«Հս­կէ՛ Քա­ռա­թեւ, Գոր­ծէ՛ Ան­նա­հանջ…». «Ազատ Օր»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Մեծ մտա­ւո­րա­կա­նին՝ ­Գէորգ ­Կառ­վա­րեն­ցի կող­մէ գրո­ւած բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ծա­նօթ բա­ռերն են, որ տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր կ­՚եր­գո­ւին Հ.Կ.­Խա­չի եւ Հ.Գ.­Խա­չի իւ­րա­քան­չիւր ան­դա­մու­հիէն, որ­պէս կտակ եւ շա­րու­նա­կա­կան յի­շե­ցում Ակ­նու­նի­նե­րու կամ­քով հիմ­նո­ւած եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին բո­լո­րա­նո­ւէր մա­տու­ցում կա­տա­րե­լու կո­չո­ւած ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան մեծ ըն­տա­նի­քի՝ ­Յու­նաս­տա­նի եր­կու միա­ւոր­նե­րու բազ­մա­մեայ եւ ան­խոնջ ա­ռա­քե­լու­թեան։
Ա­մէն ան­գամ, երբ ցե­ղին ձայ­նը օգ­նու­թեան կոչ ա­ղա­ղա­կեց, ­Կա­պոյտ ­Խաչն ու Գ­թու­թեան ­Խա­չը «հա­յը ա­մէն բա­նէ վեր» կար­գա­խօ­սով ու ա­նա­ռար­կե­լի տես­լա­կա­նով իր ամ­բող­ջա­կան ու­ժե­րը լա­րեց օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու եւ ա­մո­քե­լու հա­մար տա­ռա­պեալ հա­յուն։
­Տար­բեր չե­ղաւ այս ան­գամ եւս, երբ ար­ցա­խեան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւան­քով հայ ժո­ղո­վուր­դի վրայ պար­տադ­րո­ւած ա­մօ­թա­լի զի­նա­դա­դա­րէն ետք, մեր եր­կու միա­ւոր­նե­րը ան­մի­ջա­նա­կա­նօ­րէն զօ­րա­շար­ժի են­թար­կե­ցին ամ­բողջ յու­նա­հայ գա­ղու­թը, որ­պէս­զի ա­րագ կեր­պով մաս­սա­յա­կան օգ­նու­թիւն հասց­նեն Ար­ցա­խի պա­պե­նա­կան հո­ղե­րէն ար­մա­տա­խիլ ե­ղած հայ բնակ­չու­թեան, գաղ­թա­կան ար­ցախ­ցի­նե­րուն, տնա­զուրկ եւ հո­ղա­զուրկ մեր եղ­բայր­նե­րուն։
Ինչ­պէ՜ս նկա­րագ­րել հե­ղե­ղի նմա­նող այդ աշ­խա­տան­քը, որ ծա­ւա­լե­ցաւ ա­մե­նու­րէք՝ մա­մու­լին մէջ, հա­մա­ցան­ցին վրայ, տու­նէ-տուն, ա­կումբ­նե­րուն եւ սրահ­նե­րուն մէջ, հա­ւա­քե­լու եւ ի մի բե­րե­լու հսկա­յա­կան քա­նա­կի օգ­նու­թեան ի­րեր, բժշկա­կան սար­քեր, հա­գուս­տե­ղէն, տաք պա­հող մի­ջոց­ներ, հաշ­ման­դամ մեր ա­րիա­սիրտ զի­նուոր­նե­րուն հա­մար օգ­նու­թիւն։
­Հա­մա­ցան­ցի եւ ար­դի հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րու ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն ո­չինչ կը մնայ ստո­ւե­րի տակ։ Ա­մէն ինչ մաք­րա­մա­քուր կեր­պով տե­սա­նե­լի է եւ հա­սա­նե­լի՝ բո­լո­րին։ ­Կա­րե­լի չէր չհիա­նալ մեր խա­չու­հի­նե­րուն վրայ՝ ի տես այն բո­լոր նկար­նե­րուն եւ թղթակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ե­րեւ­ցան ա­մէն տեղ, «Ա­զատ Օր»ի տպա­գիր եւ ե­լեկտ­րո­նա­յին է­ջե­րէն մին­չեւ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ ան­հատ­նե­րու ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու է­ջե­րուն վրայ, ցոյց տա­լով այն հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քը, որ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ի նպաստ մեր ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խին։ ­Խա­չու­հին, կազ­մա­կերպ դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դը, հա­մազ­գայ­նա­կա­նը, Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կա­նը, բո­լո­րը անխ­տիր՝ մէկ բռունցք, մէկ ձեռք, մէկ սիրտ, մէկ կամք։
­Մենք ճամ­բայ չենք ե­լած Հ.Կ.­Խա­չի եւ Հ.Գ.­Խա­չի գո­վա­սան­քը ը­նե­լու։ ­Նոյ­նինքն ­Խա­չու­հի մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րը թոյլ պի­տի չտա­յին շռայլ բա­ռե­րով ար­տա­յայ­տո­ւե­լու ի­րենց նո­ւի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան մա­սին։ Ա­նոնց հա­մար ար­դա­րօ­րէն այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը գե­րա­գոյն պար­տա­կա­նու­թիւն մըն է՝ ազ­գին մա­տու­ցե­լու, գո­րո­վա­գութ մօր նման խնամք տա­լու, ցա­ւը առ­նե­լու, կրթե­լու ու հա­յաց­նե­լու բա­րո­յա­կան ա­մէ­նէն վսեմ մարդ­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան մարմ­նա­ւո­րու­մը։
Այժմ, յու­նա­հայ գա­ղու­թին կող­մէ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան ա­ռա­ջին մա­սը ա­պա­հով հա­սաւ Ար­ցախ՝ շնոր­հիւ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի Հ.Օ.Մ.ի միա­ւոր­նե­րու հսկա­յա­կան ջան­քե­րուն, ո­րոնք մաք­սա­յին կար­գը ամ­բող­ջաց­նե­լով, բեռ­նա­տար մի­ջոց­նե­րը ա­պա­հո­վե­լով ժամ ա­ռաջ ծրար­նե­րը հաս­ցու­ցին Ար­ցա­խի Հ.Օ.Մ.ի կա­ռոյ­ցին։
­Մեր ե­րէ­կո­ւան թի­ւով լոյս տե­սած լրա­տո­ւու­թե­նէն եւ նկար­նե­րէն ի յայտ ե­կաւ, թէ օգ­նու­թիւ­նը, Ար­ցա­խի Հ.Օ.Մ.ի եւ Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Ե­րիտ. միու­թեան աշ­խա­տան­քով, կը բաժ­նուի կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն։
Ան­համ­բեր կը սպա­սենք յա­ջորդ լու­րե­րուն, տես­նել նաեւ յու­նա­հա­յու­թեան մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան երկ­րորդ եւ եր­րորդ մա­սի ա­պա­հով յանձ­նու­մը Ար­ցա­խի մեր միա­ւո­րին, որ­պէս­զի ձմռան այս ծանր օ­րե­րուն, ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով ար­ցախ­ցի մեր քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը օգ­տո­ւին օգ­նու­թեան մա­տու­ցու­մէն։

* * *

­Թուրք եւ ա­զե­րի գրոհ­նե­րու պատ­ճա­ռած հսկայ վէր­քե­րը դիւ­րաւ չեն սպիա­նար։ ­Խո­ցո­ւած է Ար­ցա­խը, խո­ցո­ւած է հա­յու սիր­տը։
Ար­ցա­խը օգ­նե­լու մեր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կանգ չէ ա­ռած։ Ար­ցա­խը պէտք ու­նի ա­մէն տե­սա­կի օգ­նու­թեան։ ­Չի բա­ւեր միայն մեր սրտէն բխա­ծը բաժ­նել մեր մարտն­չող ա­րիւ­նա­կից­նե­րուն, այլ նաեւ այ­սօր, ա­ւե­լի քան եր­բեք, կը պա­հան­ջո­ւի զօ­րա­ւոր կամք, հաս­տա­տա­կամ կե­ցո­ւածք, որ­պէս­զի հայ­րե­նի մեր զոյգ աշ­խարհ­նե­րը միան­գա­մընդ­միշտ ձեր­բա­զա­տին պար­տո­ւո­ղա­կան այն հո­գե­բա­նու­թե­նէն, ո­րուն պար­տադ­րա­բար մեզ հաս­ցու­ցին ա­պի­կար իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը։ Ա­նոնք մին­չեւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կեն կոր­ծա­նա­րար ըն­թաց­քը՝ ի վնաս ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին, հա­յը հպար­տօ­րէն ապ­րե­լու ձգտու­մին։
­Պի­տի օգ­նենք ա­մէն գնով։ ­Մեր սրտէն ու էու­թե­նէն պի­տի պո­կենք մաս­նիկ­ներ եւ պի­տի նո­ւի­րա­բե­րենք Ար­ցա­խի հա­յու­թեան գո­յա­պայ­քա­րին։
­Մէկ ձեռ­քը պի­տի եր­կա­րենք Ար­ցա­խի մեր եղ­բօր, իսկ միւս ձեռ­քը բռունցք ե­ղած պի­տի պայ­քա­րի ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի կոր­սո­ւած ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը վե­րագտ­նե­լու հա­մար։
­Կառ­վա­րեն­ցի պատ­գա­մով՝ «պի­տի ապ­րի՛նք, պի­տի ապ­րեց­նե՛նք»։
­Միաս­նա­կա՛ն կամ­քով։