ՀՅԴ ԱԵՄ-ի Անդամները Մաքրեցին Շուշիի Հրասայլ-յուշարձանի Տարածքը (լուսանկարներ)

Հայաստան

Հայրենեաց պաշտպանի օրը ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան խումբ մը անդամներ, Յունուար 28-ին, այցելած են Ստեփանակերտի Եղբայրական գերեզմանոց եւ յարգանքի տուրք մատուցած հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ զոհուած նահատակներու յիշատակին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ապառաժ»ը։

Այնուհետեւ, միութեան անդամները բարձրացած են Շուշիի հրասայլ-յուշարձանին մօտ։ Պատերազմի օրերուն յուշարձանի տարածքը ենթարկուած էր հրետակոծութեան, վնասուած էր նաեւ բուն յուշարձանը եւ ակնյայտ էր, որ անկէ ետք այնտեղ մաքրման եւ վերականգնման աշխատանքներ չեն կատարուած:

Նախքան մաքրման աշխատանքները
Մաքրման աշխատանքներէն ետք

Միութեան անդամները տեղւոյն վրայ որոշած են յուշարձանին տարածքը մաքրել աղբէն, քարերէն ու աւազէն: Ներկայիս յուշարձանը կը գտնուի պատերազմէն ետք հաստատուած նոր բնագիծերուն մօտ։

ՀՅԴ ԱԵՄ-ի անդամ Վահագն Խաչատրեանի խօսքով՝ Շուշիի հրասայլ-յուշարձանը յաղթանակի խորհրդանիշ է եւ իրենք յաճախ՝ տօնական օրերուն՝ կ՝այցելեն այնտեղ: Իսկ այժմեան անմխիթար վիճակը չէր կրնար անտարբեր ձգել երիտասարդները:

«Թէեւ թշնամիի տիրապետութեան տակ անցած, այնուամենայնիւ, Շուշին եւ Շուշիի հրասայլ-յուշարձանը կը շարունակեն համարուիլ հայ ազգի յաղթանակի եւ վերածնունդի խորհրդանիշ։ Սերունդները պէտք է շարունակեն դաստիարակուիլ յաղթողի հոգեբանութեամբ, եւ շարունակեն պայքարիլ պատմական արդարութեան վերականգնման համար։ Ցաւը մեծ է, բայց մենք պարտաւոր ենք վերագտնելու մեզի եւ տէր կանգնելու մեր երկրին ու մեր արժէքներուն։ Ասիկա կը պատգամէ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան նախաձեռնութիւնը, որմով աւելի արժեւորեցինք այս օրը»,- նշած է Վահագն Խաչատրեան:

ՀՅԴ ԱԵՄ-ի անդամները յոյս յայտնած են, որ մաքրման աշխատանքներէն ետք համապատասխան մարմինները պիտի զբաղին վերանորոգման աշխատանքներով:

Օրուան վերջը երիտասարդները այցելեցին շարք մը դիրքեր եւ զինուորները շնորհաւորեցին Հայրենեաց պաշտպանի օրուան առիթով: