Հայերէնի Վերազգայնացումը Քաղաքական – Գաղափարախօսական Օրակարգ Կը Դառնա՞յ. Յ. Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մեր շուրջը լեզուներ նոր ու հին,
Մեր շուրջը խօսում են այլօրէն,
Եկ խօսենք, եղբայր իմ,
Հայերէն։

Խաչիկ Դաշտենց (1910-1974)

            Տարեփակի կամ տարեսկիզբի ցաւի ու երազի մտորումներ:

            Հետզհետէ հայերէնը հայոց հաղորդակցական լեզուն ըլլալէ կը հեռանայ, կը դառնայ յիշատակի կամ փոքրամասնութեան մը լեզու: Լեզուն զոր կը շարունակենք հայերէն կոչել, մախաղ է, որուն մէջ օտար բառերու որսորդները կը նետեն ինչ որ ձեռք անցնեն: Ի հարկէ լաւ որսորդի մախաղը միշտ լեցուն կ’ըլլայ եւ կը ճոխանայ: Ինչպէս որ է մեր գրած եւ խօսած լեզուի բառամթերքը, մանաւանդ՝ արեւելահայերէնի:

            Չտիրապետելով հայերէնի, հայածնունդներ կը խօսին աշխարհի տարբեր լեզուներով, ըստ բնակած երկրի, քաղաքի, թաղի: Այդ լեզուները բազմաթիւ են: Առաջ կային օտար լեզուներ չգիտցող մեծ-հայրիկները եւ մեծ մայրիկները, որոնց ծունկին վրայ նորերը հայերէնախօսութեան առաջին դասերը կը ստանային, նոյնիսկ բարբառներու համեղ բառեր իւրացնելով: Անոնք «հիներ» էին:

            Սովորութեան վերածեցի հայաշխարհի մէջ խօսուած եւ գրուած  հայերէնները ողողող օտար բառերը արձանագրել: Մազոխական հաճոյք, պիտի ըսեն, ես ալ կ’ըսեմ: Ոսկեղնիկին վրայ որպէս յառաջդիմութիւն եւ արդիականութիւն պատուաստուած Հայկի, Մեսրոպի, Նարեկացիի, Վարուժանի, Մեծարենցի, Տէրեանի, Բակունցի եւ «հարազատ»ներու լեզուէն եօթանասուն պորտ հեռու բառերով այլասերման բառարան կը կազմուի: Այդ որսացած բառերուս թիւը այսօր 1450 է: Այդ թիւը պիտի աճի:

Հայերէնը խաթարող 1450 բիրտ ներխուժողներ:

            Պէտք է խօսիլ հայերէնը ներազգային կեանքի մէջ որպէս հաղորդակցական լեզու գործածելէ հրաժարողներու եւ պարտուածներու մասին, որոնք յաճախ հայելիին առջեւ կանգնածի ինքնագոհութեամբ իրենք զիրենք կը լսեն ինքնահիացումով, թէ ինչպէս տեղացիէն աւելի լաւ կը խօսին տեղացիի լեզուն: Կը հարցնե՞ն, թէ ի՞նչ մնացած է սեփականէ եւ հարազատէ:

            Կը մտածեմ, թէ ի՞նչ կ’ուզենք փրկել, ի՞նչ փրկած ենք նահանջելովանփառունակ անձնատուութեամբ: Միշտ՝ ներսը եւ դուրսը:

            Կ’ունենա՞նք ղեկավարութիւն(ներ), որ ազգային-քաղաքական եւ մշակութային- ինքնութեան ամրացման հեռանկարային մօտեցումով ծրագրեն եւ գործադրեն անխաթար հայերէնի վերազգայնացման ծրագիր, եւ համազգային ծրագիր՝ հայերէնը վերադարձնելու հայուն «աշխարհի չորս ծագերուն», որպէսզի ան ըլլայ այն վայրը՝ ուր «կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ» (յիշե՛լ բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանը):

Հայերէնի վերազգայացման ծրագիրը այսօր չի գտնուիր մեր ժողովուրդի իրաւ առաջնահերթութիւններու ցանկին վրայ, ներսը եւ դուրսը: Եթէ այսօրուան պատկերով շարունակուի հայածնունդներու ընկերամշակութային եւ քաղաքական հոլովոյթը, ապագային պիտի ունենանք ( ՞ ) հայածնունդներու ռուսախօս-ռուսացած, ֆրանսախօս-ֆրանսացած, թրքախօս-թրքացած, անգլիախօս-ամերիկայնացած, արաբախօս-արաբացած, չինախօս-չինացած ծագումով հայերու խմբաւորումներ, որոնք ժամանակ մըն ալ պիտի յիշեն, թէ իրենց պապը եւ տատը հայ էին:

            Այն ատեն, ինչպէս կ’ըսէր հայրենի ներհուն գրող Վիգէն Խեչումեան, «կ’ըլլայ նորի սկիզբ, բայց ոչ նախկինի շարունակութիւն»: Մտածե՛լ Վիգէն Խեչումեանի հետ:

            Ղեկավարութիւն(ներ)ը, համազգային առաջադրանքներու անմիջականութեան ցանկին վրայ տեղ մը արձանագրա՞ծ են հայերէնի վերազգայնացումը եւ նոյն հունով մեր զանգուածներու վերազգայնացումը:

            Սփիւռք(ներ)ը պետութիւն չէ, հետեւաբար ինչ որ կ’ընէ, առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով կը մնայ սիրողական (amateur) մակարդակի վրայ, ենթակայ ըլլալով անհատներու կամ խմբակներու բարիկամեցողութեան: Ոչ ոք ոչինչ կրնայ պարտադրել ոչ ոքի: Բայց այս արգելք չէ, որ ազգային գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուող, ոչ ամբոխավար, անշահախնդիր, իրատես, բառին ամենալայն իմաստով բանիմաց, ազգային պատրաստութեան տէր, հարազատը անհարազատէն ջոկող ղեկավարութիւն մը, ըմբռնումով եւ ծրագրուած գործէ, տոկալու եւ տեւելու հաստատակամութեամբ, եւ չբաւարարուի նահանջը տնտեսելով: Այս ընելու համար, մեր մարդկային կարողութիւնները եւ տնտեսական հնարաւորութիւնները ճիշդ ձեւով պէտք է օգտագործել, ճիշդ մարդը դնելով ճիշդ գործին վրայ, ներդրումները կատարելով նպատակային եղանակով, փոխանակ մսխելու եւ մսխուելու ցուցադրականի մէջ (show), մենք մեզ համոզելով, որ ամենէն գեղեցիկն ենք, ամենահզօրը: Կեանքի իրականութեան չեն դիմանար փուչիկները:

            Հայերէնը պէտք է վերազգայնացնել նախ Հայաստանի մէջ: Ինչպէ՞ս. մամուլէն, հեռատեսիլէն, ձայնասփիւռէն, շուկայէն արտաքսելով բոլոր այն բառերը որոնց հայերէնները ունինք: Եթէ չկան, թող գործի լծուին մեր հայագէտները եւ լեզուաբանները: Գրութիւնները հայացնող խմբագիրներ պէտք է գործեն ամենուրեք: Առեւտրական ցուցանակներէն պէտք է վերցնել բոլոր օտար բառերը: Հսկողութիւնը յանձնելով Լեզուի Պետական Տեսչութեան: Քաղաքական գործիչներէն պէտք է պահանջել, որ իրենց ելոյթներու ընթացքին հրաժարին անհարազատ բառերէ, Լեզուի Պետական Տեսչութիւնը յատուկ բառարան պէտք է տրամադրէ անոնց: Ինչո՞ւ չեն հետեւիր Լեզուի Պետական Տեսչութեան ՅՈՐԴՈՐԱԿներուն:

            Հայերէնի վերազգայնացումը հայկական որակի բարելաւում կ’ըլլայ:

            Սփիւռք(ներ)ը եւս այս ճիգը պէտք է ընէ: Օտար լեզուով խօսուածի եւ գրուածի ընկերացնել հայերէնը, քաղաքական եւ ընկերային բոլոր գործերը պէտք է կատարուին երկլեզուանի դրութեամբ: Երբ գործածուող օտար լեզուին նկատմամբ բծախնդիր կ’ըլլանք, նոյնքան բծախնդիր պիտի ըլլանք հայերէնի համար: Ազգային գիտակցութեամբ եւ քաջութեամբ, պէտք է բուժուիլ հայերէնը աղքատ ազգականի կամ մեծ հայրիկի եւ մեծ մայրիկի լեզու համարելէ, թէեւ այս վերջիններն ալ դադրած են, չկան:  Հայերէն եւ անով գալիք արժէքները չեն փոխանցուիր:

            Եթէ պճեղ մը հաւատարմութիւն ունենանք մեր արմատներուն եւ քիչ մըն ալ քաջութիւն, կը վերականգնենք, կը վերազգայնացնենք, կը բիւրեղացնենք մեր լեզուն, եւ այդ կ’ըլլայ պատուանդան ազգային իրաւ եւ հարազատ վերականգնումի, Հայաստան եւ սփիւռքներ: Փոխանակ թեւաթափ ըլլալու, երբեմն պէտք է ներշնչուիլ յատկանշական օրինակներէ:

            Հրեաները անհող, տարտղնուած համայնքներ էին: Եբրայերէնը սոսկ սինակոկի լեզու էր: 1858ին Լիթուանիա ծնած Էլիեզեր Պէն-Եհուտան իրականացուց անոր վերածնունդը: 1881ին ան եկաւ Պաղեստին: Ծրագիրեբրայերէ՛ն՝ տունը, եբրայերէ՛ն՝ դպրոցը, եւ «բառեր, բառեր, բառեր»…, առօրեայի եւ կեանքի. պուպրիկ, ձուածեղ, թաշկինակ, հեծանիւ…: Լեզուն սինակոկէն պէտք է որ երթար տուները եւ դպրոցները, եւ ան կ’ըլլար կենդանի, կը վերականգնէր:

            Կրնա՞նք համահայկական մեծ ծրագիր մը ունենալ հայերէնի վերականգնումին համար: Հայերէնը չի գտնուիր մոռցուած եբրայերէնի վիճակին մէջ, բայց շատերու համար ան խօսուած-գրուած լեզու չէ, նաեւ ենթակայ եղած է եւ կը շարունակէ ենթակայ ըլլալ խաթարումներու. բառամթերքի, շարահիւսութեան: Դար մը առաջ կատարուած էր 1500 տարի տեւած ուղղագրութեան չարափոխումը, որ փոխեց բառերուն տեսքը եւ օտարացուց նոյն 1500 տարիներու գիր-գրականութիւնը: Նման ծրագիր իրապէս ազգաշէն քաղաքականութիւն կ’ըլլայ, ազգի աւելի քան կէս սփիւռքի իրապէս հայապահպանման եւ Հայաստանի գաղափարական վերականգնման համարորպէսզի մեր տասը կամ տասնըհինգ միլիոնը շարունակութիւն ըլլայՀայրենիք պահելու համար ինքնութիւն պահած եւ անով տեւող ժողովուրդ պէտք է: Այդ ինքնութիւնը հզօր ազդակ է միութեան եւ հայրենատիրութեան, որպէսզի բնակուի Հայաստանի իւրաքանչիւր թիզ հողը:

            Յաջողելու համար յանձնառութիւն պէտք է: Ղեկավարութիւնները, ներսը եւ դուրսը պէտք է որ ըլլան, ըլլային, օրինակելի եւ դրական օրինակ: Այդպէս ե՞ն:

            Վերականգնե՛լ լեզուն՝ մենք մեզ գաղափարականօրէն վերականգնելու համար, որպէսզի նուաճենք մէկութիւն եւ վերականգնենք Հայաստանը:

            Պատշաճեցման ճապկումները եւ կիսամիջոցներով արդարացումները քաղքենիացածներու ջոջական խուսանաւումներ են:

            Երբեմն յիշել Շաւարշ Նարդունին եւ «կատուին կատու ըսել»…

            Եւ պարզութեամբ բանաստեղծին հետ կրկնել՝

Այս օտար աշխարհի ցրտերում
Եկ սիրենք մեր լեզուն ջերմօրէն,
Եկ վառենք ու վառուենք
Հայերէն։

(Խաչիկ Դաշտենց)

            Այս հիմնահարցի մասին խօսիլ ոչ կրկնութիւն է ոչ շատախօսութիւն, այլ ազգային-քաղաքական հետեւողականութիւն: