Նկարելով Հայաստանի Համար. Մարդասիրական Ցուցահանդէս Յունաստանի Մէջ
«Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի եւ գեղանկարիչ Գագիկ Ալթունեանի համագործակցութեամբ՝ տեղի կ՚ունենայ մարդասիրական ցուցահանդէս նուիրուած Հայաստանին եւ Արցախին՝ 30 Հոկտեմբերէն մինչեւ 13 Նոյեմբեր 2020, «Το Γκαλλεράκι» ցուցասրահին մէջ, Քիֆիսիաս 207, Մարուսի, հեռ. 210 6144430 — 210 8025332, email: unioncer@gmail.com
Արուեստագէտ Գագիկ Ալթունեանի գործերը պիտի վաճառուին իրենց արժէքի 50% նուազ գինով, որոնք կարելի է ապահովել ցոյց տալով ձեր վճարման ստացագիրը Հիմնադրամի դրամատան հաշիւին մէջ համապատասխան գումարով։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։
Hayastan All-Armenian Fund Greece:
Bank Name: ΤΡΑΠΕΖΑ ΠΕΙΡΑΙΩΣ
Bank Acc.: 5195-050350-189
IBAN: GR 410172195000 — 5195-050350-189
Կը խնդրենք փոխանցման
ժամանակ նշել •փոխանցողի անուն/ազգանունը
•նուիրատուութեան նպատակը անգլերէնով
We Are Our Borders; All for Artsakh
Ցուցահանդէսի գործերու վաճառքի հասոյթը
պիտի օժանդակէ Արցախի բանակի կարիքները:
Բոլորիս միասնական գործակցութեամբ
պիտի ապահովենք Արցախի խաղաղութիւնը:
«Յաղթելու ենք»