Նախիջեւանիկ… Ապրելու Եւ Արարելու Հաւատով

Հայաստան

Ասկերան քաղաքի մօտաքայքն է Նախիջեւանիկ գիւղը: Դէպի գիւղ տանող ճանապարհէն տեսանելի են վերջերս հաստատուած նոր բնագծերը: Նախիջեւանիկցիները արդէն հեռուէն կը հետեւին իրենց մշակած այգիներուն: Նոր հաստատուած սահմանագիծերէն ետք, լայնատարած արօտավայրեր եւ այգիներ ինկած են թշնամիին ձեռքը:

Նախիջեւանիկի դպրոցի պատմութեան ուսուցիչ, Հ.Յ.Դ. Ասկերանի կոմիտէի անդամ Արեն Սարուխանեանի խօսքով` նախապէս  երբեք նմանօրինակ կացութիւն չէ ստեղծուած:

«GPS-ով անկանոն, ծուռումուռ նոր սահման են գծել, որն անցնում է մեր գիւղի այգիների, արտերի միջով: Յոյս ունենք, որ այն կը փոխուի…»,- կը յայտնէ Արեն Սարուխանեանը:

Պատերազմէն ետք, այս ստեղծուած նոր պայմանները բոլորին համար ալ ծանր են, բայց պատմութեան ուսուցիչ Սարուխանեանը երբեք չէ ընկճուած: Ան կը փորձէ աւելի լաւ ապագայի իր յոյսը փոխանցել աշակերտներուն, շարունակ խանդավառութիւն ստեղծելով:

Վերջին տարիներուն դպրոցի աշակերտներու թիւը կ՛աճի: Նախորդ տարուայ 88-ի փոխարէն, այս տարի դպրոց կը յաճախեն 96 աշակերտներ: Նախիջեւանիկի Գէորգ Յակոբեանի անուան միջնակարգ դպրոց յաճախեն Նախիջեւանիկ, Սառնաղբիւր, Վարդաձոր եւ Արանզամին գիւղի երեխաները:

Դպրոցի տնօրէն Գալինա Մեժլումեանի խօսքով` աշակերտներու թիւի բարձրացումը, պատճառ հանդիսացած է, որ դասասենեակներ բաւարար չըլլան: Նորոգման աշխատանքները պատերազմին պատճառով յետաձգուուած էին:

Նախիջեւանիկի մէջ, այս օրերուն, դժուար է հողագործութեամբ ու անասնապահութեամբ զբաղուիլը: Սակայն պատերազմական գործողութիւններէն ետք, տեղահանուած բոլոր բնակիչները վերադարձած են: Նոյնիսկ Շուշիէն տեղահանուած մէկ ընտանիք ալ հաստատուած է:

լուսանկարները՝ ԱՊԱՌԱԺ-ի