Ինչպէ՞ս Դարմանել Մգլոտած Ուղեղները. Ս. Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Պսակաւոր ժահրին դէմ պատուաստի արշաւներուն մեկնարկը մօտաւորապէս մէկ ամիսէ ի վեր լաւատեսութեան եւ յոյսի ալիքներ տարածած է արդարօրէն: Հիմա, զրոյցներ շրջան կ’ընեն, որ գիտնականները կ’աշխատին նոր դեղ մը հնարել, որպէսզի կարելի ըլլայ համաճարակէն ազդուած եւ… մգլոտած ուղեղները դարմանել:

«Մգլոտած ուղեղը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ», պիտի հարցնէ ընթերցողս: Բացատրեմ, թէ ինչպէ՛ս կ’ըլլայ:

Աւելի քան 101 միլիոն մարդ որսացած, մօտաւորապէս 2.2 միլիոն զոհ հնձած (բարեբախտաբար աւելի քան 56 միլիոն ալ փրկուած կայ) համաճարակը տրամաբանականէն աւելի մեծ «նուաճումներ» ապահովեց, որովհետեւ եղան մգլոտած ուղեղով մարդիկ, պետական (ան)պատասխանատուներ, մինչեւ անգամ (տ)գիտնականներ, որոնք այս կամ այն ձեւով արհամարհեցին վտանգը, աւելի՛ն, քաջալերեցին անփութութիւնը, բարձրացնելով «ազատութիւնս մի կաշկանդէք», «իրաւունքներս մի՛ ոտնակոխէք» ու նման դրօշներ:

Եթէ սկզբնական ամիսներուն, երբ տակաւին վարակին վտանգին ծանրութիւնը այսօրուան չափ յստակ չէր, թերեւս մտածող ըլլար, թէ նման «դատեր» պաշտպանողները տեղ մը իրաւունք ունէին: Հիմա, երբ դարձեալ ականատես կ’ըլլանք բողոքի ցոյցերու, ա՛լ տարակոյս չի մնար, թէ մգլոտած ուղեղները դարմանումի կը կարօտին:

Ի՛սկապէս, ինչպէ՞ս բացատրել եւրոպական, ամերիկեան «զարգացած» ցամաքամասերուն վրայ, նաեւ Լիբանանի պէս «թերաճ» երկիրներու մէջ համաճարակին դէմ կանխամիջոցներ որդեգրած իշխանութիւնները դատապարտող ցոյցերը, որոնք… զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ կ’ըլլան: Եթէ ուղեղները մգլոտած չըլլան, բնական ուղեղով մարդը չի՞ կրնար տրամաբանել, որ դրուած արգելքները ի՛ր իսկ բարիքին համար են, որովհետեւ ախտը մոգական գաւազանիկի մը շարժումով պիտի չչքանայ (մգլոտած ուղեղով նախկին նախագահ մըն էր այդ «գիւտին» հեղինակը, եւ առանձին երեւոյթ չէր): Բանական մարդը նաեւ կրնայ տրամաբանել, որ նման հարցեր չեն կրնար քաղաքականացուիլ, պէտք չէ քաղաքականացուին, որովհետեւ քաղաքականացումի արժանի իսկական հարցերը չեն պակսիր…:

Իսկ եթէ կան մարդիկ, որոնք իրենց թերաճ ուղեղներով կը պնդեն, թէ իրաւունք ունին վարակուելու եւ ուրիշներու կեանքերը վտանգի մատնելու, փրկութեան մէկ ճամբայ ունին. երթալ եւ անձնասպանութեան այլ միջոցներ որոնել, կամ յուսալ, որ գիտնականները գտնեն ուղեղները մգլոտութենէ դարմանող դեղ մը…