Թուրքիոյ Մէջ Յայտնաբերուած Հայկական Գերեզմաննոցին Վրայ Դրամատան Մասնաճիւղ Կը Փորձեն Կառուցել

Աշխարհ

Անգարայի Ուլուս շրջանին մէջ «İller» դրամատան նոր շէնքի կառուցման նպատակով կատարուած հիմքի փորման աշխատանքներուն ժամանակ յայտնաբերուած են մարդու ոսկորներ։ Համաձայն արխիւներու՝ նշուած տարածքին մէջ նախապէս եղած է հայկական եւ կաթոլիկ գերեզմաննոց։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Մեկնելով այդ փաստէն՝ Թուրքիոյ Ճարտարապետներու պալատը կոչ ըրած է դադրեցնելու շինարարական աշխատանքները։ Ճարտարապետներու պալատի Անգարայի մասնաճիւղը պաշտօնական գրութեամբ դիմած է Անգարայի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ բնութեան պահպանութեան վարչութիւն, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան յուշարձաններու եւ թանգարաններու գլխաւոր վարչութիւն, ինչպէս նաեւ՝ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութեան գրանցման վարչութիւն՝ պահանջելով դադրեցնել շինարարարական աշխատանքները։

Ճարտարապետներու պալատի Անգարայի բաժնի տնօրէն Թեզճան Քարաքուշ Ճանտանի խօսքով՝ շինաշխատանքներու ժամանակ յայտնաբերուած ոսկորները փորձաքննութեան նպատակով յանձնուած են Անատոլիայի քաղաքակրթութիւններու թանգարանի աշխատակիցներուն։ Անոր հաւաստիացումով՝ պաշտօնական աղբիւրները կը վկայեն, որ տուեալ տարածքին վրայ նախապէս ո՛չ միայն գերեզմանոց եղած է, այլեւ՝ եկեղեցի ու բաղնիք։

«Հակառակ ատոր՝ շինարարական աշխատանքները մեծ թափով կը շարունակուին։ Ատիկա անյարգալից վերաբերմունք է Անատոլիայի բազմամշակութային կառուցուածքին նկատմամբ։ Ատիկա մարդու իրաւունքներու խախտում է եւ բարբարոսութիւն։ Անկախ այնտեղ թաղուած մարդոց կրօնէն ու լեզուէն՝ անոնց գերեզմաններուն վրայ շէնք կառուցելը անմարդկային արարք է, ատիկա յանցագործութիւն է»,- նշած է Ճանտանը՝ պահանջելով անյապաղ դադրեցնել շինարարական աշխատանքները։