Ազրպէյճանին Օժանդակութիւն Տրամադրելու եւ Հայ Ռազմագերիներու Հարցերով՝ ԱՄՆ Ծերակոյտի ԱՅՅ Անդամները Պայտընի Վարչակազմէն Պատասխան Կը Պահանջեն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Յունիս 8-ին, 2022թ. գանձային (fiscal) տարուան համար, ԱՄՆ արտաքին օժանդակութեան պիւտճէի նախագիծի լսումներուն ժամանակ, ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամները եւ հայկական հարցերով հետաքրքրուած ծերակուտականները, մասնաւորապէս յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեսը, Պարպըրա Լին, Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Պրետ Շերմանը ԱՄՆ Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին հարցեր ուղղած են՝ Սպիտակ տան վարչակազմին կողմէ «907-րդ բանաձեւ»ի կատարումէն հրաժարելու, Ազրպէյճանին օժանդակութիւն տրամադրելու եւ հայ ռազմագերիներու խնդիրներուն վերաբերեալ։ Բարձրաձայնուած են նաեւ Թուրքիոյ՝ հարեւան բոլոր տարածաշրջանները ապակայունացնող քաղաքականութեան եւ այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու համատարած խախտումներու, մասնաւորապէս լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու ձերբակալութիւններու հարցերը։ Մենենտես հետաքրքրուած է, թէ ինչ կ՝ընէ Ուաշինկթընը՝ «էրտողանական Թուրքիոյ հակազդելու համար»։

Լսումներուն ժամանակ յանձնաժողովի նախագահ, ծերակուտական Մենենտես մասնաւորապէս ըսած է, որ ինքը հիասթափուած է վարչակազմին կողմէ «907-րդ բանաձեւ»ի պահանջներու հրաժարումէն, երբ Ազրպէյճանը յարձակեցաւ Արցախի վրայ։ Մենենտես նկատած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժելու եւ գերիները անօրինաբար պահելու ետնապատկերին վրայ, վարչակազմին կողմէ «907-րդ բանաձեւ»էն հրաժարումը, Պաքուն կրնայ դիտել, իբրեւ «կանաչ լոյս՝ անպատիժ գործելու համար»։

«907-րդ բանաձեւ»ի պահանջներէն հրաժարելու եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան խախտման հարցերը բարձրացուցին նաեւ Պրետ Շերմանն ու Պարպըրա Լին, վերջինս խնդիրը պետական քարտուղարին հետ պիտի քննարկէ գրաւոր ընթացակարգով։

Ի պատասխան հնչած դիտարկումներուն՝ պետական քարտուղար Պլինքըն նշած է, թէ բարձրացուած հարցերը պէտք է ըլլան պետական քարտուղարութեան ուշադրութեան տակ եւ, որ ինքը անձամբ աշխատած է գերիներու վերադարձի եւ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած գործնական բանակցութիւններուն ուղղութեամբ եւ քիչ մը առաջընթաց տեսնելու յոյս ունի։

Թուրքիոյ վերաբերեալ բարձրացուած հարցերուն ի պատասխան՝ Պլինքըն նկատած է, որ պետական քարտուղարութիւնը կը կիսէ բարձրացուած մտահոգութիւնները եւ Թուրքիան ուղղակիօրէն կը ներգրաւէ անոնց շուրջ քննարկումներուն։

Մեկնաբանելով լսումները՝ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նշած է․ «Մենք կը միանանք մեր քոնկրեսական բարեկամներուն` պահանջելով անյապաղ դադրեցնել ԱՄՆ-ի ռազմական եւ ցանկացած տեսակի օգնութիւն Ազրպէյճանին։ ԱՄՆ հարկատուներէն ոչ մէկ տոլար պէտք է փոխանցուի Ալիեւի քարիւղով հարուստ, ռասիստական եւ բռնատիրական վարչաձեւին»:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

09.06.2021 թ.