Մէկ Օրուան Մէջ Հայաստան Վերադարձած է Թուրքիա Բնակող 142 ՀՀ Քաղաքացի

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստան վերադարձած է Թուրքիա բնակող 142 ՀՀ քաղաքացի։ Այս մասին
Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է պոլսահայ «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Եդվարդ Տանձիկեան՝ անդրադառնալով հայերուն ուղղուած ատելութեան խօսքով այդ երկրին մէջ բնակող հայերը թիրախաւորելու նիւթերուն։

Ակնարկելով մասնաւորապէս Արցախի դէմ թուրք-ազրպէյճանական յարձակման հետեւանքով սրուած թրքական իշխանութիւններու եւ գաղափարակից շրջանակներու ատելութեան խօսք քարոզող հռետորաբանութեան՝ Տանձիկեան նշած է, որ Հոկտեմբեր 28-ին Թուրքիա բնակող 142 ՀՀ քաղաքացի մեկնած է Հայաստան։

«Գիտեմ, որ քիչ մարդոց պիտի հետաքրքրէ։ Կը կորսնցնենք։ Բոլորս միասին կը կորսնցնենք։ Կը խաբուինք»,- գրած է ան։