Խծաբերդի Ուղղութեամբ Այս Օրերուն Անհետ Կորսուած է Շուրջ 60 Զինծառայողէ Բաղկացած Ստորաբաժանում Մը․ ԱՀ ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայ նոր ռազմագերիներուն վերաբերեալ տեղեկութեան շուրջ կապ հաստատած եմ շարք մը մարմիններու եւ այնտեղ գտնուող որոշ զինծառայողներու հետ: Այս մասին գրած է ԱՀ ՄԻՊ Արտակ Բեգլարեան։

«Ըստ իմ հաւաքագրած նախնական տուեալներուն՝ Հադրութի շրջանի Խծաբերդ գիւղին ուղղութեամբ, այս օրերուն, անհետ կորսուած է շուրջ 60 զինծառայողէ բաղկացած ստորաբաժանում մը, մեծ հաւանականութեամբ որ կ՝երեւի ազրպէյճանական կողմին հրապարակած տեսանիւթին մէջ:

Բացարձակ անընդունելի է այս միջադէպը, որ պէտք է արագօրէն ու խստօրէն քննուի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ՝ պարզելու համար բոլոր հանգամանքներն ու մեղաւորներու շրջանակը: ԱՀ եւ ՀՀ բոլոր լիազօր մարմինները պարտաւոր են անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու մեր բոլոր ռազմագերիները րոպէ առաջ տուն վերադարձնելու ուղղութեամբ:

Բացի այդ, անհրաժեշտ է յստակ տեղեկութիւններ տրամադրել ռազմագերիներու հարազատներուն եւ վարել հնարաւորինս թափանցիկ հանրային հաղորդակցութիւն՝ խուսափելու համար ապատեղեկատւութիւններէ ու աւելորդ լարուածութիւններէ»,- գրած է ան: