Հնդիկ Ռաժն Ու Մեր Պատերազմը… Գէորգ Պետիկեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

bedig43@aol.com

Դարձեալ գիւղ գացած էի, տղուս մօտ: Ռիփոն կը կոչուի այս մէկը, որ Ֆրեզնոյէն մօտաւորապէս երկու եւ աւելի ժամ դէպի հիւսիս կը գտնուի եւ որուն տարին քանի մը անգամ էրիկ-կնիկ կ’այցելենք: Նաեւ աւելցնեմ, որ Ռիփոնի ծայրամասին է, որ կը գտնուի մեր զաւկին՝ Արամին բժշկական կեդրոնը, ուր իբրեւ յաճախորդ-հիւանդ, հսկայ բեռնատար կառքերու զանազան տարիքի երկսեռ մեքենավարներ կու գան, տարեկան բժշկական զանազան քնութիւնները կատարելու համար:

Այս անգամ, եւ որովհետեւ չէի ուզեր ամբողջ օրը տղուս յարկաբաժնին մէջ բանտարկուած մնալ, ուստի ամէն առաւօտ, հնազանդ պաշտօնեայի նման, տղուս կ’ընկերանայի: Հոն ալ, առանց շուրջիններս խանգարելու, ինքզինքս զբաղ պահելու համար, սեղանի մը դիմաց տեղաւորուելէ ետք, գաւաթ մը սուրճիս հետ, նախ համակարգիչիս կայքերէն ընթերցումներ կատարելով, հայ մամուլին կը հետեւէի եւ ապա, անոր դիմաց «գամուած», հայատառ տողերովս, ճերմակ պաստառը մտածումներուս փշրանքներովը կը փորձէի «սեւցնել», միշտ մտքիս մէջ ի մտի ունենալով, թէ «մարդը երկրագունդի նման կենդանի է, եւ անոր պէս իր միտքն ալ շրջապատուած է գաղափարներու մոլորակներով»:

Անկեղծօրէն կը հաւատայի, որ երբ առանձին ես, ինքնաբերաբար տրամադրութիւնդ քեզ տարբեր ուղիներ կրնար առաջնորդել: Ու մանաւանդ այս օրերուն, արդէն ազգովին ունէինք անուրանալի պատմական ճշմարտութիւն-իրականութիւն մը, որ քեզ իսկապէս կտոր-կտոր կ’ընէ: Ամէն վայրկեան քեզ կը նեղէ: Բայց ասով հանդերձ, իբրեւ լուծում, մեր բոլոր հին ու նոր հարցերուն մօտենալու քաջութիւնը անհրաժեշտութիւն կը նկատէի: Այսպէ՛ս ես զիս կը համոզէի: Ու նման ճշմարտութիւններ, թէեւ տխուր էին, սակայն նոր երազի մը նման, մտովի եւ ինքնածին իրարու ետեւ, գրեթէ ամէն օր «կը շարուէին»: Ձեռքս չէր:

Եւ օր մը, կարծես դարձեալ ազգիս հոգերը մինակս ուսերուս վրայ շալկած, երբ դիմակս մինչեւ քիթս ծածկած Կեդրոնի սենեակի աթոռներէն մէկուն վրայ հազիւ տեղաւորուած էի, եւ չես գիտեր ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս սկսած էի երկար-բարակ կրկին անգամ իյնալ մտածմանս ալիքներուն մէջ, յանկարծ լսեցի, որ «ըսքիւզ մի, սըր», ներողութիւն պարոն, մէկը շարունակ կը կրկնէր: Սենեակին մէջ ինձմէ զատ «սըր» չկար: Բոլորը, իգական սեռի պատկանողներ էին: Ուրեմն խօսքը ինծի ուղղուած էր: Ինքնաբերաբար, դէմքիս վրայ անմեղ, սակայն հետաքրքիր նայուածք մը բռնած, դարձայ ձայնի ուղղութեամբ: Տարօրինակ էր: Հո՛ս, այս գիւղին մէջ, ուր բացի մեր զաւկէն, ուրիշ հայ չկար, արդեօք ո՞վ զիս կը ճանչնար: Ո՞վ զիս տեսած էր: Արդեօ՞ք այս մարդը զիս ալ պաշտօնեայ կարծած էր: Սխալմունք մը ըլլալու էր: Բայց…: Ոտքի ելլելով մօտեցայ ապակիէ զոյգ պատերով պաշտպանուած ընդունելութեան յատուկ փոքր պատուհանին: Հիմա ճիշդ դիմացս, անծանօթ մէկը, ինքն ալ քիթ-բերան գոցած, աչքերս պրպտող իր զոյգ մը աչքերովը, ինծի կը նայէր:

-Ինչպէ՞ս կրնամ օգնել, ըսի, անգլերէնով եւ նոյնքան ալ քաղաքավար:

-Անունս Ռաժ է, ըսաւ մարդը, դէմքին դիմակը վար առնելով: Գուշակ ըլլալու կարիքը չկար: Անծանօթը «Հնդկաստանեան» հնդիկ մըն էր, եթէ կարելի էր այսպէս անուանել, այս նիհարակազմ եւ 18 անիւներ ունեցող, հսկայ փոխադրակառքի մը մեքենավարը: Թէեւ քննութեան համար եկած էր եւ սակայն լաւատեղեակ ըլլալով, որ «մենք» հայ էինք, առիթէն օգտուելով նաեւ ուզած էր անցեալ տարուան Արցախեան պատերազմին մեր կրած ամէն տեսակի կորուստներուն համար, անձամբ իր ցաւակցութիւնները յայտնել:

-«Այ ամ վերի սօրի, սը՛ր, ֆօր եո՛ւր լոսթս», ես շատ կը ցաւիմ, պարոն, ձեր կորուստներուն, ըսաւ շատ յուզիչ եւ սգաւոր ձայնով ու քանի մը անգամներ կրկնելէ ետք, նաեւ մէջբերեց մարդկային եւ հողատարածքային մեր անհամար կորուստները եւ ապա իր խօսքի աւարտին, աջ ձեռքը բռունցք կազմած, ապակիին փակցուց: Յայտնի էր, թէ այս բարեկիրթ հնդիկը, լաւատեղեակ էր մեր այդ անիծեալ պատերազմի բոլոր մանրամասնութիւններուն եւ հետեւանքներուն: Իրապէս, որ շուարած էի: Ու թէեւ յանկարծակիի եկած էի, բայց ինքզինքս վերագտնելով, իմ կարգիս առ ի համաձայնութիւն, շնորհակալութիւն եւ կամ զօրակցութիւն՝ ես ալ բռունցք մը կազմելով, ապակիին վրայ իր բռունցքին միացուցի: Նկատեցի, որ սենեակին մէջ պաշտօնեայ աղջիկները, նոյնիսկ տղաս, հաւաքուած եւ ապշած, մեզ կը դիտէին: Անկեղծօրէն հնդիկին արտասանած բառերն ու մխիթարական խօսքերը, մեզ բոլորս, ոչ միայն զարմացուցած էր, այլ ինծի ալ՝ իմ մօտիկ անցեալիս յուշերուն կապած: Ահա պաղ եւ յստակ իրականութիւն:

ճիշդ էր, որ կեանքի մէջ պահեր, օրեր, նոյնիսկ ակնթարթներ կան, որոնք տարիներով չեն մոռցուիր: Ահա այս մէկը՝ անոնցմէ էր: Անոր համար եւ վայրկեանին մտովի սկսած էի վերլուծումներ կատարել: Այսպէս, աշխարհի զանազան եւ բազմազան ժողովուրդներու նման, մենք ալ ինքնա-կամ եւ յօժարակամ, ճակատագրի հովերէն քշուած, մեծ երկիրներու քաղաքական խաղերուն զոհեր դարձած, իբրեւ փրկութեան լաստ, եկած ու հաստատուած էինք այս հսկայ երկրին մէջ, եւ սակայն առանց անդրադառնալու, կամովին մենք զմեզ նետած՝ այս մեծ եւ համայնակուլ հալոցին մէջ: Սակայն այնպէս կ’երեւէր, թէ այս հնդիկը, որուն ձայնը մինչեւ այսօր իջած էր մտքիս խորը, ինծի համար այս հալոցին մէջ «չհալող» բացառութիւն մըն էր՝ հաստատապէս:

Շուրջ հարիւր օրեր անցած էին այդ սոսկալի պատերազմէն ու կը կարծէի, որ կեանքը մեզի դուրս հրած էր իր շարքերէն եւ իր կարգին աշխարհն ալ ծանօթ չէր կամ չէր ուզած ծանօթանալ մեր հոգեվիճակին: Սխալած էի: Ահա այս մարդը՝ հնդիկ Ռաժը, որուն թէեւ առաջին իսկ վայրկեանին օտար աչքերով նայած էի, սակայն հիմա միայն զմայլանք մը ունէի իր նկարագրին: Անոր համար պահը նոր մտերմութիւն մը կը յուշէր: Կեանքի նոր տեսարան:

Բառը, ամէն բանի սկիզբն է: Այս մէկը գիտէի: Ահա տարբեր նկարագրի տէր մէկը, որուն ձայնը թէեւ ինծի համար տարբեր աշխարհէ մը կարծես եկած էր, բայց նաեւ դարձած էր տպաւորիչ, նոյնքան ալ հանդիսաւոր: Իրապէս, որ այդ միջոցին, ինքզինքս բոլորովին տարբեր, սանկ տեսակ մը լիիրաւ հայ զգացած էի, որովհետեւ նշմարած էի, թէ ինչպէս հայրենիքս բաբախած էր օտարի մը սրտին մէջ ալ: Ինծի նման, ինքն ալ գիտակցած էր հայու ճակատագրի ճարպիկ եւ սակայն վտանգաւոր խաղերուն: Անոր համար, թէեւ պաղ քրտինք մը բռնած էր դէմքս, սակայն միւս կողմէ ալ խորունկ «բան» մը հոգիս ջերմացուցած:

Եւ հիմա, ո՞վ կրնայ ըսել, թէ այս մարդը ո՞վ էր, եւ ե՛ս, իրեն համար՝ ո՞վ էի: Վերջապէս ի՜նչ մարդ: Զգայուն: Գնահատող եւ քաջալերող: Լաւն ու ճիշդը մատնանշող: Թէեւ տխուր բաներ ըսաւ եւ շարեց, սակայն իր գնահատումը ինծի համար բարերար էր: Ահա թէ ինչո՞ւ ցաւը մէջս լացած էր: Անօրինակ կացութիւն: Ուրեմն, իրականութիւն էր, որ մեր երկրի այդ ծանր դէպքերը նաեւ իրենց հետքերը դրած ու ձգած էին այս հնդիկի մտքին մէջ ալ: Շատեր չեն զգար այս բնոյթը:

Իսկ ինչպէ՞ս վերաշինել կեանքս: Ու ինքնածին ես ինծի հարց կու տայի, թէ մենք ազգովին որո՞ւ կը նմանէինք: Արդեօ՞ք այս հնդիկին, թէ ոչ պարսիկներու, կամ հրեաներու,կամ արաբներու եւ կամ եւրապացիներու: Չեմ գիտեր: Միայն գիտեմ, թէ ո՛չ մէկուն, որովհետեւ ինծի համար յստակ էր, թէ նմանիլը ըլլալ չէր՝ երբեք:

Սակայն ինչո՞ւ այս «ծանր» հարցականը: Զգացական պոռթկում մը՝ պարզապէս:

Ուստի ինքզինքս վերագտնելու համար, առանձնանալու կարիքը զգացի եւ հազար անգամ Ռաժին երախտագիտական խօսքերս յայտնելէ ետք, ուրիշ սենեակ մը քաշուեցայ: Առանձնացայ:

Հիմա, մինակս եմ, Կեդրոնի չոր ու ցամաք փոքր պահեստի այդ սենեակին մէջ: Ես ինծի, մտա-հոգութիւններուս ահաւոր ալիքներուն մէջ: Հետաքրքրական է, չէ՞: Հաստատապէս գիտեմ, որ ուր ալ ըլլանք մեր կեանքը կը տրոփէ մեր սիրտը: Միւս կողմէ, գիտեմ, որ յոգնած ենք կրկնուող ձեւերէն եւ խօսքերէն ու կարկտան գաղափարներէն: Անոր համար յաճախ դիմազուրկ կը բանանք մեր մտքին դռները ու կը փնտռենք մեր սեփական արժանապատուութեան զգացումը: Զիրար չխաբենք ամէն պատերազմի, յաղթանակ կ’ակնկալենք: Սա կը նշանակէ՝ իրականու-թիւնը չտեսնել: Նաեւ կը նշանակէ՝ պարտութեան չհամոզուիլ կամ չվարժուիլ: Տաժանելի է այս զգացումը: Բայց նաեւ ա՛յն գիտեմ, որ հրաշալի է մեր ցեղին կորովը: Չենք անդրադառնար: Ռաժի ներկայութիւնն ու արտայայտութիւնը նոր յոյսին բացուող միտք մը ըլլալէ աւելի, մեզ ներշնչող իրականութիւն մը ըլլալէ չի դադրիր: Ու եթէ մտածումն է, որ ամէն ինչ շարժումի մէջ կը դնէ, անոր համար մեզի պէտք է նոր ժամանակներու, նոր մտածումներ եւ նոր հայութիւն: Աւելի հաստատ՝ նոր հայ մարդու թափ, ուր ներկայ է իր մէջ իր ազգին բոլոր գլխաւոր ձգտումները: Հաւատացէ՛ք, հայութիւնը ինքզինք չի կրնար ուրանալ: