Հալէպի եւ Լաթաքիոյ Միջազգային Օդակայանները Պիտի Սկսին Գործել

Աշխարհ

Սուրիոյ Նախարարներու խորհուրդը որոշեց բանեցնել Հալէպի եւ Լաթաքիոյ միջազգային օդակայանները, զուգահեռաբար Գամիշլիի միջազգային օդակայանին, յառաջիկայ Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2020-էն մինչեւ Կիրակի, 10 Յունուար 2021։ Այս միջոցին, ըստ «Գանձասար»-ի, օրական տեղի պիտի ունենայ
չորս թռիչք։