Թուրքիոյ Մէջ Հայերու Համար Հիմնուած Պարտիզակի Նշանաւոր Վարժարանի Զգալի Մասը Աւերուած է (լուսանկարներ, տեսանիւթ)

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ Քոճաէլի նահանգի Պահչեճիք շրջանին մէջ (նախկին հայկական Պարտիզակ աւան) բողոքական ամերիկացիներու կողմէ 1873-ին հայերու համար կառուցուած էր Պարտիզակի երբեմնի հռչակաւոր վարժարանային համալիրը։ Այդ կառոյցէն այսօր մնացած է քիչ բան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Ցեղասպանութենէն ետք լքուած վարժարանը 1898-ին վերածուած էր 6 հեկտար հողակտոր զբաղցնող ընդարձակ համալիրի, որ կ՝ընդգրկէր գիշերօթիկ դպրոց, նախակրթարան, մանկատուն եւ մասնագիտական դպրոց, ինչպէս նաեւ տպարան, գրադարան, լուացքատուն եւ ջուրի պահեստարան:


Կանգուն մնացած գիշերօթիկի շէնքը, մատուռն ու ջուրի ստորգետնեայ պահեստարանը հիմա կը հանդիսանան մասնաւոր սեփականութիւն եւ որեւէ կերպով չեն օգտագործուիր:

Շինութիւնները, որոնք լքուած վիճակի մէջ ալ բաւական ազդեցիկ տեսք ունին, տարիներ շարունակ անխնամ մնալու պատճառով քայքայուած են, որ կրնայ ապագային անոնց փլուզման պատճառ դառնալ:

Ի դէպ՝  Պարտիզակի Ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ ուսում ստացած են հայ ազգի շարք մը երախտաւորներ, ինչպէս արեւմտահայ յայտնի բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակը, ուսուցիչ ու խմբագիր Գէորգ Կառվարենցը (Արապաջեան), գրող, հրատարակիչ, լրագրող, մարզիչ, «Մարմնամարզ» մարզական թերթի խմբագիր, Շաւարշ Քրիսեանը, փրոֆէսըր Միքայէլ Մինասեանը եւ ուրիշներ: