Մեր ազգին տխուր Ամանորը. Ժագ ­Տա­մա­տեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

­Հա­մայն հա­յու­թիւ­նը ծանր մթնո­լոր­տի մէջ կը պատ­րաս­տո­ւի դի­մա­ւո­րե­լու ­Նոր ­Տա­րին։ Ա­ւե­լի ճիշտ՝ հրա­ժեշտ տա­լու 2020-ին, որ իս­կա­կան վատ տա­րի մըն էր ամ­բողջ աշ­խար­հին հա­մար, մա­նա­ւանդ «COVID-19»-ի պատ­ճա­ռաւ ու յատ­կա­պէս հա­յե­րուն հա­մար։ ­Հա­մա­վա­րա­կը՝ նոյն­պէս բազ­մա­թիւ զո­հեր պատ­ճա­ռեց ­Հա­յաս­տա­նին։ Ա­մա­ռը՝ պայ­թու­մը որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Պէյ­րու­թի մէջ, զգա­լի կո­րուստ­ներ պատ­ճա­ռեց հա­մայն­քին, թէ մարդ­կա­յին թէ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն։ Իսկ ա­մե­նէն ա­ղետա­լին՝ Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մը, որ ա­ւար­տե­ցաւ 9 ­Նո­յեմ­բե­րի ա­մօ­թա­լի հա­մա­ձայ­նու­թեամբ եւ ներ­քին պա­ռակ­տում­ներ պատ­ճա­ռեց հայ ժո­ղո­վուր­դին, կա­րա­վա­րու­թեան ծանր ստո­ւե­րին տակ։ ­Հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը լի է մար­տե­րով, ջար­դե­րով եւ փոր­ձանք­նե­րով։ Ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րուն՝ Ս­պի­տա­կի երկ­րա­շար­ժը կեան­քը խլեց 25-50.000 հայ­րե­նա­կից­նե­րու։ ­Սա­կայն այս պա­տե­րազ­մին ող­բեր­գու­թիւ­նը բազ­մա­տե­սակ է ու բազ­մա­կող­մա­նի։ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի «հպարտ քա­ղա­քա­ցի­ներ»ը ի­րենց «կա­շիին» մէջ ապ­րե­ցան հո­ղե­րուն, տու­նե­րուն ու հա­րա­զատ­նե­րուն ան­դար­մա­նա­լի կո­րուստ­նե­րու վիշ­տը՝ բազ­մա­թիւ նա­հա­տակ­ներ, հաշ­ման­դամ­ներ, վի­րա­ւոր­ներ, գե­րե­վա­րո­ւած­ներ։ Իսկ Ս­փիւռ­քի «հպարտ հա­յու­թիւն»ը, զգաց յա­տուկ հո­գե­բա­նա­կան ցաւ, նաեւ շփո­ւե­լով օ­տար­նե­րու հետ։ ­Հա­կա­ռակ ա­ռա­ջին Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մին, որ լրա­տո­ւու­թիւ­նը խիստ սահ­մա­նա­փակ էր, նաեւ սո­վե­տա­կան մթնո­լոր­տին պատ­ճա­ռաւ, հի­մա ու­ղա­կի կը կա­պո­ւէինք գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, հա­մա­ցան­ցին եւ ­Դի­մա­տետ­րին (facebook) շնոր­հիւ։

­Շու­շիի կո­րուս­տը կար­ծես թէ ամ­բող­ջու­թեամբ կը նե­րառ­նէր այս ող­բեր­գու­թիւ­նը՝ ռազ­մա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ հո­գե­բա­նա­կան գետ­նի վրայ։ ­Մին­չեւ վեր­ջին օ­րը, հա­կա­սա­կան լու­րեր կու գա­յին ճա­կա­տէն, իսկ անկ­ման պայ­ման­նե­րը դեռ չեն լու­սա­բա­նուած։ Օ­տար մա­մու­լին մէջ գրո­ւե­ցաւ շատ վատ պաշտ­պա­նա­կան ծրագ­րու­մի մա­սին։ Իսկ վար­չա­պե­տը խօ­սե­ցաւ «դժբախտ, տժգոյն քա­ղաք»ի հա­մար։

Ան­կեղծ՝ ­Ղա­րա­բա­ղեան շար­ժու­մէն ա­ռաջ, սփիւռ­քա­հա­յերս շատ քիչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նէինք Ար­ցա­խի մա­սին։ ­Սա­կայն, տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին սի­րե­ցինք ու այ­ցե­լե­ցինք զայն։ Ու­նե­նա­լով բախ­տը (կամ ան­բախ­տու­թիւ­նը) տես­նել ­Շու­շին, կա­րե­լի էր նկա­տել գու­նա­զարդ քա­ղաք մը, շքեղ բնու­թեամբ, իւ­րա­յա­տուկ վայ­րե­րով ու մշա­կոյ­թով, ո­րուն ա­զա­տագ­րու­մը 1992-ի ­Մա­յի­սին դար­ձած էր խորհր­դան­շա­կան նոր սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։ Այս էր մեր իս­կա­կան «նոր ­Սար­դա­րա­պա­տը» եւ ո՛չ­ այն ինչ կը քա­րո­զէր քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հան­գիստ սրտով, լայն ժպիտ­նե­րով ու եւ­րո­պա­կան սուրճ խմե­լով խրա­մատ­նե­րուն։

Իս­կա­պէս «մե­զի պէ՞տք էր» այդ­պի­սի «էւ­ֆո­րիայ»ի մթնո­լոր­տի ներշնչում, երբ որ ա­ռա­ջին օ­րե­րէն յայտ­նի էր որ թշնա­մին ա­ւե­լի ու­ժեղ էր, մար­դու­ժով, զէն­քով եւ նիւ­թա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով: Ան­շուշտ, գո­յու­թիւն ու­նի հո­գե­բա­նա­կան պա­տե­րազմն ալ եւ ժո­ղո­վուր­դին ո­գե­ւո­րե­լու կա­րի­քը։ ­Բայց տար­բեր տե­սա­կի քա­րոզ­չու­թեամբ, ա­ւե­լի դիւ­րին պի­տի ըլ­լար հա­մո­զել հա­սա­րա­կու­թիւնը, հա­մա­ձայ­նու­թեան մը անհ­րա­ժեշ­տու­թեան հա­մար, փոխ­զի­ջում­նե­րու հի­ման վրայ։

­Մինչ­դեռ Պ.Ն. խոս­նա­կը ճե­պազ­րոյց­նե­րուն կը բա­ցա­գան­չէր «յաղ­թե­լու ենք», մե­զի կրկնա­կի «տե­ղե­կաց­նե­լով», որ հա­յոց բա­նա­կը կը հսկէ ի­րա­վի­ճա­կը, «թաք­տի­կա­կան» նա­հանջ­նե­րով, օ­տար մա­մու­լին մէջ կը գրո­ւէր, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան զոր­քե­րը կը յա­ռա­ջա­նան, իսկ՝ ­Հա­յաս­տա­նը դի­ւա­նա­գի­տա­կան տե­սա­կէ­տով մէ­կու­սա­ցո­ւած է։ ­Պատ­ճա՞­ռը. բա­ցի ակն­յայտ մի­ջազ­գա­յին տնտե­սա­կան շա­հե­րէն, ­Ռու­սիոյ դժգո­հու­թիւ­նը ­Թաւ­շեայ յե­ղա­փո­խու­թեան ա­րեւմ­տա­մէտ քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն։

Իսկ 19 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, երբ որ ո­սո­խը, մեր 18-20 ա­մեայ ռազ­միկ­նե­րու հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թեան շնոր­հիւ, գրա­ւած էր միայն ա­նի­մաստ դիր­քեր, հայ­կա­կան կող­մը մեր­ժեց ռու­սա­կան միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­ջա­կը պա­տե­րազ­մին դադ­րեց­ման հա­մար։ Փր­կու­թեան ակն­կա­լիք կար Ա­րեւ­մուտ­քէ՞ն։ Եւ­րո­պա­կան օգ­նու­թիւ­նը կը սպա­սենք ­Կի­լի­կիոյ ­Թա­գա­ւո­րու­թեան տա­րի­նե­րէն։

­Պատ­մու­թեան ու քա­ղա­քա­կան դա­սեր կա­րե­լի է քա­ղել նաեւ ա­ւե­լի հին ժա­մա­նակ­նե­րէն։ ­Մեծն ­Տիգ­րանն ան­գամ, «ծո­վից ծով» ­Հա­յաս­տա­նի ստեղ­ծո­ղը, երբ որ ­Փոմ­պէո­սի հսկայ հռո­մէա­կան բա­նա­կը ներ­խու­ժեց իր կայս­րու­թեան հո­ղե­րուն, չա­փե­լով ու­ժե­րը, նա­խընտ­րեց զի­ջում­նե­րով հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը՝ քան թէ կոր­ծա­նա­րար պա­տե­րազմ մը։

­Հե­տա­զօ­տե­լով այ­լազ­գի քա­ղա­քա­գէտ­նե­րու տե­սա­կետ­նե­րը՝ Ար­ցա­խը զոհ գնաց աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան շա­հե­րու եւ ­Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան այ­լընտ­րանք­նե­րուն։ Ըստ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լին՝ կա­տա­րո­ւե­ցան լուրջ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան սխալ­ներ, իսկ յայտ­նի է, որ չգոր­ծադ­րո­ւե­ցան բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ողջ զի­նու­ժը, մար­դու­ժը եւ զի­նա­տե­սա­կը։ Անդ­րա­դառ­նա­լով տար­բեր մօ­տե­ցում­նե­րու, կը մնայ տպա­ւո­րու­թիւ­նը, որ ե­թէ ան­գամ ան­խու­սա­փե­լի էր պա­տե­րազ­մը, անհ­նար չէր դադ­րե­ցու­մը զգա­լի սա­կա­ւա­թիւ կո­րուստ­նե­րով, թէ՛ հո­ղա­յին թէ՛ մարդ­կա­յին, վիշտն ու վէր­քերն ալ՝ ա­ւե­լի թե­թեւ։

Իս­կա­պէս՝ «մե­զի պէ՞տք էր այդ­պի­սի դժբախտ, տժգոյն» Ա­մա­նոր։