Հարուած` Հայկական Բանակցային Դիրքերուն. «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Շուշի քաղաքի հայկականութիւնը խորհրդարանի բեմէն վարչապետին կողմէ հարցականի վերածուիլը հայկական կողմին լուրջ հարուած է հակամարտութեան լուծման ընդառաջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն առումով:

Վարչապետի հարցականը հիմնաւորուած է պատերազմէն առաջ Շուշիի ժողովրդագրական պատկերի փաստին վրայ: Տրամաբանութիւնը այստեղ պարզ չէ, որ պատկանելիութեան, այս պարագային հայկականութեան ճշդումի համար  իբրեւ փաստ-հիմնաւորում ժամանակի ո՛ր փուլն է մեկնակէտը: Արցախեան պատերազմէն շատ առաջ, երբ Ազրպէյճան պետութիւն իսկ չէր ստեղծուած, Շուշին հայերով բնակուած քաղաք էր, մշակութային կեդրոն եւ հայկական բնօրրան: Այլապէս, եթէ ընդունինք վարչապետի տրամաբանութիւնը, մայիսեան հերոսամարտերէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումէն առաջ կարելի է հարցականի տակ առնել նաեւ Երեւանի հայկականութիւնը, նկատի ունենալով մեծ մասով այլազգի բնակչութեան համեմատական մեծամասնութեան պատկերը: Ա՛յս վարկածն է, որ փաստօրէն յառաջ կը քշէ Ազրպէյճանի նախագահը` առիթները օգտագործելով Երեւանի ազրպէյճանապատկանութիւնը յայտարարելու համար:

Հիմա փաստօրէն կը նոյնանան Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին քաղաքներու պատկանելիութեան ճշդումի չափորոշիչները:

Նման յայտարարութիւն մը ներազգային առումով կը ստեղծէ զիջողական ենթահող, պարտուողական մթնոլորտ, ազգի առաջադրանքային հեռանկարներէն փորձել ջնջելով Շուշիի վերաազատագրման հրամայականը:

Հարցականի տրամաբանութեամբ ի՞նչ էր մինչ այդ Շուշիի կարգավիճակը, մինչեւ յանձնումը Ազրպէյճանին: Գրաւուած ազրպէյճանական տարա՞ծք, անվտանգութեան գօտի՞, Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ինկած ճշդելի միջանկեալ շրջա՞ն: Պաշտօնապէս հնչած հարցականը նման հարցականներու կրնայ առաջնորդել:

Ամէնէն լուրջ հարուածը սակայն հետագայ բանակցութիւններուն կը վերաբերի: Բանակցային ռազմավարութեան առանցքը, կը թուի, որ պիտի կազմուի ԼՂԻՄ-ի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ այդ տարածքին ճանաչումին շուրջ:

Նոյնիսկ ամէնէն վատ բանակցային փաստաթուղթը մինչ այժմ ԼՂԻՄ-եան տարածքներէ Ազրպէյճանին յանձնելու մասին կէտ չէր ներառած իր մէջ: Կարգավիճակի սկզբունքը կը վերաբերէր ԼՂԻՄ-եան տարածքին, որուն համար ռազմավարական նշանակութիւն ունէր Շուշին:

Հիմա այս հարցականով վարչապետը ԼՂԻՄ-էն կ՛անջատէ Շուշին` անոր տալով Աղտամի կամ Ղուբաթլիի կարգավիճակ: Հարցականի տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ Շուշին եւս բանակցային զիջելի տարածք է:

Այս հարցականը հակառակորդին կողմէ լիարժէք կ՛օգտագործուի բանակցութիւններու ընթացքին:

Հարցականը տակաւին հարուած է  ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին, որուն վրայ կայացած էր մինչ այժմ  ամբողջ մեր բանակցային ռազմավարութիւնը: Արցախահայութիւնը ինքնորոշուած է ԼՂԻՄ-եան տարածքներուն վրայ անկախ ապրելու նպատակով: Ներառեալ Շուշին: Հարցականը ո՛չ միայն կ՛ոտնահարէ Արցախի ժողովուրդի կամարտայայտութիւնը, այլ նաեւ հզօր հարուած կը հասցնէ բանակցային ռազմավարութեան  հիմնասիւնին` ինքնորոշման իրաւունքին:

Ժողովրդավարական կարգերով կառավարուող երկիրներու մէջ նման հակապետական յայտարարութիւն կ՛առաջնորդէ անմիջապէս պաշտօնազրկման: Ի վերջոյ հարցական հնչեցնելը հակասական է Երեւանի պաշտօնական դիրքորոշումներուն, բանակցային ռազմավարութեան:

Եւ վերջապէս. Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան հիմք հանդիսացող Անկախութեան հռչակագիրը ներառած է հետեւեալ կէտը` իբրեւ հիմք անկախութեան հռչակման:

«Կենսագործելով ազգերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի համատեղ որոշման վրայ»:

Այս բանաձեւի կէտերուն ներառուած է Շուշին իբրեւ արցախապատկան տարածք:

Հարցականը ուրեմն նաեւ հակասահմանադրական է: