Երեքշաբթի Ժամը 12։00-էն Սկսեալ Գործադուլ, Դասադուլ Եւ Բողոքի Զանգուածային Ցոյցեր (տեսանիւթ)

Հայաստան

Երեքշաբթի՝ Դեկտեմբեր 22-ին, ժամը 12։00-էն սկսեալ, ամբողջ Հայաստանի տարածքին յայտարարուեցաւ գործադուլ, դասադուլ եւ անհնազանդութեան զանգուածային բողոքի ցոյցեր։ Այս մասին կը յայտնէ Yerkir.am-ը։

«Ժամը 12։00-ին կը հաւաքուինք Հանրապետութեան հրապարակ եւ կը շրջապատենք կառավարութեան շէնքը․ ամբողջ երկիրը պէտք է անդամալուծուի, որպէսզի այս խեղկատակը հեռանայ։ Երեքշաբթին կը յայտարարենք մեր պայքարի ամենավճռական օրը»,- յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան՝ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով «Արժանապատւութեան երթ»ին ժամանակ, որ այս անգամ կանգ առավ ուժային կառոյցներու շէնքերու առջեւ եւ նամակ փոխանցեց։

Մինչեւ Երեքշաբթի երթերն ու ցոյցերը պիտի շարունակուին։ Վաղուան երթը Հալաբեան փողոցէն՝ ԹՈւՄՈ-ի այգիին մօտէն, պիտի հասնի դէպի Կեդրոն։