McDonald’s-ն ու Burger King-ը Հեռացուցած են Ղարաբաղի Մէջ Ազրպէյճանի Գործողութիւններուն Աջակցութեան Հրապարակումները

Աշխարհ

McDonald’s-ի եւ Burger King-ի ազրպէյճանական մասնաճիւղերը, որոնք աջակցած էին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններուն, Instagram-ի եւ Ֆէյսպուքի հրապարակումները հեռացուցած են:

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ Burger King-ը երկու հրապարակում տեղադրած էր Facebook-ի եւ Instagram-ի մէջ: Մասնաւորապէս` առաջինին մէջ նշուած էր, որ մինչ յաղթանակը «հաշուած օրեր մնացած են»․ «Մենք ուժեղ ենք միասին: Յաղթանակը քո՛ւկդ է, ազրպէյճանցի զինուոր»: Ֆասթֆուտը երկրորդ ցանցին մէջ յայտարարած էր, որ կը հպարտանայ բանակով: Հրապարակումէն կարճ ժամանակ անց Burger King-ի Instagram էջը անհասանելի դարձած էր:

«Թող մեր դրօշը ծածանի Ազրպէյճանի բոլոր հայրենի հողերուն վրայ»,- ըսուած էր Instagram-ի մէջ McDonald’s-ի հրապարակման մէջ:

Նշենք` տեղադրուած լուսանկարին մէջ պատկերուած էր Ղարաբաղի տեսարանի ֆոնին ազրպէյճանական դրօշը: Լուսանկարի ներքեւի հատուածին վրայ կար «Ղարաբաղը Ազրպէյճան է» գրութիւնը: