Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով՝ Քաղաքացիները Քայլերթ Կ՝իրականացնեն (ուղիղ)

Հայաստան

«Հայրենիքի փրկութեան շարժման» նախաձեռնութեամբ՝ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով՝ Արամ Մանուկեանի արձանին մօտէն կ՝ընթանայ քաղաքացիական երթ:

«Քաղաքացիներուն կը հորդորենք աշխոյժ կերպով մասնակցիլ բողոքի այս գործողութեան, որ նաեւ պէտք է համարժէք արձագանգ ըլլայ այսօր կառավարական 3-րդ մասնաշէնքին մօտ ցոյց իրականացնողներու նկատմամբ բիրտ ուժի կիրառման, քաղաքացիներուն վնասվածքներ պատճառելու եւ անհիմն բերման ենթարկելու՝ ոստիկանական գործողութիւններուն»,- ըսուած է «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» տարածած յայտարարութեան մէջ:

Երթին կ՝առաջարկենք հետեւիլ ուղիղ հեռարձակումամբ։