Ազրպէյճան Տասնեակ Տարիներ կը Պատրաստուէր Պատերազմի. Յունաստանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպա­ն

Աշխարհ, Հայաստան

Յու­նաս­տա­նի եւ Ազր­պէյ­ճա­նի երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ստեղ­ծո­ւած ծանր մթնո­լոր­տին, Ար­ցա­խի վրայ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած վեր­ջին պա­տե­րազ­մին եւ ­Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ա­զե­րի դես­պան Ա­նար ­Հիւ­սէյ­նով, հար­ցազ­րոյց մը տա­լով յու­նա­կան ազ­դե­ցիկ «­Թօ ­Վի­մա» թեր­թին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»էն։

­Խօ­սե­լով ­Թուր­քիոյ կող­մէ Ազր­պէյ­ճա­նի սպա­ռա­զի­նու­թեան մասին, դես­պա­նը յայտ­նեց, թէ Ատր­պէյ­ճան տաս­նեակ տա­րի­նե­րէ ի վեր կը պատ­րաս­տո­ւէր պա­տե­րազ­մին հա­մար, ստա­նա­լով բարձր ար­հես­տա­գի­տու­թեան զէն­քեր եւ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն մար­զե­լով իր բա­նա­կը։ Ան յայտ­նեց, որ այլ եր­կիր­ներ եւս ռազ­մա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն տրա­մադ­րե­ցին իր երկ­րին։

Ըստ դես­պա­նին, Ազր­պէյ­ճա­նի ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին օ­րե­րէն, ­Թուր­քիան ոչ միայն Ազր­պէյ­ճա­նի «հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան» ջա­տա­գովն էր, այլ նաեւ այս հար­ցի մի­ջազ­գայ­նա­կա­նաց­ման գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րը հան­դի­սա­ցաւ։ «­Թուր­քիոյ եւ Ազր­պէյ­ճա­նի յա­րա­բե­րու­թիւնն­նե­րը կը գտնո­ւին ի­րենց ա­մէ­նէն բարձր մա­կար­դա­կին եւ ա­ռա­ւել պի­տի զար­գա­նան՝ հա­սա­րա­կաց շա­հե­րու հի­ման վրայ», ը­սաւ ան։ Ա­զե­րի դես­պա­նը շեշ­տեց, որ իր եր­կի­րը կը պատ­րաս­տո­ւէր «ար­դար պա­տե­րազ­մի» մը հա­մար, այն պա­րա­գա­յին որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ձա­խո­ղու­թեան պի­տի մատ­նո­ւէին։

Ան նշում ը­րաւ հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի մա­սին, ը­սե­լով, որ Ե­րե­ւա­նը ուժ առ­նե­լով Ս­փիւռ­քէն տպա­ւո­րու­թիւ­նը կու տար, թէ պա­տե­րազ­մի մը հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը զգա­լի է։ ­Հա­յաս­տան հո­ղա­յին պա­հանջ­ներ ու­նէր Ազր­պէյ­ճա­նէն ու այդ կեր­պով ինք­զինք մե­կու­սա­ցու­մի ա­ռաջ­նոր­դեց։

Լ­րագ­րո­ղին կող­մէ ե­ղած հար­ցու­մին՝ Ա­զե­րի նա­խա­գա­հի ան­պատ­շաճ վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար ­Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նին, ինչ­պէս նաեւ յոյն-ա­զե­րիա­կան վատ­թա­րա­ցած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն առն­չու­թեամբ, ­Հիւ­սէյ­նով փոր­ձեց ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը պատ­ճա­ռա­բել ը­սե­լով, թէ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ ստեղ­ծո­ւած կա­ցու­թիւ­նը ար­դիւնք է տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Ա­զե­րի նա­խա­գա­հի ու յոյն դես­պա­նի հան­դիպ­ման հա­մար ան յայտ­նեց, թէ լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րը դուրս ձգե­ցին այդ հան­դի­պու­մէն եր­կու եր­կիր­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու նպա­տա­կով ե­ղած Ա­լիե­ւի հրա­ւէ­րը։ Ան նաեւ, յայտ­նեց թէ վեր­ջին տա­րի­նե­րու եւ ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին, ­Յու­նաս­տա­նի եւ Ազր­պէյ­ճա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը յատ­կան­շո­ւած են «ոչ բա­րե­կա­մա­կան» ե­ղե­լու­թիւն­նե­րով։

­Դես­պա­նը յոյս կը յայտ­նէ, որ յոյն-ա­զե­րի կա­պե­րը դար­ձեալ պի­տի սեր­տա­նան, նկա­տի առ­նե­լով տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ TAP խո­ղո­վա­կա­շա­րի ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ծրա­գի­րը, ատր­պէյ­ճա­նա­կան բնա­կան կա­զի հայ­թա­թու­մը ­Յու­նաս­տա­նին, ինչ­պէս նաեւ այլ ո­լորտ­նե­րու զար­գա­ցու­մը՝ ինչ­պի­սին են գիւ­ղատն­տե­սու­թեան, են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու, զբօ­սաշր­ջու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րը։