Հայ Դատը Երկրորդականի Աշակերտներու Յատուկ Դաստիարակչական Հաւաքի Կը Նախաձեռնէ

Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նախաձեռնած է երկրորդականի վարժարաններու աշակերտներու յատուկ դաստիարակչական մէկ շաբաթեայ հաւաքի մը, որ տեղի պիտի ունենայ 9-13 Օգոստոսին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրներու վարիչ Ալեքս Մանուկեան կը յայտնէ, թէ հաւաքին մասնակցողները մօտէն պիտի ծանօթանան մայրաքաղաքի քաղաքական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հայութեան շահերը ջատագովելու, Արցախի իրաւունքները պաշտպանելու եւ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւններու սերտացման համար տարուող աշխատանքներուն, ղեկավարման մարզին մէջ յատկանշական փորձառութիւն ձեռք ձգելով։

17-19 տարեկան միայն 10 աշակերտներ պիտի մասնակցին հաւաքին։ Հետաքրքրուողները կրնան դիմումնագիրները ամբողջացնել կայքէջին վրայ։ Դիմումները պէտք է ամբողջացուին մինչեւ 9 Յուլիս։