Բարոյական Յաղթանակէն Աղէտաբեր Պարտութիւն (Աւարայրի Ճակատամարտ, 1570-Ամեակ). Համբիկ Պիլալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ո՛չ, երիցս ո՛չ, պէտք չէ ստորագնահատել պատմութեան դասերը, որոնք, ճիշդ է, որ կը պատկանին հեռաւոր անցեալին եւ տեղի ունեցած են տարբեր պայմաններու ու քաղաքական հանգամանքներու բերումով, այդուհանդերձ, տուեալ դիպաշարերէն անկախ, անոնց խորհուրդն է, որ թելադրելի կը մնայ հետագայ սերունդներու` իբրեւ պատմագիտական եւ անժամանցելի ճշմարտութիւն:

Հապա եթէ այդ խորհուրդները խորապէս կ՛առնչուին ազգին, պետութեան ու առհասարակ հաւաքական կեանքին, այլ խօսքով` գոյութենական պայքարին, ուստի, անոնք կը հանդիսանան անառարկելի արժէքներ, որոնցմով կ՛իմաստաւորի ողջ ազգի մը լինելութիւնը, դերակատարութիւնն ու ապրելու իրաւունքը:

Այո՛, իրաւունք մը, որ հայութիւնը վաստկած է շնորհիւ իր քաղաքակրթական նուաճումներուն, ստեղծագործ ոգիին, տեսակին, նկարագրային բարեմասնութեան եւ արժանահաւատօրէն աշխարհին ներկայանալու խոր գիտակցութեան:

Վարդանանց, 451 թուական:

Մարզպանական Հայաստան իր հոգեւոր, արքունի թէ զինուորական դասով կը մղէ հաւատքի ու հաւատամքի ճակատամարտը Աւարայրի դաշտին վրայ, Տղմուտ գետի ափին, երբեմնի Վասպուրական աշխարհի Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներու սահմանին: Սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան, իր թիկունքին ունենալով հայոց բանակի այրուձին ու հետեւակ զօրքը, դէմ կը կանգնի Յազկերտ Բ.-ի հզօր բանակին եւ իր կամքը կը պարտադրէ թշնամիին` «ո՛չ» ըսելով կրօնափոխութեան, այլ խօսքով` ազգային անձնատուութեան:

Իրօք, հայոց բանակի պատրաստակամութիւնը` կռուելու կայսերական զօրքին դէմ, ցուցանիշ էր ցեղային կազմաւորումի, պահուածքի, գիտակցական մակարդակի, այլ խօսքով`ազգային առանձնայատկութեան, որուն ամենահարազատ եւ իրաւ արձագանգները մենք կը տեսնենք դարեր ետք, ֆետայական մարտերու թէ Արցախի ազատագրական պայքարի ընթացքին:

Իսկ ինչ կը վերաբերի վերեւ յիշատակուած աւարայրեան դասերուն, հարկ է ճշդել իրողութիւն մը անսեթեւեթ, որ հայութիւնը, օրին, կրցաւ յաղթահարել ներքին ու արտաքին դժուարութիւնները, վախերը եւ նետուեցաւ թէժ մարտի դաշտ, անշուշտ, կշռադատելէ ետք օրուան քաղաքական, դիւանագիտական ու զինուորական տարբեր հանգամանքներ:

Փաստօրէն, Յազկերտ Բ.-ի կողմէ Տիզպոն կանչուած հայոց արքունի դասը որոշակի դիւանագիտական փորձառութեամբ կրցած էր իր մէջ ուժ գտնել` շրջանցելու թշնամիին որոգայթը, թէկուզ ձեւականօրէն կրօնափոխի պատմուճանը հանդերձելով, պարզապէս փրկելու կացութիւնը եւ մտածելու գալիքի մասին:

Աւելի՛ն. օրին, հայոց աւագանին կարծես համոզուած էր, որ դաշնակից ուժեր պարզապէս խոստումներ կու տային` անգիտանալով վաղահաս վտանգն ու անոր հետեւանքները: Փաստօրէն, ո՛չ Բիւզանդիոնի եւ ո՛չ ալ հիւսիսի բարեկամներէն հայութիւնը օժանդակութիւն կը ստանար, կռուելու, այսպէս ըսած, հասարակաց թշնամիին դէմ: Սա կը նշանակէր, որ հայ ժողովուրդը, ապաւինելով իր սեփական ուժին, առանձին դէմ պիտի դնէր զրադաշտական Պարսկաստանին:

Միւս կողմէ, Վասակ Սիւնիի քաղաքական կեցուածքն ու մօտեցումները թէեւ կը բովանդակէին որոշակի յստակատեսութիւն, այդուամենայնիւ, հայութիւնը, իր հոգեւոր ու արքունի դասով, համոզուած էր նետուելու կռուի դաշտ ու դիմակայելու յարձակող թշնամիին` յանուն կրօնքի ազատութեան եւ ազատ ապրելակերպի:

Յաճախ ըսած ու կրկնած ենք, թէ Աւարայրը հեքիաթ չէ, որով կարելի է նորահաս սերունդներ խանդավառել, այլ անիկա ազգային գաղափարական լիցք ու արժէք պարունակող պատմական դիպաշար է, ազգային ըմբռնում ու հաւատամք:

Արդ, պահ մը զանց առնելով կրօնական հիմնաւորումն ու մօտեցումները, հարց պէտք է տանք ազգովին, թէ ինչո՞ւ հայոց անզուգական պատմիչներ` Եղիշէ, Ղազար Փարպեցի, Փաւստոս Բիւզանդ եւ այլք, այնքան երկիւղածութեամբ յիշած են հայոց Աւարայրն ու անոր անկրկնելի հրամանատարին նահատակութիւնը:

Ինչո՞ւ Հողոցմեցի կաթողիկոսին, Ղեւոնդ Երէց Վանանդեցիին ու Վարդան զօրավարի ճառերը, ճակատամարտի նախօրէին, իրենց կուռ բովանդակութեամբ եւ  խորհուրդներով կը շարունակեն հոգեզինել մեզ մինչեւ այսօր: Անոնց «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» պատգամին անժամանցելիութիւնը ինչո՞ւ ցարդ կ՛արձագանգէ մեր կեանքին մէջ եւ կը փոթորկէ նորահաս սերունդին մտքերն ու հոգիները:

Արդեօք անոնց պատգամը, պարզապէս անդրադառնալ էր բարոյական յաղթանակի մը, թէ՞ ընդգծել հայու ազգային ու մարտունակ ոգիի եզակիութիւնը, անոր առաւել անհրաժեշտութիւնը` տոկալու եւ դիմադրելու բոլոր ժամանակներու թշնամիներուն:

Վարդան Մամիկոնեանի եւ իր տղոց նահատակութիւնը բացառիկ երեւոյթ էր օրին, որ դարերու ընթացքին հանդիսացաւ ներշնչման աղբիւր` վկայակոչելու հայ մարտունակ բազուկի անկորնչելի արժէքը:

Այսօր, Հայաստանն ու արծուեբոյն Արցախը կ՛ապրին օրհասական պահեր: 45 օրերու պատերազմի աւարտը հայոց պարտութիւնը եղաւ: Հայութիւնը ստացաւ իր արդի պատմութեան ամէնէն դժուարին հարուածը` Արցախի մեծ մասին կորուստով: Թուրք-ազերի հորդաներ, իրենց աջակից ունենալով հայատեաց այլ երկիրներ ու վարձկան խմբաւորումներ, կրցան գրաւել հայոց բերդը` Արցախ աշխարհը:

Ստեղծուած իրադրութեան առընթեր, Արցախի սիրտը` Ստեփանակերտն ու կարգ մը քաղաքներ, տակաւին կը շնչեն հայօրէն, ուր հայոց բանակը կը հսկէ տիւ եւ գիշեր պաշտպանելու մնացորդացը, վերականգնելու հայութեան յոյսն ու երազանքը:

45 օրերու ճակատամարտը, զոր մղեցին մեր օրերու հայոց Վարդանները, միայն պատիւ կը բերէ հայ իրականութեան: Անոնք կռուեցան առանձին եւ իրենցմէ գերակշիռ ուժերու դէմ: Մեր սրբազան տղաքը ճակատեցան հերոսաբար եւ արժանացան նահատակութեան փառապսակին:

Ճիշդ է, որ քաղաքական-դիւանագիտական նոր օրերու Տիզպոն մը, այսինքն` ազգային անձնատուութիւն մը պարտադրուեցաւ մեզի, ի լուր աշխարհին, սակայն ուսանելին մնաց այն, որ անմիասնական հայութիւնը, իր թշուառամիտ պետական այրերով ու դաւադրական գործարքով` պատճառ դարձաւ աղէտաբեր պարտութեան մը, որուն համար պիտի ափսոսան իրերայաջորդ սերունդներ:

Երբեմնի բարոյական յաղթանակը պիտի մնայ հայոց պատմութեան սպիտակ էջերու գագաթին, իսկ աղէտաբեր պարտութեան պատճառ հանդիացող տկլոր մարդիկ պիտի նետուին պատմութեան աղբանոցը:

Հայրենիքի փրկութեան շարժման ոգին նոյնինքն Աւարայրի պատգամն է, որ կը շարունակէ ջրդեղել ազգային պահուածքի տէր բազում հայորդիներ: