Հայաստան Տագնապ Կ’ապրի, Սփիւռքը Կը Հետեւի, Բայց Որոշիչ Քաղաքական Ազդակ Չէ (Յ.Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ան որ կը յառաջդիմէ չի մեղադրեր ուրիշը, չի գովեր ուրիշը, չի քնննադատեր ուրիշը, չի պարսաւեր ուրիշը : Ոչինչ կ’ըսէ, ոչ իր կարեւորութեան, ոչ իր գիտութեան մասին:

Եպիկտետոս (Epictete)

Ա դարու յոյն ստոյիկեան իմաստասէր

            Հայաստան ելքը անորոշ խռովայոյզ օրեր կ’ապրի: Անզօրութեամբ կը հետեւիմ, կը հետեւինք, երէկի, այսօրուան եւ վաղուան մասին մտածելու իրաւունքով:

            Ազգի համրանքի աւելի քան կէսը, որ պարտադրուած է ապրիլ հայրենիքէ դուրս, բնորոշուած է Սփիւռք եզրով: Այդքա՛ն: Կարծէք ազգի եւ հայրենիքի ճակատագրի տնօրինման մէջ Սփիւռքի դերը սահմանափակուած է բարեսիրութեամբ եւ զբօսաշրջութեամբ, չանհանգստացնող դեր՝ Հայաստանի ղեկավարութիւններուն համար, խիղճ հանդարտեցնող դեր՝ սփիւռքներու քաղքենիացած մեծամասնութեան համար:

            Այսինքն, ազգի եւ հայրենիքի գոյապահպանական ռազմավարութիւնը, որոշումները եւ ծրագրումները, ընդունուած կարգով, վերապահուած են ազգի հայրենաբնակ հատուածին: Այսինքն չենք յաջողած, կամ չենք ուզած, կամ չեն ուզած, որ ըլլանք տասնըհինգ միլիոնի ազգ:

            Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովները եւ կապերը այս խնդիրը օրակարգ չդարձուցին, եթէ յիշեցումներ անգամ եղան, անոնք շրջանցուեցան, կամ ժպիտով դիմաւորուեցան:

            Անցեալին սփիւռք յղացքով աշխարհ կ’ըմբռնէր հրէականը: 1965ին ֆրանսական Larousse բառարանը սփիւռք (diaspora) յղացքով կը բնորոշէր Պաղեստինէն դուրս ապրող հրեայ համայնքները: 1992-ին, նոյն բառարանը արդէն բառը յոգնակիի վերածած էր եւ կը խօսէր սփիւռքներու մասին, ազգութիւններու եւ համայնքներու հատուածներ, որոնք այս կամ այն պատճառով ցրուած կ’ապրին:

            Վերջին հարիւրամեակի ճարտարագիտական պայմաններու փոփոխութիւնը եւ ընդհանրացումը, կարեւոր դեր ունեցած են սփիւռքներու կազմաւորման մէջ: Անցեալին ուրիշ երկիր մը հաստատուած գաղթողը իր հայրենիքին  եւ հոն մնացած ազգակիցներուն հետ կապ պահելու դժուարութիւն ունէր, կապերը կը խզուէին: Կը մնային կրօնը, տօները, ժամանակ մըն ալ՝ լեզուն: Ձուլումը անխուսափելի կ’ըլլար, անոնք կը համարկուէին հիւրընկալ երկրին եւ ժողովուրդին:

            Հաղորդակցական միջոցներու զարգացումը, արագացումը եւ մատչելիութիւնը նախ գաղթածներու միջեւ կապերու հաստատումը դիւրացուցին, եւ ապա՝ մայր երկրին հետ: Այսօր, սփիւռքի հայը տեւաբար տեղեակ է, կրնայ ըլլալ, Հայաստանի կեանքէն, ստանալ քաղաքական եւ մշակութային սնունդ, հետեւաբար նուազ ենթակայ կ’ըլլայ շրջապատի կլանող կեանքին: Սփիւռքները, եւ անոնք բազմաթիւ են, իրենց հայրենիքներուն համար դարձած են քաղաքական եւ տնտեսական օժանդակ ուժեր: Կը պահեն մայր երկրին հետ կապեր, նոր աշխարհներու մէջ կը պահեն իրենց աւանդական սովորութիւնները, աւանդութիւնները, մշակոյթը: Մեզի ծանօթ է հայկականը, բայց այս պայմաններուն մէջ առանձին չենք:

            Սովորաբար կը խօսուի հրեական սփիւռքի քաղաքական եւ տնտեսական ուժի Իսրայէլի ի նպաստ ներդրման մասին: Բոլոր սփիւռքները այդ դերը կը կատարեն տարբեր համեմատութիւններով: Մայր երկրին համար, անոնք քաղաքական ազդակ են, անոնց ուժը կախում ունի իրենց համրանքէն, նոր հայրենիքին մէջ ունեցած յաջողութենէն, դիրքէն, անհատական գիտական, մշակութային եւ տնտեսական պատրաստութենէն: Զանազան պատճառներով նոր երկիր հասնողները այլեւս գաղթականներ չեն, քաղաքական ազդեցութիւն ունին՝ ըստ իրենց կազմակերպուածութեան:

            Կարգ մը պարագաներու, իրենց մայր երկրին համար անոնք կրնան ունենալ ռազմավարական դեր:

            Հայաստան դեռ լրիւ կերպով չէ ըմբռնած հայկական սփիւռքի ռազմավարական նշանակութիւնը եւ ուժը, զայն սահմանափակած է սոսկ նիւթական-դրամական-բարեսիրական ոլորտի մէջ: Մայր երկրին հետ կապ պահելու ձեւ, թէեւ անբաւարար՝ ազգի անդամ եւ անոր ճակատագրին մէջ գտնուելու գիտակցութեան համար: Արտագնայ աշխատանքի գացածներ առանձին պարագայ են, անոնք կ’օգնեն իրենց ընտանիքին, եւ այդ ձեւով ալ կը նպաստեն մայր երկրի տնտեսութեան:

            Հետաքրքրական է հնդկական սփիւռքի դերը երկրի պատմութեան մէջ: Հնդկաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ ան ունեցած է որոշիչ դեր: Գաղութարարական շրջանին արտագաղթած հնդկական ընտրանին քննադատած է բրիտանական կայսրութեան կողմէ հնդիկներու դէմ եղած անիրաւութիւնները, առաջնորդելով անկախութեան պահանջի: Հետագային, Հնդկաստանի ազգ-պետութիւնը քաղաքացիական իրաւունքը հիմնած է ազգութեան, արեան-ծագման եւ կրօնի վրայ, իր սփիւռքը ընդգրկելով Ազգ-Պետութեան մէջ, մերժելով այլ ազգութեան եւ կրօնի պատկանողները:

            Միջերկրականի աւազանին շուրջ գտնուող արաբական երկիրները, նաեւ ուրիշներ, հասկցած իրենց սփիւռքներու կարեւորութիւնը: Անոնք կրնան այս կամ այն ձեւով ազդել իրենց բնակած երկրի քաղաքական կեանքին եւ կողմնորոշումներուն, մանաւանդ երբ այդ երկրի համահաւասար իրաւունքներով քաղաքացիներ են:

            Կարգ մը երկիրներ իրենց սփիւռքները կ’օգտագործեն քաղաքական նպատակներով: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, իր Եւրոպա այցելութիւններուն ընթացքին իր ընտրութեան ի նպաստ քարոզչութիւն ըրած է, որպէսզի թրքական սփիւռքի ձայները շահի: Արդիւնքը եղած է դրական եւ ֆրանսայի թուրքերը իրեն ի նպաստ ձայն տուած են: Սփիւռքները արտասահմանի մէջ կը ծառայեն մայր երկրի քաղաքականութեան եւ մշակոյթի տարածման:

            Այս նշումներէն ետք, մեր ղեկավարութիւնները, Հայաստան եւ մոլորակային սփիւռք, չմտածեցին միութեան-միացման իրականացման մասին, մեր սփիւռքը վերածելու իսկական քաղաքական ուժի, որ ջատագովուած լոպպիյինկէն տարբեր ըմբռնում եւ որակ է: Միութիւն-միացում. տասնըհինգ միլիոնով ազգ: Այս քաղաքական միտքը կ’ըլլայ հզօր ազդակ սփիւռքի մէջ հայապահպանման եւ Հայաստանի համար, հայրենատէր սփիւռքով, գումարուած հայրենատէր հայրենաբնակներուն վրայ, բանալով ուժ դառնալու նոր հնարաւորութեան ուղի:

            Ֆրանսայէն դուրս կը բնակին երկու միլիոնէ աւելի ֆրանսացիներ: Սփիւռք են: Բայց՝ Ֆրանսայի քաղաքացի: Որպէս իւրայատուկ կառոյց, Ֆրանսայի գաւառներուն պէս, ունին ընտրատարածքներ, կ’ընտրեն իրենց երեսփոխանները, կը գտնուին երկրի տարբեր կուսակցութիւններու ցանկերուն վրայ, իշխանամէտ կամ ընդդիմադիր, մաս կը կազմեն կառավարութեան, ունին նախարար:

            Հայաստանի համար հայկական սփիւռքը որպէս ամբողջութիւն տեսութիւն է: Խօսակից են,- եւ այդքան,- քանի մը դէմքեր, ընդհանրապէս ջոջեր, անոնցմէ շատեր ներկայացուցչական ոչ մէկ օրինաւորութիւն ունին, յաճախ կը ներկայացնեն միայն իրենց դրամագլուխը կամ վկայականը, որոնք, ի հարկէ, արհամարհելի չեն, բայց անբաւարար են ներկայացուցչական հանգամանք ունենալու:

Հայաստան տագնապ կ’ապրի, որուն մասին կողմեր եւ լրատուամիջոցներ անդադար կը խօսին, սփիւռք(ներ)ը կը հետեւի, եւ հակառակ թեր կամ դէմ կարծիքներու, երկրի, ազգի եւ պետութեան ճակատագրի տնօրինման ազդակ չէ: Անիրատեսութիւն է, ազգի աւելի քան կէսի ուժի եւ կարողականութեան (potential) ապագայի կառուցման տեսանկիւնէ տգիտութեամբ անգիտացումը:

            Վերականգնումի եւ հզօրանալու համար հայ քաղաքական միտքը,- պետական ընթացիկ ղեկավարներէն անդին նայող,-  միութեան-միացման յեղափոխութիւն պէտք է յառաջացնէ, որպէսզի ազգի ինքնահաստատումը դրական կերպով տեղի ունենայ, առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու, տասնըհինգ միլիոն հայրենատէրերով:

            Այս յեղափոխութիւնը այս սերունդը պէտք է իրականացնէ, վաղը ուշ է:

            Տեղքայլ ընելով սերունդներու կը կտակենք աւաղելու եւ մխիթարութին փնտռելու տխրութիւնը:

            Կ’ունենա՞նք, ո՛չ պարտուած եւ ո՛չ յաղթական, այլ հեռուն նայող ղեկավարութիւն:

            Եւ եթէ չունենանք…