Հայ Ժամանակակից Ընկերութեան Գրական Արտայայտութիւնը Հրապարակախօսութիւնն Է. (Յ.Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Իմաստունը երբեք չի տխրիր ներկայ չարիքներով, բայց ներկան կ’օգտագործէ զգուշացնելու համար ուրիշները:

Ուիլիամ Շէքսփիր

            Հայ գրականութիւնը հայկական զանգուածներուն կեանքի եւ տեսիլքներու պատկերացո՞ւմն է այսօր, ինչպէս որ էր ԺԹ․ դարու կէսէն մինչեւ Ի․ դարու աւարտը: Հարազատութեան հաղորդակցութիւն կա՞յ անոնց միջեւ: Ան իրապէս ներկայութի՞ւն է հայ կեանքի մէջ:

            Գրականութիւնը հասարակաց քաղաքակրթական-մշակութային ինքնատիպ արտայայտութիւն մըն է, որ կը զօդէ իրենք զիրենք նոյն եւ մէկ զգացող հաւաքականութեան անդամները, ընդհանրացնելով՝ մարդկային մեծ ընտանիքը: Ան էական ուղի մըն է, կեանքը սեւեռելու, ուրիշներու կեանքով հարստանալու, նոյնութիւն զգալու: Պարզ. գրականութիւնը կը սորվեցնէ կեանքը սիրել, զգացնել՝ որ առարկայ չենք, մեր սէրերը եւ ցաւերը, մեր տեսած գեղեցիկը եւ տգեղը հասարակաց են, թէեւ տարբեր արտայայտութիւններով: Այս պատճառով ալ գրականութիւնը գոյութենական (existential) բեմ է, ուր դերակատար ենք բոլորս, ուղղակի կամ փոխանորդներով,- սէրեր, հերոսներ, երազապաշտներ, մեղանչողներ, խորհուրդներու ունկնդիրներ (mystics):

            Գրականութիւնը գրողին եւ ընթերցողին կ’օգնէ այլապէս ապրիլ, պարզապէս ապրիլ, բազմապատկուիլ, գիտակցիլ՝ որ առանձին չենք, որ կան միւսները, փորձառութիւններու, զգացումներու եւ ապրումներու  գումար: Գրականութեան աշխարհը մեր առօրեականը չէ եւ է, այդպէս է՝ բայց խոշորացուած, շեշտուած գոյներով: Ան կեանքը հասկնալու եւ կեանքի անհեթեթութիւնները դիմագրաւելու, օրինակելու միջոց է: Ինչպէս այդ կ’իրականանայ հոգեվերլուծումով բուժման պարագային, մեր զգացած տագնապները կը փոխադրուին ընթերցման հերոսին եւ կացութեան վրայ (transfer):

            Գրականութիւնը կեանք է, բայց աւելի պերճախօս, իտէալականացած, բաղդատութեան եզրեր կը ներկայացնէ, կ’օգնէ առօրեայի միօրինակութենէն եւ տափակութենէն դուրս գալու, մտածելու որ այլ կեանքեր ալ կան, ապրելու այլ կերպեր ալ կան, հետեւաբար կը բանայ նոր հորիզոններ, տեսնելու տարբեր կերպեր կը հրամցնէ: Գրականութիւնը չափահասներու յատուկ չէ, ոչ ալ միայն ուսումնական մարդոց, գրոց-բրոցներու: Գրականութիւնը միասին ըլլալու, միւսին հետ ըլլալու, առանձին չըլլալու լայն դաշտն է, մեր անհատական եւ հաւաքական գիտակցութեան եւ զգացողութեան փոխթափանցման մթնոլորտը, տեսակ մը մոլորակի վրայ մեր կոչումը որոնելու հրաւէր: Այս՝ անչափահասին, երիտասարդին եւ երէցին համար:

            Գրականութիւնը այն մեծ դարպասն է, ուրկէ կ’անցնինք ճանչնալու համար մեր շրջապատը. մարդիկ, բնութիւն, ճակատագիրներ՝ իրենց այլազանութեամբ եւ նոյնութեամբ, փորձառութիւններ եւ փորձութիւններ, որոնք կրնան տաբեր ձեւերով կրկնուիլ մեր կեանքին կամ մեր շրջապատին մէջ: Ան մեզ մեր հոգեկան, զգացական, ցանկութիւններու եւ կիրքերու ցանցէն դուրս կը բերէ, ցոյց կու տայ, որ մեր մասնակիութեան կողքին եւ անդին կան միւսները, մարդկային-ընկերային գոյութենական մեծ արկածախնդրութիւնը, որ կեանքն է իր այլազանութիւններով: Այս ըմբռնումով, գրականութիւնը մասնագիտութիւն չէ, մենաշնորհեալներու ակումբ չէ, այլ՝ հանդիպման տարածք, ուր կան ապրածները, ապրողները, ճակատագիրները, իրենց հարցականներով, որոնք երբեք մասնակի եւ պզտիկ չեն, քանի որ մարդը իր գոյութեամբ եզակի է, բազմերես, անկրկնելի:

            Իր կոչումով իսկ մարդը, իր բոլոր բացայայտ կամ բացայայտելի յատկանիշներով, կը գտնուի գրականութեան մէջ: Հին դարերու առակագիրը, դիւցազներգակը, երգասացը, թատերագիրը, միշտ արդիական են, քանի որ անոնց մէջ կայ մարդը՝ բնութեան մէջ, անոր եւ իր հարցականներուն դիմաց: Եթէ գրականութիւնը այս համապարփակ արտայայտութեամբ չի ներկայանար, իրաւութիւն չ’ունենար, կ’ըլլայ ժամանակաւոր զուարճութիւն, ինչպէս որ էին ֆրանսացի «ծիծաղելի կեղծ ազնուական կանայք» (les précieuses ridicules): Երեւակայական կացութիւններու մէջ եւ երեւակայական տիպարներով, գրականութիւնը պատումն է անմիջականը գերանցող իրաւին, մարդուն եւ անոր հոգիին, բնութեան ընդմէջէն մեծ հարցականներու պատասխաններու որոնումին:

            Այս մտածումներու հունով եթէ ընթանանք, ի՞նչ կրնանք ըսել անմիջական հայ գրականութեան մասին:

            Մեր կրած հարուածներուն, տարտղնումին եւ հայկական խորքով ապամշակութացման հետեւանքով, մեր անմիջական հայերէն գրականութիւնը կարծէք դադրած է մեր կեանքը ըլլալէ: Եղած է այն, որ հայ գրականութիւնը այսօր աւելի կ’արտայայտուի հրապարակախօսութեամբուր կայ ներկայի իրական հայ մարդը իր ապրումներով, տեսիլքով, կիրքերով, ինքնափնտռտուքով, ոչ տեսական, բոլորին հասարակաց զգացումները եւ ներաշխարհը մարմնաւորող արտայայտութիւններով:

            Յաճախ պէտք է մտածել Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»-ի մասին: Հրապարակախօսութի՞ւն է, թէ՞ գրականութիւն: Անկասկա՛ծ Իրաւութիւն է, հետեւաբար՝ իր ժամանակի եւ այսօրուան ազնիւ գրականութիւն, ինչպէս Վահագնի առասպելը եւ յարդգողի ճանապարհը, կամ այլ արտայայտութեամբ՝ «Սասունցի Դաւիթը»:

            Ազգային արժէքներու, ժառանգութեան, տեսիլքի ենթահողի վրայ ներկայի գրականութիւն մը անհրաժեշտ է, որպէս ներշնչման պատուանդան, որպէսզի ամբողջ ժողովուրդ մը չլուծուի-չընկղմի աշխարհաքաղաքական, տնտեսական-ճարտարարուեստական, մշակութային-քաղաքակրթական նոր դասաւորումներուն մէջ: Ընդունուած դասական գրական սեռերուն մէջ ամփոփուող եւ գեղագիտական-հոգեբանական շրջանակի մէջ բանտարկուող գրականութիւնը, որ երէկ ընդունելի էր, անբաւարար է այսօրուան հայկական կացութիւնը պատկերացնելու եւ գերանցելու:

            Իւրաքանչիւրին հասնող եւ իւրաքանչիւրին էականութիւնը ապրեցնող գրականութեան պէտք ունի հայ ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք:

            Համացանցը, արագ, անկաշկանդ, անիշխանական հաղորդակցութիւնը, մեր պարագային՝ հայերէն ընթերցողի պակասը, գիրքի սպառման գրեթէ անկարելիութիւնը, պատճառ եղած են, որ անմիջական գրականութիւն դառնայ հրապարակախօսութիւնը, որ կրնայ ծնունդ տալ արժէքներու, եթէ հասնի որակի: Այս ընելու համար, կրկնութեան գնով պէտք է ըսել, որ հրապարակախօսութիւնը գրականութիւն դառնալու համար պիտի կաղապարուի ազգային հարազատ, հարուստ եւ արտայայտչական լեզուով, չըլլայ անտեղի բանավէճի անպէտք գրութիւն, արտայայտէ ժողովուրդի ապրումը, ներկան, հոգեկանը, պատմամշակութային շարունակութիւն ըլլալու մտահորիզոնը: Առանց կրկնելու Արփիարեան կամ Պարոնեան, Կոստան Զարեան կամ Չարենց, մեր ներկայի գոյութենական տագնապներուն եւ որոնումներուն մասին հրապարակախօսութեան պէտք է տալ լեզուական, արտայայտչական, մտածական եւ ստեղծագործական որակ:

            Դժբախտաբար, դասական եղանակով գրականութիւնը այսօր փակ շրջանակի հետաքրքրութիւն է մեր իրականութեան մէջ, իսկ գրականացուած հրապարակագրութիւնը միաժամանակ կրնայ պատասխանել մեր ներկայի բարդ հարցերուն եւ նոր ձեւով շարունակել հայերէնով գրականութիւնը: Ան կ’ըլլայ անմիջականի, անմիջականութեան, ոգեկանութեան անշպար խօսքը, հաւաքականութեան գրականութիւնը, որ կը խօսի եւ կը գրէ իրականութեան մասին, զայն հարստացնելով գեղեցիկով, ստեղծագործութեամբ եւ հայերէնի հանճարով, եթէ առօրեականին ընդելուզուի ստեղծագործական աւիշը:

            Այսօր հրամայական դարձած ժողովուրդին գրականութիւնը թաղային կազէթ չէ, ամբոխավարական, կողմնապաշտական լրատուութիւն չէ, այլ իմաստութեամբ եւ յանձնառութեամբ անցեալի շարունակութիւնը ըլլալու ստեղծագործական ճիգ, առանց մանր փառասիրական կրկնութիւններու, այլ՝ ապագայ կերտելու յանդգնութիւն:

            Արցախի մատոյցներուն զոհուած կամ ապրող մարտիկի պատմութիւնը սոսկ լրատուութենէ աւելին պէտք է ըլլայ, վերածուի ապրումի, առանց բառակոյտի ըսէ, թէ ինչպիսի հոգեկան մղումով մարդիկ հերոսացան, ճակատին վրայ, բայց նաեւ թիկունքին:

            Աւելի պարզ խօսելով, ի՞նչ պէտք է ընել եւ չենք ըներ, որպէսզի հրապարակախօսութիւնը նուաճէ գրականութեան արժէք եւ դափնի:

            Հայ գրականութիւնը տեւելու, իւրաքանչիւրին հասնելու եւ զայն վերակաւորելու համար պիտի անցնի ժողովուրդին անմիջականօրէն մատչելի հրատարակութեամբ, որ մամուլն է:

            Այս կացութեան իրենք զիրենք պատասխանատու պիտի համարեն գործնապաշտները, կազմակերպողները, ղեկավարութիւնները, քանի որ միջոցներու հարց է, նաեւ, ինչպէս ամերիկացին կ’ըսէ, ճիշդ մարդը գործի լծելու:

            Արեւելահայերէն մամուլը գրական նուաճում ըլլալու համար հայերէն պէտք է ըլլայ, ձերբազատուելով կեղծ արդիականութեան եւ նոյնքան կեղծ բանգիտութեան տուրք տալով գրականութեան գործիք հայերէնը հազարաւոր օտար բառերով զեղծելու մեղքէն: Այս ազգային-մշակութային հիմնարար քաղաքականութիւն է: