Կազմակերպել Մշակութային Ժառանգութեան եւ Կրօնական Վայրերու Պաշտպանութեան Համաժողով. Սեւակ Յակոբեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը ընդունեց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ կրօնական, հնագիտական ​​վայրերու եւ մշակութային արժէքներու վնաս հասցնելն ու  ոչնչացնելը։  Ժողովը պարտականութիւն տուած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին համաժողով մը կազմակերպել բանաձեւին իրագործման ի խնդիր: ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան  նախ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սէուտական Արաբիոյ՝ բանաձեւի նախագիծը ներկայացնելուն համար ապա շուտով համաժողով մը գումարելու կոչով մը կը դիմէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, մշակութային  ժառանգութեան եւ կրօնական կառոյցներու պաշտպանութեան աշխատանքի մէջ միջազգային  աջակցութիւնը ստանալու  նպատակով:

Իր կոչին մէջ ընկ. Յակոբեան կը նշէ. «Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան շնորհակալութիւն կը յայտնենք՝ բանաձեւի այս նախագիծի առաջարկի մէջ իր ունեցած դերակատարութեան համար:  Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ բարեկամ արաբական երկրներուն, ինչպէս՝ Եգիպտոսին, Իրաքին, Յորդանանին, Քուէյթին, Եմենին, Պահրէյնին, Սուտանին, Օմանին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Պաղեստինին՝ բանաձեւի նախագիծի  հովանաւորութեան  եւ  անոր որդեգրման ի խնդիր համագործակցութեան համար»:

«Այս առիթով կը դատապարտենք վերջին հրթիռակոծութիւնը,  որուն ենթարկուեցաւ Սէուտական Արաբիան եւ կը յայտնենք մեր զօրակցութիւնը այն երկիրին, որ ծնունդ տուած է թագաւոր Հուսէյն պին Ալիին ՝ Մեքքայի Շերիֆին. հերոս մը, որ անցեալ դարու սկիզբը արաբական ցեղախումբերուն կոչ ուղղած է  թրքական եաթաղանէն մազապուրծ եղած Հայ ժողովուրդի բեկորներուն օթեւան տալ ու փրկել զանոնք: Արաբ ղեկավար մը, որ զէնք բարձրացուցած է օսմանեան բռնապետութեան դէմ ՝  ազատագրելու արաբական հողերը օսմանեան կայսրութենէն: Սէուատական Արաբիոյ կողքին ըլլալը հայ ժողովուրդի պարտքն է եւ իր երախտագիտութեան արտացոլածումը» շարունակած է ընկեր Յակոբեան:

Ընկ. Սեւակ Յակոբեան իր կոչին մէջ կը շեշտէ. «Կոչ կ’ուղղենք Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեսին, վերոնշեալ բանաձեւին հետեւողականութեամբ  խորհրդաժողով մը կազմակերպել, մասնակցութեամբ` անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու, քաղաքական գործիչներու, կրօնական առաջնորդներու, կրօնական կազմակերպութիւններու, լրատուամիջոցներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան: Այս մէկը կ’օգնէ ՄԱԿ-ին՝ կրօնական, հնագիտական վայրերու  եւ մշակութային արժէքներու պահպանութեան  ծրագիրի իրականացմանը»։

«Այստեղ յատկապէս պէտք է  նշենք պատմական Հայաստանի եւ Արցախի բռնագրաւուած այն վայրերը, որոնք կը պարունակեն հայ ժողովրդին պատկանող մշակութային ժառանգութիւններ, որոնք այսօր վտանգուած են ու բարբարոսական քանդումի կ՛ենթարկուին թուրքերու եւ ազերիներու կողմէ». իր կոչը եզրափակած է ընկեր Յակոբեան:

ՌԱԿ

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.aravot.am/2021/01/29/1168009/?fbclid=IwAR0JK-9b68gcrlKYqI7sMPjzWuW5ZUl7c26fSh5JPoQooy1r_MlMIZncVZg

© 1998 – 2021 Առավոտ – Լուրեր Հայաստանից