Պճեղ Մը Պատմութիւն՝ Իրաւունքի, Ճշմարտութեան Եւ Գալիքի Լոյսին Տակ. Յ. Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ռուսիան, Ֆրանսան, Անգլիան, Ամերիկաները, արաբական աշխարհը, Չինաստանը, Հնդկաստանը եւ միւսները, որքա՜ն լաւ կ’ընեն, եթէ պահ մը կանգ առնեն, դատարկաբանութիւններով եւ կրպակավաճառի մանրուքներով չզբաղին, եւ կարդան ռուս բանաստեղծ Վալերի Բրիւսովի հետեւեալ տողերը, ըսուած 1917-ին. «Թուրքերը շարունակեցին իրենց հին քաղաքականութիւնը: Կանգ պիտի չառնէին այդ զանգուածային ամենէն քստմնելի ջարդերը գործելէ, որոնց նոյնիսկ  Լենկ Թիմուր պիտի չհամարձակէր ձեռնարկել»:

Թուրքերը շարունակեցին իրենց հին քաղաքականութիւնը, կ’ըսէ Վալերի Բրիւսով, այսօր պարկեշտ մտաւորականը եւ քաղաքական գործիչը, բոլոր միջօրէականներու եւ զուգահեռականներու տակ, քաջութիւնը եւ պարկեշտութիւնը ունի՞ն, կ’ունենա՞ն, ձայնակցելու բանաստեղծի բողոքին:

Պէտք է կարդան Վալերի Բրիւսովի խօսքը, զէնք վաճառելէ առաջ ցեղասպաններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիր գործածներու եւ գործողներու:

            Վստահ եմ, որ Եւրոպան, Ամերիկան, Ռուսիան, Չինաստանը, Արաբական աշխարհը, նոյնինքն Թուրքիան եւ հնարուած Ազրպէյճանը, մեզմէ լաւ գիտեն Հայաստանի պատմութիւնը: Բայց այլ հարց է, թէ ինչպէ՞ս եւ օրինականութեան ո՞ր ճապկումներով կ’արդարացնեն, օրինակ, Հայաստանի մայրաքաղաք Անիի, հոգ չէ թէ այսօր աւերակ, Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուելու պարագան: Անին հայկական մեծ քաղաք էր, երբ շրջանին մէջ ոչ օսմանեան կայսրութիւն, ոչ Թուրքիա եւ ոչ ալ  Ազրպէյճան գոյութիւն ունէին: Հոն Բագրատունի հայ թագաւոր կար:

            Հարցում. այսօր ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կրնայ արդարացնել, որ Անի ոստանը, փոյթ չէ թէ աւերակ, գտնուի Թուրքիոյ սահմաններէն ներս: Ամեակներու եւ տիրութեան տրամաբանութիւն մը կա՞յ: Այդ կը տեսնե՞ն Մ.Ա.Կ.-ը, Ամերիկան, Եւրոպան, արաբական աշխարհը, Չինաստանը, Հնդկաստանը, եւ միւսները:

Այս քաղաքական խնդիր չէ. արդարութեան եւ ճշմարտութեան հարց է՝ համայն քաղաքակիրթ աշխարհին համար, եթէ քաղաքակիրթը շպար չէ, ջնարակ չէ:

            Պատմութեան վկայութիւնը պարզ է. եկուոր ցեղերու ներխուժումով, բնիկներու իրաւազրկման եւ հայկական հայրենիքի բռնագրաւուած տարածքներու վրայ եկուորները կերտեցին պետութիւն, ուրիշէն բռնագրաւուած-յափշտակուած-գողցուած հողերը սեփականացուցին եւ ըսին՝ հայրենիք: Անին օրինակ է: Միակը չէ:

            Օսմանեան կայսրութեան յաջորդութիւնը աղաղակող ժամանակակից Թուրքիոյ ղեկավարները գիտեն, որ իրենց երկիրը, մեծ մասով, զինու զօութեամբ, աւերումով եւ ցեղասպանութեամբ, հայկական բռնագրաւուած-իւրացուած հողերու եւ հայ ժողովուրդի տնտեսական-արտադրական-խնայողական հարստութեան վրայ ստեղծուած է:

Հայկական բռնագրաւուած հողերու վրայ Թուրքիան պատմական, իրաւական եւ բարոյական սեփականատիրութեան ոչ մէկ իրաւունք ունի: Ներխուժողի իրաւունք շնորհած է ինքնիրեն եւ ուրիշներ ալ, շահակցութեամբ կամ վատութեամբ, ճանչցած են այդ իրաւունքը, դաւադիր եւ աւազակային դաշնագրերով: Այլեւս գաղտնիք չէ, քաղաղաքագէտի վերլուծում չէ: Թուրքիան միշտ ունեցած է համաթուրանականութեան կայսերական մեծ երազը, այսօր Էրտողան այդ կ’արտայայտէ բանիւ եւ գործով:

            Կրկնութիւն պիտի ըլլայ ըսել, որ իր քաղաքական, կրօնական, մշակութային եւ ազգային տարբերութիւններով, Հայաստանը այդ մեծ երազի ճամբուն վրայ խոչնդոտ է: Այս կ’ըսէին հայերը, հիմա կ’ըսեն արեւմուտքի մտաւորականները: Յանձնառու մտաւորական եւ իմաստասէր Միշէլ Օնֆրէ հեռուէն չդիտեց կացութիւնը, գնաց Հայաստան եւ Արցախ: Կը խօսի քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու առճակատման մասին, որուն առաջին գիծին վրայ կը գտնուին հայերը, Հայաստանը եւ Արցախը: Թուրքիան չի թաքցներ իր միտումը. 1915ին ձեռնարկուած հայոց եւ Հայաստանի բնաջնջումը հասցնել աւարտի:

Ամբողջ Հայաստանը յանգեցնել Անիի վիճակին:

            Այսօր Ռեչէփ Էրտողանի քաղաքական ընդունելիութեան վարքագիծը կարելի է ամփոփել հետեւեալ ձեւով. Հայաստանի իշխանութիւննեը պէտք է որ ձերբազատուին սփիւռքի ճնշումէն: Բայց Էրտողան պէտք է բացատրէ ինքնիրեն եւ աշխարհին, թէ ինչո՞ւ կայ հայկական սփիւռք: Ուսումնասիրա՞ծ է իւրաքանչիւր սփիւռքահայու կենսագրութիւնը: Ինչպէ՞ս պատահած է, որ Մարսիլիայի, Պոսթընի, Սաօ Փաոլոյի հայերը հասած են այդ քաղաքները: Ինչո՞ւ հայկական բազմամարդ համայնքներ կան Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան, Եգիպտոս: Ո՞ւր են այդ հայերու պապերու գերեզմանները: Ինչո՞ւ անոնք զրկուած են իրենց պապերու կողքին թաղուելու իրաւունքէն:

            Ամէն անգամ որ ֆրանսական գերեզմանատուն մը կ’այցելեմ, կը տեսնեմ գրողներու, արուեստագէտներու դամբաններ, որոնց տապանաքարերը անցեալ կը պատմեն, ինքնութեան գիրք են: Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ հայրենահանուած սերունդները իրենց նախնիներու գերեզմանները չունին որպէս ինքնութեան յիշատակարան, իսկ ազգային ոգեկանութեան էութիւնը կազմող մտաւորականներ անապատին մէջ ջարդուած են եւ տապանաքար մը չունին:

Թուրքիոյ նախագահը կը խօսի հաշտարար նահապետի պէս: Իր խօսքը կը մէջբերեմ հայաստանեան մամուլէն. «Հայաստանից սպասում ենք վճռական քայլեր: Ցանկանում ենք, որպէսզի հայերն ազատուեն սփիւռքի ճնշումից, թշնամութեան փոխարէն ցուցաբերեն բարիդրացիական հարաբերութիւններ: Եթէ հայ ժողովուրդը եզրակացութիւններ անի Ղարաբաղում տեղի ունեցածից, դա կը յանգեցնի տարածաշրջանում նոր ժամանակաշրջանի»Եւ՝ «Մենք տարածաշրջանում խաղաղութեան կողմնակից ենք, պատրաստ ենք բացել դռները Հայաստանի համար։ Մենք հայ ժողովրդի հետ խնդիր չունենք: Բոլոր խնդիրները Հայաստանի ղեկավարութեան հետ են»:

            Հարկ է հետեւիլ տրամաբանութեան միտքին եւ ընթացքին:

            Ի՞նչ բան է սփիւռքի ճնշումը. անհանգստացնող ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ հետզհետէ կը դառնայ միջազգային բարոյականութեան պահանջ, ստուեր՝ շրջանային եւ միջազգային վարկ եւ հզօրութիւն դառնալու Թուրքիոյ փառասիրութեան վրայ, որ օր մը կրնայ յանգիլ իրաւունքի վերականգնումի, այսինքն՝ սահմանային սրբագրութեան: Հայաստան պէտք է բաժնուի սփիւռքէն, որպէսզի կրճատուի ազգի տասը միլիոնը, մնացեալ երեք միլիոնն ալ գոյատեւելու համար ապաւինի բարի դրացիական յարաբերութիւններու:

            Ի՞նչ եզրակացութիւներ պիտի հանէ հայ ժողովուրդը Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածէն, եթէ հետեւինք Էրտողանի վարժապետական դասին. թրքական հզօրութեան գերակայութեան սպառնալիքը. մահ եւ նոր գրաւումներ: Այս պայմաններով է որ Թուրքիան խաղաղութեան կողմնակից է, այսինքն, ինչպէս սուլթաններու օրով, ենթակայութիւն, առանց ցանկութիւններու: Եւ կը բացուին դռները, հայերը կրնան երթալ եւ գալ, առեւտուր ընել, հրաժարելով իրենց իրաւունքներէն, որոնք վառ կը մնան սփիւռքի մէջ, այդպէս վառ են նաեւ Հայաստանի իրաւ ղեկավարութեան մէջ, եւ Թուրքիան խնդիրներ ունի անոր հետ:

            Էրտողանի նահապետական առաջարկը նոր գաղութարարական ծրագիր մըն է, որ հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը կը ձուլէ համաթրքական-համաթուրանական-օսմանեան մեծ կայսրութեան մէջ, որպէս աննշան ներկայութիւն՝ անինքնութիւն ըլլալու դատապարտուած:

            Կովկասի փոքրիկ տարածաշրջանին մէջ ընթացող այս աշխարհակալական խաղը նախանշանն է խմորուող քաղաքակրթութիւններու, մշակոյթներու եւ կրօններու բախման, որ պիտի յանգի մեծ պատերազմի, եթէ քաղաքակիրթ աշխարհը, որ կը հաւատայ, կամ կ’ըսէ որ կը հաւատայ, չանդրառանայ սպառնալիքին, չհակազդէ, չկանխէ, ապա թէ ոչ համայն մարդկութիւնը շատ սուղ գին կը վճարէ:

            Այսօր Ռեչէփ Էրտողան հետեւողականօրէն կ’ընթանայ դէպի համաթուրնական կայսրութիւնը, Ատլանտեանէն մինչեւ Չինաստան, ինչպէս ըսուած է բազմիցս, Եգէականէն մինչեւ Չինաստանի Մեծ Պարիսպը:

            Քանի՞ սերունդ ետք բնական կրնայ դառնալ, որ Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարն ալ արժանանայ Սուրբ Սոֆիայի կամ Խորայի Ս. Փրկիչի ճակատագրին, երբ մոռցուած կ’ըլլայ մեր փոքրիկ Արցախի հայկական Դատիվանքը, որ կառուցուած էր այն հին ժամանակներուն, այն ծառախիտ լեռներուն վրայ, երբ ոչ ազերիներ եւ ոչ ալ թուրքեր կային հոն:

Կրնա՞յ ըլլալ այնպէս, որ Հռոմի Ս. Պետրոսը կամ Փարիզի Նոթր Տամը

            Սովորական քաղաքական իմաստութիւն է ըսել՝ կառավարել նախատեսել է:

Ե՞րբ Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան կարգախօսներուն պիտի ընկերացնենք, ընկերացնեն, ժողովուրդներու ինքնութեան իրաւունքի պաշտպանութեան կարգախօսը, որպէսզի վերջ գտնեն աշխարհակալական, կայսերական եւ բիրտ ու անբարոյ ուժի գործածութեան փորձութիւնները:

            Այս պէտք է ըլլայ, ըլլար, մարդկայութեան (հիւմանիզմ) եւ քաղաքակրթութեան առաքինութիւնը (միշտ հռոմէական իմաստով՝ հոգիի ուժ):