«Աւետիս Պուլուզեան» Բարեգործական Հասարակական Կազմակերպութիւն

Այլեւայլ, Հայաստան

«Աւետիս Պուլուզեան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է Աւետիս Պուլուզեանի ծնողներուն միջոցով` ի յիշատակ իրենց զաւակի բարեգործական գործունէութիւն իրականացնելու համար:

«Աւետիս Պուլուզեան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան կանոնադրութեան մէջ` որպէս գործունէութեան առարկայ եւ նպատակ, յատկապէս կը նշուի.

ա.- Ծրագրել, միջոցներ հայթայթել եւ իրականացնել բարեգործական  գործունէութիւն,

բ.- Բարեգործական նպատակով ծրագրերու նախագիծեր ներկայացնել շահագրգիռ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու,

գ.- Իրականացնել անհատներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ ֆինանսաւորուող կամ կազմակերպուող բերեգործական ծրագրեր,

դ.- Վերահսկել եւ զեկոյցներ ներկայացնել շահագրգիռ կազմակերպութիւններու եւ անհատներու կողմէ իրականացուող  բարեգործական ծրագրերու կապակցութեամբ:

Որպէս մօտակայ ժամանակահատուածին իրականացուելիք ծրագիր` կը նախատեսուի 2021 թուականի Հոկտեմբերին բժշկութեան բաժանմունքի ուսանողներուն յատկացնել օժանդակութեան գումարներ: Յատկացում ստացողներուն թիւն ու գումարի չափը պիտի ճշդուին՝ նկատի ունենալով գոյացուած ֆինանսական միջոցներուն չափը: Շահառու ուսանողները պիտի ընտրուին իրենց կողմէ ներկայացուցած բնութագրերուն հիման վրայ: Կը նախատեսուի, ֆինանսական բաւարար միջոցներու հաւաքագրման պարագային, որոշակի գումար ձեւակերպել որպէս դրամատնային աւանդ եւ ստացուած տարեկան հասոյթին միջոցներով իւրաքանչիւր տարի կրկնել այս ծրագիրը:

Աւետիս Պուլուզեան բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը գրանցուած է Արցախի Հանրապետութեան իրաւաբանական անձանց պետական արձանագրութեան գործակալութեան մէջ, 17 Մարտ 2021-ին, գրանցման թիւն է` 443.171.1167990