Սլաքներ.- Անգլուխ Հայաստան… (Ս. Մահսէրէճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Արա Այվազեանի հրաժարականէն ետք, փոխ արտաքին գործոց բոլոր նախարարները հրաժարական տուած են: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինեան ճիգ կ’ընէ փոխարինողներ գտնելու, բայց չի յաջողիր: Նախարարութիւնը մինչեւ իսկ պաշտօնական բանբեր չունի: Փաստօրէն, Հայաստանի դիւանագիտութեան մարզը, որ, ըստ Այվազեանի՝ չէ պարտուած (պարտութիւնը քանի՞ անուն կ’ունենայ…), մնացած է անգլուխ:

***

Հրաժարեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ընտրապայքարի դաշտը նախընտրելով՝ ինքն իրեն արձակուրդ տուած է մինչեւ ընտրութիւններու նախօրեակը, ջղագարի շարժումներով բոց ու կրակ կը ժայթքէ… ընդդիմադիրներուն դէմ, սպառնալիքներ կ’արձակէ մինչեւ իսկ իր կողքին քալողներու, որոնք յայտնապէս (իր տրամաբանութեամբ) չեն շարժիր իր պատկերացումներուն համաձայն: Ուրեմն, հրաժարեալ կառավարութիւնն ալ մնացած է անգլուխ: Կատակասէր մը ըսած է. Հայաստան արդէն անգլուխ է գոնէ 10 Նոյեմբեր 2020-էն ի վեր: Ի՜նչ տարբերութիւն…

***

Հայաստանը ամիսներէ ի վեր իրողապէս անգլուխ գտած Ատրպէյճանը ամէն օր նոր ոտնձգութիւն մը կը կատարէ եւ կը մնայ անփոխադարձ: Վերջին նորութիւնը՝ «մարախուղի հետեւանքով ճամբան կորսնցուցած» հայ զինուորի մը գերեվարումն է (ո՞վ կ’ըսէ, թէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հնարագէտ չէ եւ գլուխ չունի): Ան աւելցած է քաղաքական սակարկութեան վերածուած մեր զինուորներուն եւ քաղաքայիններուն վրայ: Անգլուխ Հայաստանը Եւրոպայի եւ այլոց դուռները ափ առած է, հաւատարիմ մնալով «հարցերը դիւանագիտական միջոցներով պիտի լուծենք»ի խոստումին (որո՞ւ հոգը, որ դիւանագիտութիւնը անգլուխ է): Ցաւոտ սրտով մէկը հարց տուեր է. ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ ազերիները հարիւրով ու հազարով Հայաստան կը թափանցեն, դիրքեր կը գրաւեն, կ’ամրանան, քանի մը օրը անգամ մը նոր գերիներ կ’որսան, իսկ մենք ինքնապաշտպանութիւն ըսուածը մոռցած ենք, անոնցմէ հատ մը կամ տասնեակ մը չեն կրնար գերի բռնել եւ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱն ՀԱՄԱՐ ԱՒԵԼԻ ԱՄՈՒՐ ԴԻՐՔ ԱՊԱՀՈՎԵԼ:

…Այսպիսի՛ «գլուխո՞վ» կ’ուզեն պահել իշխանութիւնը:

***

Փաշինեան յայտարարեր է, որ Ատրպէյճանի ձեռքին գերի բռնուած հայերը կրնան իրեն երկու ամիս ալ ներել, եթէ իրենց ազատութիւնը չկարենայ ձեռք չբերել, սակայն պիտի չներեն՝ եթէ ինքնիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը կորսնցնենք:

Ինչպիսի՞ գլուխէ մը կրնայ բխիլ նման հանճարե՜ղ մտածում մը. Արցախի երեք-քառորդի կորուստէն, Հայաստանէն ներս ազերիական թափանցումներէն (ըստ ոչ-ամբողջական հաշուարկներու, արդէն սահմանային գօտիներէ ԳՐԱՒԱԾ-ՆՍՏԱԾ են մօտաւորապէս 100 քառ. քլմ. տարածութիւն, ակնդէտ կը սպասեն «կղզեակներու վերադարձ»ի փաշինեանական խոստումին իրականացման), օր-ցերեկով գերեվարութիւններէ եւ բազմատեսակ ոտնձգութիւններէ ետք, ի՞նչ ինքնիշխանութեան մասին է խօսքը: Սրամիտ մը նկատեր է, որ Փաշինեան չէ խօսած ՀՈՂԵՐՈՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ պահպանումին մասին:

***

Պաշտօնական ընտրապայքարի շոգեկառքը երկու օրէ ի վեր կը սուրայ ամբողջ ուժով: Մօտէն հետեւողը կը հասնի այն համոզումին, որ մրցադաշտ մտնողներուն մեծ մասը կը գործէ «ամէն գլուխէ ձայն մը» տրամաբանութեամբ (վարչապետի աթոռին աչք ունին աւելի քան 20 թեկնածու): Լուրջ քննարկում եւ հաւաստի խոստումներ կը լսուին միայն քանի մը կողմերէ: Իշխանաւորներուն հաւատք ընծայել՝ կը նշանակէ տուայտիլ 3 տարի առաջուան մթնոլորտին մէջ, մինչդեռ Սեպտեմբերի վերջին օրերէն ի վեր բոլոր երազներն ու խոստումները ջարդ ու փշուր եղած են: («Քալողներ»ը կրնան նոր կորուստներ ալ «պարգեւել»: Բարեմիտ քրիստոնեայ մը պիտի ըսէր. «Հայաստա՛ն, ներէ՜ անոնց, զի չեն գիտեր թէ ի՞նչ կ’ընեն կամ կը խօսին»…)

***

Անգլերէն խօսք մը կայ. «Ամէն մութ ամպ արծաթեայ երիզ մը կ’ունենայ»: Հայաստանի մէջ ալ ամէն բան տժգոյն չէ (Շուշիի կամ… Սիւնիքի այս կամ այն գիւղին պէս): Երեքշաբթի, 8 Յունիսին, Հայաստանի մէջ Պսակաւոր ժահրի հետեւանքով ՄԱՀ ՉԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ (առաջինը՝ աւելի քան տարիէ մը ի վեր): Տեղ մը գլուխ(ներ) մնացած է ուրեմն: Մի՛ յուսահատիք: