Վստահ Ենք, որ Միասնութեան եւ Համազգային Ջանքերու Շնորհիւ Հնարաւոր Պիտի Ըլլայ Կասեցնել Մեր Հայրենիքի Գահավիժման Ընթացք. Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի համար վճռորոշ այս օրերուն, երբ ՀՀ կապիտուլեանտ եւ դաւաճանական իշխանութիւններու թիրախին յայտնուած է մեր անկախութեան կերտողներէն եւ մեր պետականութեան գլխաւոր խորհրդանիշերէն մէկը, մեր յաղթանակներու եւ արժանապատւութեան մարմնաւորողը՝ Հայոց Բանակը եւ անոր սպայակազմը, ՀՅԴ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական կոմիտէն կը յայտնէ իր ողջ կառոյցի անվերապահ զօրակցութիւնը Հայոց Բանակին եւ անոր հրամանատարական կազմին:

Օրհասական այս պահուն, երբ նժարին դրուած է Հայոց պետականութեան ըլլալ-չըլլալու հարցը, մենք մեր լիարժէք զօրակցութիւնը կը յայտնենք նաեւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման», եւ կոչ կ՝ընենք մեր բոլոր գիտակից եւ արժանապատիւ հայրենակիցներուն համախմբուելու շարժման առանցքին շուրջ՝ յանուն Հայրենիքի փրկութեան եւ պաշտպանութեան:

Մենք կը հաստատանք, որ ներկայ անելանելի թուացող իրավիճակին միակ ելքը անձնատւութեան, նուաստացման եւ պարտութեան մարմնացումը համարուող այս իշխանութիւններուն օր առաջ հեռացումն է:

Վստահ ենք, որ միասնութեան եւ համազգային ջանքերու շնորհիւ հնարաւոր պիտի ըլլայ կասեցնել մեր Հայրենիքի գահավիժման ընթացքն ու վերականգնել ոտնատակ տրուած մեր ազգային արժանապատւութիւնը:


ՀՅԴ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական Կոմիտէ