ աւելի հեռատես էինք: Ի՞նչ կատարուեց, ինչի՞ այսպէս եկանք այդ վիճակին: Դրա պատասխանը, ի հարկէ կայ, բայց պէտք է փնտռել սա: Ես մենակ չեմ կարող, ե՛ւ հոգեբաններ են պէտք, ե՛ւ սոցիոլոգներ են պէտք: Ես ընդամէնը իմ գրողական հայեացքով եմ նայում»:

Ցանկալի հաշուեկշիռը ըրած է քաղաքական փառասիրութիւն չունեցող հայրենի գրող Գուրգէն Խանջեան: Ուշադրութեամբ պէտք է հետեւիլ բնորոշումներուն, մանաւանդ երբ ողջմտութեամբ կ’ըսէ. « ինչ կը կարողանան կառուցել, թէ ինքն առհասարակ կառուցելու միտք ունի եւ ընդունակ է, ես չգիտեմ, արդէն կ’երեւայ… Չնայած՝ ի՞նչ պիտի երեւայ, տեսանք, էլի, երեք տարուայ մէջ»:

Ատելութեան տարազներ հագած զանգուածը չի լսեր, չ’ուզեր լսել Գուրգէն Խանջեանը եւ անոր անոր նմանները:

Հայաստանեան մամուլի պարզաբանումները եւ գնահատումները մեծապէս լուսաբանող են, ի հարկէ, եթէ ընթերցող եւ լսող ունենան, երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս:

ԻՐԱՒՈՒՆՔի մէջ, Ա. Յովհաննիսեանի ստորագրութեամբ յօդուածը լուսաբանող է եւ միաժամանակ՝ յուսահատեցնող: Կ’առանձնացնեմ կարգ մը հաստատումներ:

ա. Հայաստանի ԱԺ արտահերթ ընտրութիւնները  ցոյց են տալիս, որ  բնակչութեան գրեթէ կէսը  ամբողջութեամբ անտարբեր է երկրի ապագայի նկատմամբ եւ չի մասնակցում ընտրութիւններին:

բ. Ընտրութիւններին մասնակցողներից էլ մօտ 65 տոկոսը պատրաստ է հողեր յանձնել Ադրբեջանին ու Թուրքիային միայն թէ չկռուել սեփական հայրենիքի համար: Այդ 60 տոկոսի մեջ մտնում են Նիկոլին ընտրողները` 55 տոկոս,  «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ընտրողները` 3  տոկոս, Լեւոն Տեր-Պետրոսեանին ընտրողները` 1,5 տոկոս, Շիրինեան-Բաբաջանեանի 1,4 տոկոսը, ԱԺԲ-ի 1,4 տոկոսը:

գ. Ինչպէս յայտնի է Նիկոլը հայրենիքի հողերը թշնամուն յանձնելուց  խոստովանեց, որ դրանով փրկում է  շուրջ  Արցախում կանգնած 35 հազար զօրքը: …  ինչպէս յայտնի է արցախեան պատերազմում չներգրաւուեց բանակի կէսից աւելին, իսկ պատերազմից յետոյ (Նիկոլը) դադարեցրեց  Հայաստանի Հանրապետութիւնից զօրակոչիկներին Արցախի պաշտպանութեանը ուղարկել: Սյունիքի եւ Գեղարքունիքի մարզեր մխրճուած թշնամու դէմ էլ արգելեց կրակ բացել:

դ. Արդեօք ի՞նչ ապագայ ունի մի պետութիւն, որի բնակչութեան ընդամէնը 15 տոկոսն է ցանկանում տեսնել սեփական երկրի պաշտպանութիւնը, իսկ մնացածը պատրաստ են յանձնել սեփական երկրի տարածքները միայն թե չկռուեն դրանց համար: Այս առումով, վերլուծելով Հայաստանի  ընտրութիւնների արդիւնքները կարելի է հարց տալ, իսկ արդեօ՞ք հայերին պէտք է անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստան (ընդգծ. Մ.Յ..):

Եթէ վերականգնումի, տոկալու եւ տեւելու կարիք ունեցող Հայաստանի ժողովուրդը այս պատկերը ունի իր պատմութեան ներկայ հանգրուանին, վաղուան համար լաւատես չենք կրնար ըլլալ, քանի որ զանգուածը դադրած է հայրենասէր-հայրենատէր ըլլալէ: Հայրենատիրութիւնը կը պահանջէ ոչ միայն գիտակացութիւն, որ յաճախ խօսքէն անդին չ’անցնիր, կամ կը կռթնի դուրսէն գալիք ուժի, այլ՝ պատասխանատու յանձնառութիւն, անձի ներդրում: Ա. Յովհաննիսեանի հարցումը պէ՞տք է համարել եզրակացութիւն. «… արդեօ՞ք հայերին պէտք է անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստան»…

Այս տխրեցնող հարցումին առանց խուսանաւումի պէտք է պատասխանէ Հայաստանը, իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, մտաւորականութիւն եւ զանգուած: Իրականութիւնը այնպէս է, որ այո՛ կամ ո՛չ  պատասխանէն զատ ուրիշ ճապկումներով խօսիլ պիտի նմանի հրեշտակներու սեռը ճշդելու վէճերու:

Կ’ունենա՞նք մտաւորականութիւն եւ ազգային հարազատութեամբ բաբախող ղեկավարութիւն, որ կարենան տկարացումները, զարտուղութիւնները եւ հրաժարումները յաղթահարել, իսկապէս միացնել, ատելութիւն եւ հրահրուած նախանձ վերացնել: Այս ընելու համար ՄԵԾՈՒԹԻՒՆ պէտք է, որուն յատկանիշներն են հանդուրժողութիւնը, անյիշաչարութինը, սխալներու գերանցումը, զոհողութիւնը եւ սեփական եսի դէմ պայքարը: Ընդունիլ միւսը, իմաստասէրին պէս ըսել՝ «միւսին իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»: Այսօ՛ր եթէ այս չկարենանք ընել, կը յանգինք վերը նշուած Ա. Յովհաննիսեանի եզրակացութեան, զոր չեմ կրկներ ինքնամտրակում չընելու համար:

Ա. Յովհաննիսեանի, «արդեօ՞ք հայերին պէտք է անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստան»ի մէջ գտնուիղ «հայերին»ի մէջ ան կը տեսնէ՞ նաեւ սփիւռքը եւ սփիւռքը կը տեսնէ՞ ինքզինք: Եւ ինչպէ՞ս: Այս խնդիրը ազգային հիմնական օրակարգ պէտք է ըլլլար ներսը եւ դուրսը, բայց, ցարդ եղած բոլոր նախաձեռնութիւնները, ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն, եղած են կոսմեդիկ, չեն եղած հիմնահարց, չեն յանգած պարտքի եւ իրաւունքի բանաձեւումով եզրակացութիւններու:

Թերեւս կրկնութիւն պիտի համարուի, բայց պիտի ունենա՞նք ազգային-քաղաքական տեսիլք եւ գործնապաշտութիւն՝ ընելու այնպէս, «… արդեօ՞ք հայերին պէտք է անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստան» խօսքի «հայերին»ը չհասկցուի միայն «հայաստանցիներին», այլ՝ իրապէս համայն հայութեան իմաստով:

Այս ըմբռնումը կենսագործել, բանիւ եւ գործով, կ’ըլլայ հայ ազգային իրաւ եւ ապագայատես յեղափոխութիւն, որմէ փարսախներով հեռու ենք, ներսը եւ դուրսը:

Այս ընելու համար, ո՛չ աթոռ-աթոռակի հետամուտ, այլ ժամանակին եւ կացութեան տիրապետող ղեկավարում պէտք է, ըմբռնում եւ տեսիլք:

Փարիզ