Գերիներու Փոխանակումը Արագացնելու Գծով Լիթուանիոյ Խորհրդարանէն Կոչ՝ Ազրպէյճանին

Աշխարհ, Հայաստան

Լիթուանիոյ խորհրդարանի Հայաստանի հետ միջխորհրդական խումբի անդամները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը` Ազրպէյճանին կոչ ուղղելով արագացնելու աճիւններու, պատերազմական գերիներու եւ պատանդներու փոխանակումը ու անոնց վերադարձը Հայաստան: Այս մասին կը փոխանցէ «Ազատութիւն»-ը։

«Յղում կատարելով Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչին՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ 19 Նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան՝ 2020-ի վերջաւորութեան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու` պատերազմական գերիներու եւ այլ ձերբակալուած անձերու «բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքով փոխանակելու վերաբերեալ ստանձնուած պարտաւորութեան, Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան բանբերին 29 Յունուարի կոչին, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) Քաղաքական յանձնախումբի 1 Փետրուարի յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով 9 Նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն` զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ յայտարարութեան 8-րդ կէտերը, Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք՝ արագացնելու աճիւններու, պատերազմական գերիներու, պատանդներու փոխանակումը եւ անյապաղ դադրեցնելու վերջիններուս նկատմամբ յարուցուած քրէական գործերը ու զանոնք վերադարձնելու Հայաստան: Գերիներու անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու վերադարձը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութեան մթնոլորտի վերականգնման առաջին քայլերէն մէկը պիտի ըլլայ: Նաեւ Եւրոպական Միութեան մարմիններուն կոչ կ՛ուղղենք Ազրպէյճանի հետ ներկայ եւ ապագայ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ հետեւողականօրէն բարձրացնելու մարդասիրական այս հարցը»: